Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Խաղաղութեան Օրէնք»-ը` Խորհրդանշական Քայլ, Ոչ Իրական Պատասխանատուութիւն

Հոկտեմբեր 20, 2025
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱԼԵՔՍ ԿԱԼԻՑՔԻ
Հայ դատի Ամերիկայի յանձնախումբի քաղաքականութեան գծով տնօրէն

Անցեալ շաբաթ Միացեալ Նահանգներու Ներկայացուցիչներու տան արտաքին յարաբերութիւններու յանձնաժողովի փոխնախագահ, քոնկրեսական Տարրել Իսսա ներկայացուց, այսպէս կոչուած, «Խաղաղութեան օրէնք»-ը (PEACE Act),  օրինագիծ մը, որ առաջադրուեցաւ իբրեւ համարձակ նախաձեռնութիւն` զսպելու Ազրպէյճանի հետագայ նախայարձակումը Հայաստանի վրայ:

Հակառակ այն պնդումներուն, թէ օրինագիծը պիտի կիրարկէ «աննախադէպ  պատժամիջոցներ» Ազրպէյճանի նկատմամբ, իրականութեան մէջ այն թուղթէ վագր մըն է` նախատեսուած կարծես կոշտ երեւալու, բայց` գործնականօրէն անպէտք, անիրագործելի եւ սահմանափակ շրջանակով: Պատժամիջոցները պիտի գործադրուին միայն Հայաստանի նկատմամբ «նոր նախայարձակման»  պարագային` անտեսելով Ազրպէյճանի կողմէ ինքնիշխան Հայաստանի հողերուն շարունակուող գրաւումը, հայ գերիներու պահումն ու չարաշահումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ունեցուածքի ոչնչացումը, ինչպէս նաեւ` արցախահայութեան ապահով եւ արժանապատիւ վերադարձի իրաւունքը:

Որպէս արդիւնք` օրինագիծը չափազանց ցած չափանիշ կը սահմանէ Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան համար` կանխելով միայն «նոր նախայարձակումը», բայց արդարացնելով եւ օրինականացնելով անոր շարունակուող ոտնձգութիւններն ու մարդու իրաւունքներու խախտումները: Հայաստանի համար այս աժան մխիթարութիւն մըն է, որ կը փակէ իրական արդարութեան եւ պատասխանատուութեան դռները:

Ինչո՞ւ «Խաղաղութեան օրէնք»-ը բաւարար չէ

Պատժամիջոցներ` առանց կիրարկումի: Թէեւ Քոնկրեսը կրնայ արտօնել պատժամիջոցներ, բայց եւ այնպէս, անոնց գործադրութիւնը գրեթէ ամբողջութեամբ կախեալ կը մնայ նախագահին հայեցողութենէն: Նոյնիսկ եթէ ոեւէ անձ կամ երկիր համապատասխանէ պատժամիջոցներու չափանիշներուն, նախագահը պարտաւոր չէ զանոնք կիրարկել: Բացի այդ, պատժամիջոցներու մեծ մասը (ներառեալ` այս օրինագիծը) նախագահին կը շնորհեն լայն հայեցողական լիազօրութիւն` շրջանցելու պատժամիջոցները, եթէ ան եզրակացնէ, որ այդ շրջանցումը կը ծառայէ Միացեալ Նահանգներու «ազգային անվտանգութեան շահերուն»: Այս բացատրութիւնը օգտագործուած է անընդմէջ` տարբեր վարչակազմերու կողմէ, ներառեալ` Թրամփի վարչակազմին, վերջին երկու տասնամեակներուն` շրջանցելու Ազրպէյճանին ռազմական օժանդակութեան օրինական սահմանափակումները:

Շեղում` արդէն գոյութիւն ունեցող պատասխանատուութեան գործիքներէն: Նախագահը արդէն ունի լիազօրութիւն` պատժամիջոցներ կիրարկելու Ազրպէյճանի դէմ: «Համաշխարհային Մակնիցքի» պատժամիջոցները անոր հնարաւորութիւն կու տան սառեցնել ֆինանսական հաշիւները եւ արգիլել ԱՄՆ մուտքը այն պաշտօնեաներուն, որոնք մեղաւոր են մարդու իրաւունքներու խախտումներու մէջ: Եւրոպական Միութիւնը, Մեծն Բրիտանիան, Քանատան եւ Աւստրալիան ունին նմանատիպ օրէնսդրութիւն, այսինքն ամերիկեան կիրարկումը կրնայ խթանել միջազգային մակարդակի պատասխանատուութիւնը: Բացի այդ, գոյութիւն ունին այլ գործիքներ եւս, որոնք կրնան կիրարկուիլ Ազրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին դէմ, մանաւանդ անոր կապերուն` Ռուսիոյ եւ Իրանի հետ: Ուաշինկթընի մերժումը` օգտագործելու այս առկայ գործիքակազմը, կասկածի տակ կը դնէ, նոյնիսկ եթէ գործադրուի:

Ամերիկեան շահերու խորացումը Ազրպէյճանի մէջ

Ուաշինկթընի ներգրաւուածութիւնը Հայաստան-Ազրպէյճան խաղաղութեան գործընթացին մէջ հիմնականօրէն կը բխի իր տարածաշրջանային ուժանիւթի շահերէն: Ատոր վկայութիւնն է Թրամփի նախաձեռնած «Թրամփի ուղի»-ն (TRIPP), որ Միացեալ Նահանգներուն կը շնորհէ բացառիկ իրաւունք` Սիւնիքով Թուրքիան Ազրպէյճանի հետ կապող «անխոչընդոտ հաղորդակցութեան» զարգացումին եւ շահագործման մէջ: Նաեւ ԱՄՆ-Ազրպէյճան փոխըմբռնման յուշագիրը` պաշտպանութեան եւ ուժանիւթի ոլորտներուն մէջ համագործակցութիւնը ընդլայնելու, ինչպէս նաեւ` ExxonMobil եւ SOCAR ընկերութիւններու համաձայնութիւնը` ընդլայնելու ամերիկեան ներդրումները Ազրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ:

Բոլորովին անհաւանական է, որ վարչակազմը պիտի պատժէ այն նոյն ուժանիւթի ոլորտը, ուր ինք կը շարունակէ ընդլայնել իր ներդրումները: Նման ակնկալութիւնը,  լաւագոյն պարագային, մանկամտութիւն է, իսկ վատագոյն պարագային` դիտաւորեալ մոլորեցնող:

Կեդրոնացումը «Նոր նախայարձակում»-ի վրայ` անտեսելով շարունակուող խախտումները

Օրինագիծը կը փորձէ կանխել միայն «նոր նախայարձակում» մը, բայց անով կը շրջանցէ մարդու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան այն շարունակուող խնդիրները, որոնք մնացած են անլուծելի` խաղաղութեան գործընթացին մէջ: Իսկ այդ խնդիրներն են, որոնք կը սպառնան Հայաստանի անվտանգութեան եւ արդար խաղաղութեան հեռանկարներուն:

Այս հարցերը անտեսելով` օրինագիծը փաստօրէն կ՛օրինականացնէ ու կը վարձատրէ Ազրպէյճանի ցարդ կիրարկուող յարձակողական քայլերը: «Ներկայ» եւ «նոր» նախայարձակում բառերուն միջեւ կամայական գիծ մը քաշելով` Ազրպէյճանը կրնայ խուսափիլ նոր սրացումէ, բայց շարունակել գերիներու նկատմամբ դաժան վերաբերմունքը եւ ամրապնդել իր բռնագրաւումը` առանց պատժամիջոցներու կիրարկման:

Անպատասխան հարցեր եւ Հայաստանի կառավարութեան դերը

Թէեւ Հայաստանի կառավարութեան մօտ կանգնած շրջանակները ողջունած են «Խաղաղութեան օրէնք»-ը, բայց անոնք չեն կրնար բացատրել, թէ ինչո՛ւ պատժամիջոցները պէտք է սահմանափակուին միայն «նոր նախայարձակում»-ով  եւ չվերաբերին Հայաստանի բռնագրաւուած հողերուն կամ հայ գերիներուն պահման եւ չարաշահման հարցերուն: Անոնք նաեւ չեն կրնար բացատրել, թէ ինչպէ՞ս այս օրինագիծը կրնայ վստահելի կերպով զսպել ապագայ նախայարձակումը, երբ կ՛արդարացնէ ներկայի խախտումները:

Առկայ են պատժամիջոցներ եւ պատասխանատուութեան ենթարկելու գործիքակազմեր, որոնք կրնան` թիրախաւորել Ազրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտը, կանխել ռազմական նախայարձակումը եւ ապահովել մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար արդարութիւն, եւ անոնք Քոնկրեսին մէջ կը վայելեն երկկուսակցական ուժեղ աջակցութիւն: Հետեւաբար, ինչո՞ւ խոչընդոտել այս առկայ պատժամիջոցներու կիրարկման ջանքերը` առաջ բերելով անպէտք եւ անիրագործելի օրինագիծ մը, որ կ՛իջեցնէ Ազրպէյճանի պատասխանատուութեան չափանիշը` օրինականացնելով անոր կողմէ շարունակուող մարդու իրաւունքներու խախտումները եւ յարձակողական քաղաքականութիւնը:

Ուաշինկթընի մեծցող ներդրումները Ազրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտին մէջ լուրջ կասկած կը յառաջացնեն, թէ Թրամփի վարչակազմը երբեւէ կրնայ կիրարկել պատժամիջոցներ այդ ճիւղին նկատմամբ: Ինչո՞ւ վարչակազմը պիտի կիրարկէ ուժանիւթի ոլորտի պատժամիջոցներ, երբ գործօն կերպով կ՛ընդլայնէ համագործակցութիւնը այդ երկրին հետ եւ հաշուի առնելով անոր հրաժարումը անդրադառնալու Ազրպէյճանի ուժանիւթի ոլորտի դերակատարութեան` Ռուսիոյ եւ Իրանի դէմ պատժամիջոցները շրջանցելու հարցին մէջ:

Ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը եւ անոր ներկայացուցիչները խոչընդոտած են ջանքերը` ապահովելու հայ գերիներու ազատ արձակումը, հայկական ժառանգութեան եւ ունեցուածքի պաշտպանութիւնը ու բռնի ուժով տեղահանուած հայերու իրաւունքը` վերադառնալու Արցախ, յատկապէս երբ ԱՄՆ վարչակազմը արդէն յայտարարած է իր աջակցութիւնը այս հարցերուն: Ինչո՞ւ Հայաստանի կառավարութիւնը չէ օգտագործած Ուաշինկթընի դերը` պատժամիջոցներ գործադրելու Ազրպէյճանի վրայ, ճնշում բանեցնելու համար, որ ազատ արձակուին հայ գերիները եւ ետ քաշուին զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան հողերէն:

Անպատասխան այս հարցերը միայն կ՛ընդգծեն, որ «Խաղաղութեան օրէնք»-ը երբեք նախատեսուած չէ իրական գործադրութեան համար եւ նախատեսուած է  միայն որպէս խորհրդանշական նկատողութիւն Ազրպէյճանի համար` առանց նշանակալի հետեւանքներու: Օրինագիծը կը ծառայէ Հայաստանի կառավարութեան եւ անոր մերձաւորներուն` մեղմելու մտահոգութիւնները խաղաղութեան գործընթացին մէջ Հայաստանի ապահովութեան առարկայական երաշխիքներու բացակայութեան մասին, միաժամանակ շեղելով ջանքերը` պատասխանատուութեան, Ազրպէյճանի մարդու իրաւունքներու խախտումներուն եւ շարունակուող յարձակողական քաղաքականութեան:

Յառաջանալու աւելի լաւ ուղի

Միացեալ Նահանգները կրնան վճռորոշ դեր ունենալ մարդու իրաւունքներու եւ անվտանգութեան հարցերու լուծման մէջ, որոնք դուրս մնացած են նախաստորագրուած երկկողմ խաղաղութեան համաձայնագիրէն: Արտաքին ճնշումը անհրաժեշտ է, քանի որ համաձայնագիրը կը նախատեսէ, որ Հայաստանը հրաժարի իր միջազգային դատական հայցերէն Ազրպէյճանի դէմ` փակելով իրաւական ուղիները արդարութեան հասնելու համար:

Արդէն հրաժարելով իրաւական միջոցներէն` Հայաստանի կառավարութիւնը եւ իր մերձաւոր շրջանակը այժմ կը փորձեն խոչընդոտել նաեւ քաղաքական ուղիները` առաջ մղելով անպէտք եւ անիրագործելի օրինագիծ մը, որ կ՛օրինականացնէ Ազրպէյճանի նախայարձակումը եւ մարդու իրաւունքներու խախտումները`  խորհրդանշական նկատողութեան ձեւաչափով:

Քոնկրեսը պիտի կեդրոնանայ իրական միջոցներու վրայ

Քոնկրեսը պէտք է իր ջանքերը ուղղէ դէպի առկայ պատասխանատուութեան գործիքակազմներու կիրարկման` ապահովելու իրական հետեւանքներ Ազրպէյճանի նախայարձակ քաղաքականութեան համար, ներառեալ`

  • – «Ազատութեան աջակցութեան օրէնք»-ի (FREEDOM Support Act) 907-րդ յօդուածի ամրապնդում

Քոնկրեսը պէտք է խստացնէ Ազրպէյճանի նկատմամբ ամերիկեան ռազմական օգնութեան պատժամիջոցները` սահմանափակելով նախագահին` զանոնք շրջանցելու հնարաւորութիւնը, մինչեւ որ Ազրպէյճանը`

  • Ազատ արձակէ բոլոր հայ գերիները,
  • Ապահովէ հայկական մշակութային ժառանգութեան եւ ունեցուածքի պաշտպանութիւնը եւ ամբողջութեամբ ետ քաշէ իր զօրքերը Հայաստանի ինքնիշխան հողերէն:
  • «Համաշխարհային Մակնիցքի» պատժամիջոցներու կիրարկում

Քոնկրեսը պէտք է պարտադրէ վարչակազմին` կիրարկել «Կլոպալ Մակնիցքի» պատժամիջոցները այն ազրպէյճանցի պաշտօնեաներու դէմ, որոնք պատասխանատու են պատերազմական յանցագործութիւններու եւ մարդու իրաւունքներու խախտումներու համար` ընդունելով «Ազրպէյճանի պատժամիջոցներու վերանայման օրէնքը» (Azerbaijan Sanctions Review Act of 2025) եւ գործածելով իր վերահսկողական լիազօրութիւնները:

  • Երկրորդական պատժամիջոցներ` շրջանցումներու դէմ

Քոնկրեսը պէտք է պարտադրէ վարչակազմին` կիրարկել երկրորդական պատժամիջոցներ Ազրպէյճանի դէմ` անոր հաստատուած մասնակցութեան համար` Ռուսիոյ եւ Իրանի ուժանիւթի ու անվտանգութեան ճիւղերու պատժամիջոցները շրջանցելու հարցով: Այս միջոցը աւելի իրատեսական եւ ազդեցիկ է` նկատի ունենալով վարչակազմի վերջին պայքարը պատժամիջոցներու շրջանցման դէմ:

  • Քոնկրեսի վերահսկողական գործիքակազմեր

Քոնկրեսը կրնայ գործածել իր վերահսկողական գործառոյթը` պահանջելու վերանայելու եւ կասեցնելու Միացեալ Նահանգներու ռազմական օգնութիւնը Ազրպէյճանին` «Արտաքին օժանդակութեան օրէնք»-ի (Foreign Assistance Act) 502B(c) յօդուածին հիման վրայ:

Եզրակացութիւն

Կեդրոնանալով միայն «նոր նախայարձակման» վրայ եւ անտեսելով Ազրպէյճանի շարունակուող մարդու իրաւունքներու խախտումներն ու Հայաստանի ինքնիշխան հողերու բռնագրաւումը` «Խաղաղութեան օրէնք»-ը վտանգաւոր նախադէպ կը ստեղծէ` օրինականացնելով Ազրպէյճանի վարքագիծը եւ թուլցնելով ջանքերը` ուղղուած իրական արդարութեան հաստատման:

Քանի որ խաղաղութեան համաձայնագիրը չի ներառեր որեւէ դրոյթ` ապահովելու հայ գերիներու ազատ արձակումը, հայկական մշակութային ժառանգութեան պաշտպանութիւնը եւ Արցախի ժողովուրդին վերադարձի իրաւունքը, «Խաղաղութեան օրէնք»-ը  հեռու է այն վճռական քայլերէն, որոնք անհրաժեշտ են` ապահովելու արդար, կայուն եւ արժանապատիւ խաղաղութիւն:

Խաղաղութիւնը անկարելի է` առանց արդարութեան, իսկ նախայարձակումը չի կրնար կանխուիլ, երբ զայն կ՛օրինականացնեն եւ կը պարգեւատրեն:

 

 

 

 

Նախորդը

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Յաջորդը

Լիբանանի Կիրակնօրեայ Վարժարաններու Վերամուտի Միօրեայ Աշխատանքային Հաւաք Եւ Սուրբ Պատարագ

RelatedPosts

Միասնականութեան Ազգապահպան Ուժը
Անդրադարձ

Փաշինեան Կը Սխալի. Ո՛չ 4-րդ, Ո՛չ Ալ 3-րդ Հանրապետութիւն Կայ. Կան Միայն 1918 Եւ 1991 Թուականներու Երկու Հայկական Հանրապետութիւնները

Հոկտեմբեր 20, 2025
Դոկտ. Աբէլ Մանուկեանի «Մարդասիրութեան Վկանե՞րը», Թէ՞ «Մարդասիրութեան Վկայագիր» Գրքի Մասին
Անդրադարձ

Թիֆլիսի Սուրբ Ստեփանոս Կուսանաց Վանքը – Հայոց Հոգեւոր Ժառանգութիւնը, Խորհրդային Վայրագութիւններն Ու Հետագայ Վրացականացումը

Հոկտեմբեր 20, 2025
Ս. Յարութեան Հզօր Ազդեցութիւնը
Անդրադարձ

Հայ Օգնութեան Միութիւն (ՀՕՄ) (115-րդ Տարեդարձին Առիթով)

Հոկտեմբեր 18, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?