Իսրայէլի նախագահ Իսհաք Հերցոկ յայտարարած է, որ իր երկիրը պիտի ներկայացնէ Պաքուի մէջ ՔՈՓ29 կենսոլորտային խորհրդաժողովի ընթացքին: «Թայմզ աֆ Իզրայէլ» կը հաղորդէ, որ Հերցոկ ընդգծած է, որ կլիմայի փոփոխութեան հարցը շատ կարեւոր է:
Բացի ատկէ, Իսրայէլի նախագահը ըսած է, որ անհրաժեշտ է շրջանային համագործակցութիւն կառուցել ժամանակաշրջանի մը մէջ, երբ «չարիքի առանցք»-ը (նկատի ունի Իրանն ու անոր աջակցութիւնը վայելողները, «Ա.») կը փորձէ Իսրայէլը բոլոր կողմերէն պաշարել»:


