ՖԻՖԱ-ն քանի մը օր առաջ հրապարակեց յառաջիկայ ամրան տեղի ունենալիք ակումբներու բարեփոխուած մոնտիալի առաջին հովանաւորի անունը:
ՖԻՖԱ-ն վերջերս մտահոգ էր, թէ հովանաւորող ընկերութիւններ տակաւին առաջարկ չեն ներկայացուցած սոյն մրցաշարքին համար, որ տեղի պիտի ունենայ 15 յունիսէն 13 յուլիս ժամանակամիջոցին` Միացեալ Նահանգներու մէջ, մասնակցութեամբ 32 ակումբներու:
Չինական «Հայսենս» ընկերութիւնը եղաւ առաջին հովանաւորը, որ պիտի ըլլայ ՎԱՐ-ի սենեակի, ինչպէս նաեւ դաշտին կեդրոնը գտնուող պաստառին պատասխանատուն, ինչպէս նաեւ դաշտին մեծ պաստառներու սփռող ընկերութիւնը:
ՖԻՖԱ-ի կազմակերպած մրցաշարքերուն բնաւ հովանաւոր չէր եղած տակաւին 2018-ի մոնտիալէն (Ռուսիոյ մէջ) սկսեալ ՎԱՐ-ի դրութիւնը սկսելէն ի վեր: «Հայսենս» պաշտօնապէս ՎԱՐ-ի պաստառը տրամադրող ընկերութիւնն էր այս տարուան Եուրօ 2024-ին Գերմանիոյ մէջ, անշուշտ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպութեամբ:
Մօտ 7 ամիսներ ետք տեղի ունենալիք ակումբներու մոնտիալի բացումէն առաջ տակաւին մէկ հովանաւոր ընկերութիւն կայ, մրցաշարքի մը, ուր Լիոնել Մեսսիի Ինթեր Մայեմին պիտի հիւրընկալէ բացման առաջին մրցումը` ներկայութեամբ Ռէալ Մատրիտի, Մանչեսթըր Սիթիի եւ Պայերն Միւնիխի նման ակումբներու:
ՖԻՖԱ նախապէս միջազգային սփռումի համար համաձայնութիւն կը փորձէր ձեւացնել «Ափըլ Փլաս»-ի հետ, որ սակայն կասեցուց բանակցութիւնները, մանաւանդ որ ամերիկեան ընկերութիւնը աւելի կեդրոնացած է 2026-ի մոնտիալի համաձայնութեան վրայ: Նշենք, որ 2026-ի մոնտիալը տեղի պիտի ունենայ Միացեալ Նահանգներու, Քանատայի եւ Մեքսիքոյի մէջ միասնաբար:
Սէուտական Արաբիայէն հովանաւորներ հաւանաբար մօտ օրէն ստորագրեն` օգնելու ՖԻՖԱ-ի նախագահ Ճիաննի Ինֆանթինոյին, որ իր խոստումները յարգէ ակումբներուն: Կը սպասուի, որ մրցանակներու գումարը հասնի հարիւր միլիոնաւոր տոլարներու, ամէն 4 տարին անգամ մը: ՖԻՖԱ-ն 11 դեկտեմբերին հաւանաբար հաստատէ 2034-ի մոնտիալի հիւրընկալ Սէուտական Արաբիան:
Ինֆանթինօ չհաստատեց «Հայսենս»-ի հետ հովանաւորութեան նիւթական թիւերը, որոնց գծով պայմանագրութիւն ստորագրուեցաւ Շանկհայի մէջ:
Իրաւարարներու որոշումներուն կրկնութիւնները` կոլերու, փենալթիներու, ինչպէս նաեւ կարմիր քարտերու գծով, կրնան երկարիլ մինչեւ 2 վայրկեան, հակառակ անոր որ ՖԻՖԱ 2016-ին կը կարծէր, թէ 10 երկվայրկեանէն կրնայ լուծուիլ ամէն բան:
«Հայսենս» 2018-ին արդէն ՖԻՖԱ-ի հետ ստորագրած էր պայմանագրութիւն մը եւ հովանաւորած էր նաեւ 2022-ին Քաթարի մէջ:
Պատկերասփիւռի եւ գիրկի համակարգիչի (լեփթոփ) ընկերութիւնը 2016-ին ալ Եուրոյին առաջին անգամ ըլլալով հովանաւորած էր մրցաշարքը, երբ Ինֆանթինօ «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի ընդհանուր քարտուղարն էր:
Եւրոպայէն 12 ակումբներ պիտի մասնակցին ակումբներու մոնտիալին, որուն կը մասնակցին ցամաքամասերու ախոյեանները, ինչպէս նաեւ 2020-էն 2024 լաւագոյն արդիւնքները ձեռք ձգող խումբերը:
Երկիրներ երկու ներկայացուցիչներ պիտի ունենան, անշուշտ եթէ 3-րդ խումբ մըն ալ այդ ժամանակաշրջանին տիտղոս չէ շահած: Այս օրէնքէն դուրս իրենց մասնակցութիւնը պիտի չբերեն Լիվըրփուլ, Ռետ Պուլ Լայփցիկ եւ Պարսելոնա, որոնք «Չեմփիընզ լիկ»-ի լաւագոյն 12 խումբերուն մաս չեն կազմեր:
Հիւրընկալ երկրի ներկայացուցիչի իրաւունքը անակնկալօրէն այս ամիս որոշուեցաւ տալ Ինթեր Մայեմիի, բնական ախոյեանութեան ելոյթին համար, առանց սպասելու «Էմ. Էլ. Էս.»-ի աւարտականին, որ տեղի պիտի ունենայ 7 դեկտեմբերին: Ըստ երեւոյթին, Ինֆանթինօ անպայման կ՛ուզէ Մեսսիի ներկայութիւնը…
Մրցաշարքի վիճակաձգութիւնը տեղի պիտի ունենայ դեկտեմբերի սկիզբը` վերջին մասնակցող ակումբին հասցէն յստականալէ ետք: «Լիպերթատոր» բաժակի աւարտականը տեղի կ՛ունենայ 30 նոյեմբերին, Ռիվըր Փլէյթի դաշտին վրայ, երկու պրազիլական ակումբներու` Աթլեթիքօ Մինէյրոյի եւ Պոթաֆոկոյի միջեւ:
Աթլեթիքօ Մինէյրօ դուրս ձգած էր Ռիվըր Փլէյթը (Արժանթին) 3-0 երկու մրցումներու արդիւնքով, մինչ Պոթաֆոկօ դուրս ձգած էր Ուրուկուէյի Փենիարոլը 6-3 երկու մրցումներու արդիւնքով:
Նշենք, որ հետեւեալ ակումբները պիտի մասնակցին 2025-ի ակումբներու միջցամաքամասային մրցաշարքին, որ այժմ մոնտիալի նման մրցաշարք մը պիտի ըլլայ:
Ասիա, 4 ակումբ.- Հիլալ (Սէուտական Արաբիա), Ուրաուա Ռետ Տայմընտծ (Ճափոն), Այն (Արաբական Միացեալ Էմիրութիւններ) եւ Ուլսան Էչ. Տի. (Հարաւային Քորէա):
Ափրիկէ, 4 ակումբ.- Ահլի (Եգիպտոս), Ուիտատ (Մարոք), Էսփերանս (Թունուզ) եւ Մամելոտի Տանտաունզ (Հարաւային Ափրիկէ):
Կեդրոնական եւ հիւսիսային Ամերիկա, 4 ակումբ.- Մոնթերի (Մեքսիքօ), Լէոն (Մեքսիքօ), Փաչուքա (Մեքսիքօ) եւ Սիեթըլ Սաունտըրզ (Միացեալ Նահանգներ):
Հարաւային Ամերիկա, 6 ակումբ.- Փալմէյրաս (Պրազիլ), Ֆլամենկօ (Պրազիլ), Ռիվըր Փլէյթ (Արժանթին), Պոքա Ժունիորզ (Արժանթին) եւ «Լիպերթատոր» բաժակի ախոյեանը:
Ովկիանիա, 1 ակումբ.- Օքլենտ Սիթի (Աւստրալիա):
Եւրոպա, 12 ակումբ.- Չելսի (Անգլիա), Ռէալ Մատրիտ (Սպանիա), Մանչեսթըր Սիթի (Անգլիա), Պայերն Միւնիխ (Գերմանիա), Փարիզ Սեն Ժերմեն (Ֆրանսա), Ինթեր Միլան (Իտալիա), Փորթօ (Փորթուգալ), Պենֆիքա (Փորթուգալ), Տորթմունտ (Գերմանիա), Եուվենթուս (Իտալիա), Աթլեթիքօ Մատրիտ (Սպանիա) եւ Ռետ Պուլ Զալցպուրկ (Աւստրիա):
Հիւրընկալ` Ինթեր Մայեմի (Միացեալ Նահանգներ):


