Շաբաթ օր, ՀՄԸՄ-ի Ակադեմիայի դաշտին վրայ, ՀՄԸՄ-ի 2011-2012 տարիքային ակադեմիայի խումբը բարեկամական մրցում մը ունեցաւ ՀՄՄ-ի ակադեմիային դէմ եւ 2-0 արդիւնքով ետ մնալէ ետք մրցումը կրցաւ յաղթել 3-2 արդիւնքով:
Շատ լաւ եւ բարեկամական մթնոլորտի մէջ տեղի ունեցած մրցումին, ուր մեծ թիւով ընտանիքներ եկած էին իրենց զաւակները քաջալերելու, ՀՄԸՄ ետ կը մնար 2-0 արդիւնքով, բայց Բ. կիսախաղին շատ լաւ մրցում մը կատարելէ ետք կրցաւ վերջին 15 վայրկեաններուն 3 կոլ նշանակել շնորհիւ Ուաէլ Համմայի (2) եւ Սերժ Գալայճեանի` յաղթելով մրցումը:
Հետաքրքրական էր մարզական ոգին երկու կողմերուն մօտ, բան մը, որ կը քաջալերէ այսպիսի բարեկամական մրցումներ կատարելու միշտ, մանաւանդ երկրին ապահովական ծանր կացութիւնը մոռնալու համար:


