Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ֆորմիւլա 1». Փերեսի Ապագան Վտանգուած

November 1, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ Սերխիօ Փերես իր ինքնաշարժը նստաւ` մասնակցելու Մեքսիքոյի կրան փրիին, մօտ 155 հազար համակիրներ զինք քաջալերեցին «Չեքօ, Չեքօ» կանչերով:

Բաւական ձախող ելոյթ մը ունեցաւ «Ռետ Պուլ»-ի վարորդը, եւ այժմ իր դիրքը վտանգուած է «Ռետ Պուլ»-ի հետ, ընդհանուր առմամբ ոչ շատ յաջող տարեշրջանէ մը ետք:

Սպասուած արդիւնքը չէր 17-րդ դիրքին վրայ աւարտելը անցեալ շաբաթ, եւ խումբի վարչական պատասխանատու Քրիսթիան Հորնըր չվստահեցուց, թէ ան պիտի շարունակէ խումբին հետ մինչեւ տարեշրջանի աւարտը:

Ճիշդ է, որ Փերես տարուան սկիզբը երկարաձգած էր իր պայմանագրութիւնը «Ռետ Պուլ»-ի հետ, սակայն իր ձեռք բերած արդիւնքներէն կախեալ էին անոր պայմանագրութեան մանրամասնութիւնները:

«Տեղ մը կը հասնիս, որ պէտք է դժուար որոշումներ տաս… այժմ ինքնաշարժներու դասաւորման 3-րդ դիրքը կը գրաւենք», ըսաւ Հորնըր, որ հաստատեց, որ մեքսիքացի վարորդը պիտի մասնակցի այս շաբաթավերջի Պրազիլի կրան փրիին:

Անցեալ շաբաթ Քարլոս Սայնցի Ֆեռարիի հետ յաղթանակը բարձրացուց իտալական ակումբը երկրորդ դիրք եւ Փերեսի այս տարուան ախոյեան դառնալը շատ դժուարացուց: Եթէ այդ իրագործումը կատարուէր, ատիկա իր խումբին («Ռետ Պուլ») պիտի բերէր 150 միլիոն ամ. տոլարի եկամուտ: Նախկին 2 տարիներուն «Ռետ Պուլ» դարձած էր ինքնաշարժներու ախոյեան:

«Ռետ Պուլ»-ի այժմու 3-րդ դիրքը մեծ մասամբ Փերեսի ձախողութիւններուն պատճառով էր: Ան վարորդներու 8-րդ դիրքը կը գրաւէ դասաւորման մէջ եւ ձախողած է որեւէ կրան փրի շահիլ, ինչպէս նաեւ արկածներու պատճառով ալ ձախողած է աւարտել 3 կրան փրիներ:

«Ինքը լաւ գիտէ, որ «Ֆորիւլա 1»-ը արդիւնքներու վրայ հիմնուած գործ մըն է, եւ երբ արդիւնք չես տար, ինքնաբերաբար ճնշումը կ՛աւելնայ: Մենք` իբրեւ խումբ, պէտք ունինք երկու արդիւնաւէտ վարորդներու, որոնք կէտեր կը հաւաքեն: Մենք մեր կարելին կ՛ընենք միասնաբար աշխատելով եւ քաջալերելով զինք: Միշտ ալ քաջալերած ենք Չեքոն եւ պիտի քաջալերենք Պրազիլի մէջ ալ: Բայց տեղ մը կրնանք հասնիլ, որ աւելի չենք կրնար ընել», ըսաւ Հորնըր:

Մաքս Վերշթափըն 362 կէտ հաւաքած է այս տարեշրջանին, մինչ Փերես` միայն 150:

Նախորդը

Քլոփ. «Չէի Ուզեր Նեղացնել Ոեւէ Մէկը»

Յաջորդը

«Էն. Պի. Էյ.» Պոսթըն Կրեց Իր Առաջին Պարտութիւնը

RelatedPosts

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր.  Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները
Մարզական

ՀՄԸՄ-ի «Նաւասարդեան» Խաղեր. Այսօր Կը Սկսին Ֆութպոլի Մրցումները

October 17, 2026
«Եուրոփա Լիկ».  Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ
Մարզական

«Եուրոփա Լիկ». Արարատ Արմենիա Պարտուեցաւ Լեհաստանի Մէջ

October 17, 2026
Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…
Մարզական

Նիկիտա Սիմոնեանը` Մոռցուա՞ծ…

October 17, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.