Փարիզի թենիսի տղոց մրցաշարքին, Կարէն Խաչանով, որ շատ լաւ ելոյթներ կ՛ունենար, սեթ մը յաղթելէ ետք տեղի տուաւ ֆրանսացի թիւ 18 թենիսմէն Ուկօ Ումպերթի դիմաց, 7-6, 4-6 եւ 3-6 արդիւնքով:
Խաչանով 2 ժամ 48 վայրկեան պայքարէ ետք պարտուեցաւ եւ կորսնցուց աւարտական հասնելու յոյսերը:
Միւս կողմէ, թիւ 3 թենիսմեն Ալեքսանտր Զվերեւ (Գերմանիա) 6-3 եւ 7-6 արդիւնքով յաղթեց դանիացի Հոլկըր Ռունէին (թիւ 13) եւ հասաւ աւարտական:
Խաչանով 1/8-րդ աւարտականին դուրս ձգած էր աւստրալիացի Ալեքսի Փոփիրինը` 7-6 եւ 6-4 արդիւնքով, ապա դուրս ձգած էր նաեւ թիւ 8 Կրեկոր Տիմիթրովը` 6-2 եւ 6-3 արդիւնքով:
Ումպերթ իր կարգին նախապէս դուրս ձգած էր թիւ 2 թենիսմեն Քարլոս Ալքարասը` 6-1, 3-6 եւ 7-5 արդիւնքով:


