Ռուսիոյ ֆութպոլի ախոյեանութեան բարձրագոյն դասակարգի 14-րդ հանգրուանի մրցումներուն, Կրասնոտար իր դաշտին վրայ 4-0 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Օրենպուրկը:
Քեւին Լենինի 38-րդ վայրկեանին նշանակեց Կրասնոտարի եւ մրցումին առաջին կոլը: Ճիշդ է, որ Օրենպուրկ վերջին դիրքը կը գրաւէ (16-րդ), սակայն պէտք է ըսել, որ առաջին կիսախաղին աւելի առիթներ ստեղծեց, քան Կրասնոտարը:
19 տարեկան Տանիլա Քոզլով, որ 69-րդ վայրկեանին դաշտ ներկայացած էր, 73-րդ վայրկեանին նշանակեց Կրասնոտարի 2-րդ կոլը: Էտուարտ Սփերձեան, որ շատ լաւ մրցում կ՛ունենար, 79-րդ վայրկեանին սքանչելի ազատ հարուածով մը նշանակեց Կրասնոտարի 3-րդ կոլը, որմէ 9 վայրկեան ետք Ճոն Քորտոպա փակեց մրցումին հաշիւը (4-0):
Այս յաղթանակը Կրասնոտարի յաջորդական 11-րդ յաղթանակն էր, եւ ան 3 կէտի առաւելութիւնը պահեց Զենիթի վրայ: Զենիթ 2-1 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Տինամօ Մախաչքալան:
31 կէտով 3-րդ դիրքը կը գրաւէ Լոքոմոթիւ Մոսկուա, որ 1-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ռուպին Քազանը (7-րդ): Էտկար Սեւիկեան 57-րդ վայրկեանին խաղցաւ եւ բաւական լաւ էր աջ ծայրի յառաջապահ դիրքի վրայ, մինչ ձախ յառաջապահ Նայիր Թիքնիզեան իր կարգին լաւ ելոյթ ունեցաւ: