Հայաստանի պատանի եւ երիտասարդ ծանրաբարձները կը շարունակեն իրենց յաջող ելոյթները Լեհաստանի Ռաշին քաղաքին մէջ տեղի ունեցող երիտասարդներու եւ պատանիներու Եւրոպայի ախոյեանութեան մրցումներուն:
23 տարեկանէն վար երիտասարդներու Եւրոպայի ախոյեան դարձաւ 89 քկ կշիռի Սուրէն Գրիգորեան` երկամարտի 350 քկ արդիւնք մը ձեռք ձգելով: Ան արաշէի մրցումներուն 157 քկ բարձրացնելով շահած էր նաեւ փոքր ոսկի մետալ, ինչպէս նաեւ էփոլէ-ժըթէի մրցումներուն 193 քկ բարձրացնելով շահած էր փոքր ոսկի մետալ մը եւս: Նոյն կշիռի պրոնզէ մետալակիր դարձաւ Մնացական Աբրահամեան, որ երկամարտի 343 քկ արդիւնք ձեռք բերած էր (152+191 քկ):
Պատանեկան հաւաքականի անդամ Էմմա Պօղոսեան 81 քկ կշիռի մրցումներուն երկամարտի 218 քկ արդիւնք ձեռք ձգելով դարձած էր ոսկի մետալակիր 20 տարեկանէն վար մրցումներուն: Արաշէի մրցումին 100 քկ ձեռք ձգելով, Պօղոսեան փոքր ոսկի մետալ մը ձեռք ձգած էր, ինչպէս նաեւ էփոլէ-ժըթէի 118 քկ արդիւնքով ան փոքր ոսկի մը եւս շահած էր: Այս կշիռի Հայաստանի երկրորդ ներկայացուցիչը` Ալինա Սուքիասեան երկամարտի 202 քկ արդիւնքով գրաւած էր 6-րդ դիրքը:
Աւելի կանուխ, պատանեկան հաւաքականի անդամ, 81 քկ կշիռի Նարեկ Մկրտչեան երկամարտի 341 քկ արդիւնքով դարձած էր 20 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան:
76 կշիռի ներկայացուցիչ Աննա Ամրոյեան երկամարտի 228 քկ արդիւնքով դարձած էր Եւրոպայի ախոյեան:
73 քկ կշիռի այլ ներկայացուցիչ Մարտին Պօղոսեան 20 տարեկանէն վար մրցումներուն երկամարտի 298 քկ արդիւնքով դարձած էր պրոնզէ մետալակիր:
89 քկ կշիռի Վալերիկ Մովսիսեան պրոնզէ մետալ շահած էր երկամարտի 339 քկ արդիւնք արձանագրելով:
81 քկ կշիռի Կարէն Մարգարեան երկամարտի 333 քկ արդիւնքով պրոնզէ մետալակիր դարձած էր 23 տարեկանէն վար մրցումներուն:
20 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեան դարձած էր նաեւ Ալեքսանտրա Գրիգորեան (55 քկ) եւ Ժորա Գրիգորեան (55 քկ): Պատանիներու 61 քկ կշիռի Հայաստանի ներկայացուցիչ Ռաֆիկ Մինասեան երկամարտի 264 քկ արդիւնքով դարձած էր արծաթէ մետալակիր: 55 քկ կշիռի մասնակցող Հայաստանի միւս ներկայացուցիչը` Սէյրան Խուտանեան երկամարտի 224 քկ արդիւնքով 5-րդ դիրքը գրաւած էր:
23 տարեկանէն վար Եւրոպայի ախոյեանները դարձած էին նաեւ Գառնիկ Չոլագեան (61 քկ) եւ Գոռ Սահակեան (73 քկ):