«Էն. Պի. Էյ.»-ի այս տարեշրջանի իր առաջին մրցումին, Տալաս Մեւրիքս Թեքսասի մէջ իր համակիրներուն ներկայութեան կրցաւ ուրախ պահել 20 հազարէ աւելի համակիրները` 120-109 արդիւնքով յաղթանակ մը տանելով Սան Անթոնիօ Սփըրզի դէմ:
Բոլորին աչքերը ուղղուած էին Քլէյ Թոմփսընի, որ 13 տարի խաղալէ եւ փայլելէ ետք լքած էր Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզը եւ միացած Մեւրիքսին:
Թոմփսըն իր վրայ դրուած յոյսերը իրականացուց եւ նշանակեց 22 կէտ (6 երեք կէտնոց կողովներ) եւ ձեռք ձգեց 7 ռիպաունտ:
Տալասի թիւ 1 աստղ Լուքա Տոնչիչ տապըլ տապըլով սկսաւ այս եղանակը` նշանակելով 28 կէտ եւ ձեռք ձգելով 10 ռիպաունտ, 2 էսիսթ եւս եւ ան կ՛իրականացնէ թրիփըլ տապըլը:
Քայրի Ըրվինկ 15 կէտ աւելցուց ի նպաստ Տալասի, որ լաւ ձեւով պաշտպանեց Սփըրզի դէմ: Սփըրզի ֆրանսացի «հսկայ» աստղ Վիքթոր Ուեմպանեամա 17 կէտ եւ 9 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Նիքոլա Եոքիչ Տենվըրի հետ տարեշրջանի իր առաջին թրիփըլ տապըլը իրագործեց` նշանակելով 16 կէտ, 12 ռիպաունտ եւ կատարելով 13 էսիսթ, սակայն ասոնք բաւարար չէին, որ Տենվըր յաղթէ Օքլահոմա Սիթի Թանտըրին, որ յաղթեց 102-87 արդիւնքով:
Չեթ Հոլմկրեն 25 կէտ եւ 14 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Օքլահոմայի: Անթոնի Էտուըրտծ 32 կէտ եւ 7 ռիպաունտ ձեռք ձգեց ի նպաստ Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզի, որ 117-115 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Սաքրամենթօ Քինկզը: Տըմար Տըրոզըն 26 կէտ նշանակեց ի նպաստ Քինկզի:
Ախոյեան Պոսթըն 122-102 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաշինկթըն Ուիզըրտծը: Ճէյսըն Թէյթըմ 25 կէտ եւ 11 ռիպաունտ ձեռք ձգեց:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Տենվըր Նակեթց – Օքլահոմա Սիթի Թանտըր 87-102
Սաքրամենթօ Քինկզ – Մինեսոթա Թիմպըրվուլվզ 115-117
Ուաշինկթըն Ուիզըրտծ – Պոսթըն Սելթիքս 102-122
Տալաս Մեւրիքս – Սան Անթոնիօ Սփըրզ 120-109


