Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» Տալաս – Օրլանտօ` 108-85

November 5, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

«Էն. Պի. Էյ.»-ի մրցումները շարունակուեցան երէկ, եւ Տալաս Մեւրիքս իր «Ամերիքըն Էրլայնզ Սենթըր»-ին մէջ (Թեքսաս) կրցաւ հանգիստ յաղթանակ մը տանիլ Օրլանտօ Մեճիքի դէմ` 108-85 արդիւնքով:

Լուքա Տոնչիչ 32 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 7 էսիսթ ձեռք ձգեց, մինչ Տանիէլ Կաֆորտ այս տարեշրջանի իր առաւելագոյն կէտերը ձեռք ձգեց` նշանակելով 18 կէտեր:

Արեւմտեան շրջանի ախոյեան Տալաս Բ. մասին 30-9 արդիւնքով յառաջացաւ առաջին 9 վայրկեաններուն եւ մինչեւ կիսախաղ 65-40 արդիւնքով կը յաղթէր: Պահ մը տարբերութիւնը 33 կէտի ալ հասաւ:

Օրլանտօ, որ իր երկրորդ մրցումը կը կատարէր առանց վիրաւոր Փաուլօ Պանչերոյի, չկրցաւ պատասխան տալ Տալասի կողովներուն:

Աւելի՛ն, Ուենտէլ Քարթըր իր կարգին ոտքը ցաւցնելով չկրցաւ մասնակցիլ մրցումի Բ. կիսախաղին:

Գերմանացի Ֆրանց Վակնըր 13 կէտ նշանակեց ի նպաստ Օրլանտոյի, որ իր կէտերու միջին հաշիւէն (111,7) շատ պակաս կրցաւ նշանակել:

Քայրի Ըրվինկ 17 կէտ եւ Տերեք Լայվլի 11 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեցին ի նպաստ Տալասի, որ 4-րդ յաղթանակը արձանագրեց 6 մրցումներու ընթացքին:

Տիթրոյիթ Փիսթընզ 106-92 արդիւնքով կրցաւ յաղթել Պրուքլին Նեթցի` այս վերջինիս դաշտին վրայ: Ճէյլըն Տիւրըն 13 կէտ եւ 17 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Տիթրոյիթի, մինչ Քամերոն Ճոնսըն 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Պրուքլինի:

Աթլանթա Հոքս 126-111 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Նիւ Օրլինզ Փելիքընզը` այս վերջինիս դաշտին վրայ:

Ճէյլըն Ճոնսըն 29 կէտ, 9 ռիպաունտ եւ 8 էսիսթ կատարեց ի նպաստ Աթլանթայի, մինչ Պրենտըն Ինկրամ 32 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Փելիքընզի:

 

 

 

Նախորդը

«Դրօշակ»-ի Առաջնորդող. Քաղաքական Գալիքը Չի՞ Ուշանալու

Յաջորդը

Սփերձեան Գեղեցիկ Կոլ Մը Նշանակեց

RelatedPosts

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք.  ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ,  Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին
Մարզական

Գ. Դասակարգի Վիճակաձգութիւններէն Ետք. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ Ա. Խմբակին Մաս Պիտի Կազմէ, Իսկ ՀՄԸՄ Պէյրութ` Բ. Խմբակին

October 28, 2026
Վարդան Մինասեան  Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն
Մարզական

Վարդան Մինասեան Պիտի Գլխաւորէ Նըժմէն

October 28, 2026
Ըմբշամարտ.  Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք
Մարզական

Ըմբշամարտ. Ասլանեան Աշխարհի Ախոյեան` Ազրպէյճանի Մրցակիցին Յաղթելէ Ետք

October 28, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.