 Վրաստանի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլի նախատեսած է, որ այսօր տեղի ունենալիք խորհրդարանական ընտրութիւններուն ընթացքին «Վրացական երազանք» կուսակցութեան յաղթանակի պարագային, զինք կրնան պաշտօնազրկել եւ բանտարկել: Անոր խօսքերը կը մէջբերէ «Մթաւարի» պատկերասփիւռի կայանը:

«Թերեւս զիս պաշտօնազրկեն եւ բանտարկեն, եթէ ատիկա տեղի ունենայ», պատասխանած է նախագահը այն հարցումին, թէ ի՛նչ կրնայ տեղի ունենալ ընտրութիւններուն իշխող կուսակցութեան յաղթանակէն ետք:
Վրաստանի նախագահը 26 հոկտեմբերի խորհրդարանական ընտրութիւններուն կ՛աջակցի ընդդիմութեան:
Նախապէս խորհրդարանի նախագահ Շալւա Փափուաշվիլի յայտարարած էր, որ «Վրացական երազանք»-ը պիտի վերսկսի նախագահ Սալոմէ Զուրապիշվիլիի դէմ պաշտօնազրկման հոլովոյթը. պատճառը անոր արտասահմանեան այցելութիւններն են, որոնք համաձայնեցուած չեն եղած կառավարութեան հետ:
Վրաստանի սահմանադրութեան համաձայն, նախագահը միջազգային յարաբերութիւններուն մէջ ներկայացուցչական լիազօրութիւնները կը կատարէ կառավարութեան համաձայնութեամբ: Սահմանադրութեան խախտումը կրնայ հիմք դառնալ պաշտօնազրկման:

Նախագահին պաշտօնազրկումը յայտարարելու համար անհրաժեշտ է խորհրդարանի 100 անդամներու քուէն, սակայն իշխող կուսակցութիւնը առայժմ ունի 84 քուէ: