Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ժամանակաւոր Պարտութիւններու Էջը Փակած Ենք

Նոյեմբեր 1, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՀՅԴ Բիւրոյի ներկայացուցիչ Յակոբ Տէր Խաչատուրեանի խօսքը` արտասանուած
ՀՅԴ Աւստրալիոյ կառոյցի հիմնադրութեան 60-ամեակին նուիրուած ձեռնարկին:

ՀՅԴ Բիւրոյի ընկերներս եւ ՀՕՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան ատենապետուհին այս օրերուն կը գտնուինք Աւստրալիա` ոչ միայն մասնակցելու ժողովներու, հերթական հանդիպումներու եւ զեկուցելու մեր շարքերուն ու ժողովուրդին, այլ նաեւ` մեր մասնակցութիւնը բերելու նաեւ ՀՅԴ Աւստրալիոյ աշխուժ կառոյցի հիմնադրութեան վաթսունամեակի նշումին: Արդարեւ, Աւստրալիոյ մեր շրջանը այսօր կարեւոր դերակատարութիւն ունի արեւմտեան աշխարհի այս երկրէն ներս հայապահպանման ու հայակերտման, համայնքային կառոյցներու հաստատման եւ ամրապնդման, հայեցի դաստիարակութիւն եւ երիտասարդութեան հայ կեանքի մէջ ներգրաւման, հայ մշակոյթի տարածման ու Հայ դատի բազմաշերտ գործունէութեան ոլորտներէն ներս, եւ` ոչ միայն տեղական մակարդակով: Աւստրալիոյ շրջանը իր պատուաբեր մասնակցութիւնն է բերած ու կը շարունակէ բերել մեր համահայկական ու համասփիւռքեան նախաձեռնութիւններուն:

1980-ական թուականներու վերջերէն մինչեւ 2020-ի սեպտեմբերը մենք ունեցանք անխոցելիութեան զգացում, որովհետեւ յաղթանակած ժողովուրդ էինք: Արցախը ազատագրուած էր, Հայաստանը` վերանկախացած, Ջաւախքը` աշխուժացած, Արեւմտեան Հայաստանի մէջ` զարթօնքի ծիլեր արձակուած եւ սփիւռքը` ունեցած Հայ դատի կարեւոր ձեռքբերումներ համաշխարհային մակարդակով: Հայաստան-Արցախ-սփիւռք եռամիասնութիւնը ամրապնդուած էր, եւ ազգային օրակարգի հիմնական կէտերու շուրջ ալ համախոհութիւն ստեղծուած էր, մանաւանդ` 2015-ի հարիւրամեակի համախմբող մթնոլորտէն ետք:

Բնականաբար ՀՅԴ-ն իր առիւծի բաժինը բերած էր այդ իրագործումներուն մէջ` ի գին մեծ զոհողութեանց. հազարաւոր նահատակներու արիւնով նուիրականացած յաղթանակները, քաղաքական մեծ աշխատանքը, քարոզչական համադրուած արշաւները եւ հայրենիքի ու սփիւռքի տագնապահար շրջաններուն ուղղուած հսկայածաւալ օժանդակութիւնները տուած էին ակնկալուած արդիւնքը, եւ կար համատարած լաւատեսութիւն: Համոզումի էր վերածուած նաեւ մեր այն կարգախօսը, որ յանձնառու սփիւռքը լաւագոյն գրաւականն է հզօր հայրենիքի:

Ամրապնդուած էին մեր ազգային արժանապատուութիւնը եւ ազգային իղձերու հանդէպ մեր հաւատքը. ստեղծուած էր աննախընթաց համահայկական միասնականութիւն` ի սպաս մեր հայրենիքին ու իտէալներուն. իսկ ներազգային տարաձայնութիւններն ու Հայաստանի իշխանութիւններու բազմապիսի խարխափումները մանր անախորժութիւններ եւ սրբագրելի վրիպումներ կը թուէին ըլլալ մեծ պատկերին մէջ: Աղէտներու ու կորուստներու հարիւրամեակէ ետք պայծառ դարաշրջան մը բացուած կը թուէր ըլլալ հայութեան առջեւ:

Գիտէք արդէն, որ Արցախի պատերազմի ընթացքին ամէն տարակարծութիւն մէկդի դրած` ՀՅԴ-ն նուիրուած էր հայութեան յաղթանակը ապահովելու գործին` հիմնականին մէջ չորս ուղղութիւններով. այսպէս`

1) Հայրենիքի պաշտպանութեան համար տրամադրելով մարդուժ` կամաւորական պահեստազօրի ճամբով,

2) Ստեղծելով քաղաքական համաշխարհային զօրաշարժ,

3) Ձեռնարկելով համաշխարհային քարոզչական պայքարի ամէնուրեք, եւ

4) Խթանելով հայրենիքին համար հանգանակային համահայկական արշաւը եւ մասնակցելով աննախընթաց նիւթական կռուաններու ստեղծումին` պատերազմին յաջող ելքին համար:

Ուստի հասկնալի էր, որ ազգովին ապրեցանք ահաւոր ցնցում, երբ 2020-ի աշնան արցախեան երկրորդ պատերազմին մեր կրած պարտութիւնը ի յայտ եկաւ եւ խորտակեց անպարտելիութեան ու անխոցելիութեան հանգանակը: Հիասթափութիւնը ճնշող էր, մանաւանդ երբ յաղթանակի կեղծ տպաւորութիւններ ստեղծած իշխանութիւններու շղարշը պատռուեցաւ, եւ մեր կորուստներու իսկական տարողութիւնը պարզուեցաւ 2020-ի նոյեմբեր 9-ին:

Ազգային նսեմացումի առաջնորդած Հայաստանի ղեկավարը մերժեց ընդունիլ Արցախն ու Հայաստանը աղէտի առաջնորդած ըլլալու հանգամանքը, վճռեց ամէն գնով կառչիլ իր իշխանութեան աթոռին եւ ծնկած դիմեց թշնամիներուն` ազգովին մեզ նսեմացնող պարտուողական պայմաններու մէջ:

Այս մեծագոյն աղէտին առթած համատարած յուսահատութիւնն ու ընկճուածութիւնը յառաջացուցին նոյնիսկ խզում հայրենիքի եւ սփիւռքի միջեւ: Եւ սկիզբ առաւ շարքը միակողմանի զիջումներու, որոնք մինչեւ օրս կը շարունակէ Հայաստանի այս իշխանութիւնը` կեղծ «խաղաղութեան» օրակարգի պիտակին տակ:

Ուստի բնական էր, որ այս կացութիւնը առաջնորդէր ժողովրդային ցասումի. հայրենիքի փրկութեան շարժումները եւ ներկայի Սրբազան պայքարը զօրաշարժի ենթարկեցին հայրենի ժողովուրդին կարեւոր մէկ զանգուածը` վերականգնելու համար ազգային գաղափարախօսութեան հիմքերու վրայ գործող պետութիւնը, բայց ՀՀ իշխանութիւնը ամէն ճիգ թափեց եւ կը շարունակէ թափել` ապակողմնորոշելու եւ պառակտելու հայրենի ժողովուրդը. առաւել` այդ իշխանութիւնը ստեղծեց քաղաքական հալածանքներու մթնոլորտ եւ բռնատիրական ոստիկանապետութիւն:

ՀՅԴ-ն եւ իր գործընկերները շարունակեցին ընդդիմադրութիւնը, բայց ժողովրդային հաւաքները չհասան այն թիւերուն, որպէսզի խարխլի այս իշխանութեան հիմքերը: Մենք շարունակելու ենք պայքարը, առաւել` օգտագործելու ենք Հայաստանի Ազգային ժողովի ազդեցիկ հարթակը մեր կեցուածքները ներկայացնելու եւ փորձելու կանխել միակողմանի նորանոր զիջումներ:

«Բաժնէ, որ տիրես»-ի քաղաքականութիւն որդեգրած ՀՀ իշխանութիւնը այսօր սփիւռքն ալ պառակտելու սեւ գործին է լծուած: Մինչդեռ թշնամիներով շրջապատուած եւ մեծ հարուած ստացած մեր հայրենիքին համար, աւելի քան երբեք, անհրաժեշտ է ազգային գաղափարախօսութեան հիմքի վրայ համահայկական կուռ միասնականութիւն:

Այսօր դէմ յանդիման կը գտնուինք նորագոյն մարտահրաւէրներու, որովհետեւ պարտուած ու հայկականութենէ դատարկուած Հայաստանի իշխանութիւնները հայրենի շահերը պաշտպանելու իրենց անկարողութիւնը բազմիցս փաստած են եւ դարձած` ամէն տեսակի զիջումներու պատրաստ: Մարտահրաւէրներ ունինք նաեւ սփիւռքի պարագային, ուր արդէն գործող կառոյցներու թարմացման, յաւելեալ աշխուժացման եւ աշխատելաոճի արդիականացման կարիքները դարձած են հրամայական:

Մեր հայրենիքին առջեւ ցցուող գլխաւոր մարտահրաւէրները եւ ՀՅԴ դիրքորոշումները հինգ մասերու կարելի է բաժնել`

Ա) Արցախ

Արցախահայութիւնը վիրաւոր է այսօր. իր պապենական հողերը դատարկուած են, եւ ժողովուրդը դարձած տարագիր. սակայն պիտի վերականգնի Արցախը, պիտի պայքարինք, որպէսզի Հայաստանը տէր կանգնի արցախահայութեան իրաւունքներուն սատարելու իր պարտաւորութեան:

Մեր ներկայ շեշտաւորումները յստակ են` հաւաքական վերադարձի իրաւունք, Արցախի միջանկեալ կարգավիճակի ճշդում եւ վերջնական կարգավիճակի բանակցութիւններ, գերիներու եւ Պաքուի մէջ պահուող քաղաքական բանտարկեալներու ազատ արձակում, մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման դէմ արշաւ, Ազրպէյճանի ցեղասպանական, ցեղային զտումի քաղաքականութեան քողազերծում եւ Հայաստան ապաստանած արցախահայութեան բազմազան կարիքներու օժանդակութիւն:

Մէկ խօսքով, մենք վստահ ենք, որ ոչ միայն պիտի վերականգնի Արցախը, այլեւ պիտի ծաղկի, հզօրանայ եւ վերջ ի վերջոյ միանայ մայր հայրենիքին:

Բ) Սահմանազատման ու սահմանագծման գործընթաց

Բազմիցս յայտարարած ենք, որ Հայաստանի իշխանութիւնները մեծ զգուշաւորութեամբ պարտին մօտենալ այս հարցին: Իրենց հոգեբանական ներկայ դրուածքով եւ միակողմանի զիջումներու ատակ այս իշխանութիւնները պարտին գտնել կամքը` արմատականօրէն պաշտպանելու Հայաստանի սահմաններն ու հողային ամբողջականութիւնը: Առաւել` Հայաստանի գերիշխանութենէն ոչ մէկ զիջում ընդունելի է, եւ կտրականօրէն մերժելի է, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրեան միջանցք»-ի հաստատման մեր թշնամիներու եւ այլոց պահանջները:

Գ) Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու կծիկ եւ խաղաղութեան կերծ օրակարգ

Անխոհեմ քայլ էր ՀՀ վարչապետի Հայաստան-Թուրքիա յարաբերութիւններու բնականոնացման բանակցութեան յաւելեալ ճակատ բանալը այս տագնապալի օրերուն, երբ առկայ են Հայաստանի անվտանգութեան խնդիրը եւ Ազրպէյճանի հետ բանակցութիւններու անլոյծ թնճուկը. այս բոլորը կը կատարուին` քարոզելով տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու ցնորամիտ մօտեցումը, հակառակ անոր որ ակնյայտ է, թէ հայութեան թշնամիները իրենց արիւնարբու նկրտումներէն եւ Հայաստանի իսկ հանդէպ յատուկ ախորժակներ դրսեւորելու վարքագիծէն չեն հրաժարած: Հայաստան-Թուրքիա սահմանը Թուրքիան է փակած եւ կարող է բանալ առանց որեւէ նախապայմանի: ՀՀ-ի կողմէ որեւէ զիջում կամ նախապայման ընդունելի չէ: Իրողութիւնը սակայն այլ է: Թուրքիան բազմաթիւ նախապայմաններ արդէն առաջադրած է եւ Հայաստանի հետ իր յարաբերութիւնները կը պայմանաւորէ նաեւ Ազրպէյճանի պահանջներու բաւարարումով:

Դ) Թրքական եւ ազրպէյճանական հակահայ գրոհ

Թուրքիա եւ Ազրպէյճան այժմ իրենց ախորժակները սրած են Հայաստանի նկատմամբ եւ ծրագրուած, համադրուած հակահայ քարոզչական եւ ցուցական արշաւի են դիմած աշխարհասփիւռ հայութեան դէմ: Հայաստանը անվտանգութեան լուրջ խնդիր ունի. թիրախ է Հայաստանի գերիշխանութիւնը, եւ մեր թշնամիները վճռած են հայը դարձնել անհայրենիք:

Ե) Ազգային արժէքներ

Հայաստանի իշխանութիւնները հարուածի տակ առած են` ազգային արժէքները, ազգ-բանակ հասկացողութիւնը, հայեցի դաստիարակութիւնը, Գիտութիւններու ազգային ակադեմիան, ՀՅԴ-ն եւ Հայ եկեղեցին: Ժողովուրդը ազգային գաղափարախօսութենէն հեռացնելով` փորձ կը կատարուի անգոյն ու անձեւ զանգուածի վերածելու հայրենի նոր սերունդը: Ամէն գնով պայքարելու ենք այս ապազգային ծրագիրներուն դէմ:

Վերոյիշեալներէն անդին` սփիւռքն ալ ունի իր իւրայատուկ կարիքները եւ հարցերը: Որպէս համահայկական կազմակերպութեան` ՀՅԴ-ի համար էական է նաեւ ունենալ կենսունակ, յանձնառու, նպատակասլաց եւ հայկականութեամբ տրոփող կազմակերպ սփիւռք. անհրաժեշտ է յաւելեալ թափ եւ միջոցներ հայթայթել Հայ դատի մեր ցանցի արդէն իսկ խիստ արդիւնաւէտ աշխատանքներուն:

ՀՅԴ-ի մեծ ընտանիքը` իր երիտասարդական եւ ուսանողական միութիւններով, ուղեկից միութիւններով, Հայ դատի յանձնախումբերով ու գրասենեակներով, ինչպէս նաեւ Դաշնակցութեան քարոզչական, ընկերա-տնտեսական, վերլուծական գրասենեակներով պատնէշի վրայ է ապահովելու համար հայկական միասնութիւն` ի սպաս հայրենիքի ու հայութեան:

Այսօր սփիւռքը մէկ մարդու նման պարտի փարիլ հայրենիքի պաշտպանութեան սուրբ գործին, անխնայ պայքարիլ թրքա-ազրպէյճանական հայատեաց փանթուրանական ճակատին դէմ, նաեւ` դուրս գալ վհատական փորձութենէն եւ անպայմանօրէն փակել հայրենիքի ու սփիւռքի միջեւ բացուած խրամատը:

Այսօր հայրենիքի եւ սփիւռքի ազգային գաղափարախօսութեամբ համակուած ուժերը վճռած են պաշտպանել` հայրենի պետականութիւնը, Արցախի պետական կառոյցը, ազգային արժէքները եւ համազգային շահերը: Համոզուած ենք, որ 2020-ի պարտութիւնը լոկ ճակատամարտի կորուստ է եւ ոչ` պատերազմի աւարտ: Ազգային ազատագրական պայքարը կը շարունակուի: Ժամանակաւոր պարտութիւններու էջը փակած ենք եւ վերանորոգ թափով շարունակելու ենք ազգային ազատագրական պայքարը մինչեւ յաղթանակ:

Այդ յաղթանակները ուշանալու չեն, որովհետեւ մենք, եւ հայ ժողովուրդը առհասարակ, ունինք կամքը, ներուժը եւ պատրաստակամութիւնը` կերտելու ազգային միասնականութիւն` եւ վառ ապագայ:

Ձեր վաթսունամեակը շնորհաւոր. Աւստրալիոյ շրջանը, որ վաթսուն տարիներէ ի վեր իր աշխուժ մասնակցութիւնը կը բերէ հայ կեանքին, վստահաբար յաւելեալ կորովով եւ պինդ վճռակամութեամբ պիտի շարունակէ եւ բազմապատկէ իր մասնակցութիւնը համահայկական մեր նուիրական գործին:

Նախորդը

Ֆրանսահայ Երիտասարդութիւնը Կը Մերժէ Աթաթուրքի Կիսանդրիի Տեղադրումը

Յաջորդը

Քլոփ. «Չէի Ուզեր Նեղացնել Ոեւէ Մէկը»

RelatedPosts

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն
Անդրադարձ

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?