Մոնթենեկրոյի Պուտվա քաղաքին մէջ շարունակուեցաւ բռնցքամարտի երիտասարդներու աշխարհի ախոյեանութիւնը, ուր Հայաստանի ներկայացուցիչ Անդրանիկ Մարտիրոսեան դարձաւ պրոնզէ մետալակիր:
Մարտիրոսեան 60 քկ կշիռի կիսաւարտականի մրցումներուն 5-0 արդիւնքով պարտութիւն կրեց Փուերթօ Ռիքոն ներկայացնող մարտիկէն` դառնալով 18-էն վար աշխարհի ախոյեանութեան պրոնզէ մետալակիր:
Նշենք, որ այսօր կիսաւարտականի մրցումներ պիտի ունենան նաեւ Էրիք Առստամեան (57 քկ) եւ Ռաֆայէլ Ներսիսեան (63,5 քկ):