Աշխարհահռչակ գերմանացի մարզիչ Եուրկըն Քլոփ երէկ յայտնեց, որ իր որոշումը` գլխաւորելու Ռետ Պուլի ֆութպոլի խումբերու խմբակը, սխալ չէր, որովհետեւ «չէի ուզեր նեղացնել ոեւէ մէկը»:
Քլոփի այդ քայլը մեծ աղմուկ արձանագրած էր Գերմանիոյ մէջ, մանաւանդ որ Ռետ Պուլ ընկերութիւնը շատ լաւ ընդունուած չէ` նշելով, թէ անոնք կ՛ուզեն յաջողութիւն «գնել» դրամով:
Քլոփ, որ Լիվըրփուլը լքելէ ետք իր առաջին գործը պիտի ստանձնէ յունուարին, ըսաւ. «Ես ոեւէ մէկը չէի ուզեր նեղացնել, եւ անձնապէս կը սիրեմ իմ բոլոր նախկին ակումբներս: Եթէ ուրիշ ակումբ մարզէի, վստահ այդ քայլը շատեր պիտի նեղացնէր: Ճիշդը չեմ գիտեր, թէ ի՛նչ պէտք էր ընէի գոհ պահելու բոլորը»:
Ռետ Պուլ եւ մանաւանդ իր Լայփցիկ ակումբը չեն սիրուած գերմանական ֆութպոլի համակիրներէն, մանաւանդ որ անոնք Ռետ Պուլը կը նկատեն «օտար», որ կ՛ուզէ դրամով «գնել» յաջողութիւն:
Քլոփի նախապէս մարզած ակումբներու ինչպէս` Պորուսիա Տորթմունտի եւ Մայնցի համակիրներ պաստառներ բարձրացուցած էին մրցումներու ժամանակ` իրենց յուսախաբութիւնը յայտնելով եւ հարց տալով, թէ արդեօք Քլոփ «խե՞նթ» է: