 Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը գերիներու ընտանիքներուն յայտնած է, թէ փորձ կը կատարուի կնքելու «փոքր գործարք» մը, որ Կազայի մէջ պահուող 4 գերիներու ազատ արձակում կը ներառէ:
Իսրայէլեան պատկերասփիւռի 12-րդ կայանը հաղորդեց, որ Իսրայէլի վարչապետ Պենիամին Նեթանիահուի գրասենեակը գերիներու ընտանիքներուն յայտնած է, թէ փորձ կը կատարուի կնքելու «փոքր գործարք» մը, որ Կազայի մէջ պահուող 4 գերիներու ազատ արձակում կը ներառէ:
Ըստ տեղեկութիւններու, «փոքր գործարք»-ը նաեւ կը ներառէ երկու շաբաթ տեւողութեամբ զինադադարի հաստատում:
Քաթարի վարչապետ, արտաքին գործոց նախարար Մոհամետ Պըն Ապտելռահման Ալ Թանի Միացեալ Նահանգներու արտաքին գործոց նախարար Էնթընի Պլինքընի հետ հինգշաբթի օր մամլոյ ասուլիսի ընթացքին յայտարարած էր, որ բանակցութիւնները պիտի շարունակուին:
Իսրայէլացի գերիներու ընտանիքները հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեցին բանակցութիւններուն վերականգնումը եւ Նեթանիահուին կոչ ուղղեցին` իսրայէլացի բանագնացներուն ամբողջական լիազօրութիւն տալու «մէկ անգամէն 101 գերիներու տունդարձի համաձայնութիւն գոյացնելու»:
Նեթանիահուի գրասենեակը հաղորդագրութիւն մը հրապարակելով ողջունեց Կազայէն գերիներու ազատ արձակման գործարքի ջատագովման Եգիպտոսի պատրաստակամութիւնը:
Գրասենեակը նշեց, որ Նեթանիահու Մոսատի տնօրէնին ցուցմունք տուած է Տոհա մեկնելու` օրակարգի վրայ գտնուող նախաձեռնութիւններու շարքին զօրակցութիւն ապահովելու համար:
Նախքան այդ, եգիպտական «Գահիրա» պատկերասփիւռի կայանը հաղորդած էր, որ եգիպտական ապահովական պատուիրակութիւնը Գահիրէի մէջ Համասի ղեկավարներու հետ կ՛ունենայ հանդիպում` քննարկելու համար Կազայի ներկայ կացութիւնը:
Կայանը նշած էր, որ հանդիպումը Կազայի մէջ զինադադարի հաստատման բանակցութիւնները շարունակելու եգիպտական ջանքերուն ծիրին մէջ է:
Համասի «Աքսա» պատկերասփիւռի կայանը իր կարգին հինգշաբթի օր հաղորդած էր, որ շարժումի պատասխանատուներէն Խալի Հայէի գլխաւորութեամբ պատուիրակութիւնը հասած է Գահիրէ` գերիներու փոխանակման եւ զինադադարի հաստատման գործարքին շուրջ քննարկումներ կատարելու համար:
 
			

