Անցեալ տարուան Փարիզի մրցաշարքի տիտղոսակիր Նովաք Ճոքովիչ երէկ յայտնեց, թէ պիտի չմասնակցի յառաջիկայ շաբաթ տեղի ունենալիք թենիսի մրցաշարքին, չնշելով պատճառը:
Ասիկա պատճառ կրնայ դառնալ, որ սերպ թենիսմենը դուրս մնայ յառաջիկայ ամիս տեղի ունենալիք Մասթըրզի մրցաշարքէն, որ տեղի կ՛ունենայ Թորինոյի մէջ (Իտալիա):
Մասթըրզի մրցաշարքին կը մասնակցին աշխարհի լաւագոյն 8 թենիսմենները, եւ Ճոքովիչ այժմ կը գրաւէ դասաւորման 6-րդ դիրքը:
Սակայն կրնայ պատահիլ, որ իրմէ վեր դիրքեր գրաւող թենիսմեններ կէտերով անցնին իրեն, եթէ Փարիզի մրցաշարքին լաւ արդիւնքներ ձեռք ձգեն:
Եթէ Ճոքովիչ չմասնակցի այս տարի այլ մրցաշարքերու, այս տարի իր շահած միակ մրցաշարքը կրնայ ըլլալ Ողիմպիականի թենիսի մրցաշարքը Փարիզի մէջ:
24 կրան շլեմի տիտղոսներ շահած Ճոքովիչ 2017-էն ի վեր ձախողեցաւ որեւէ կրան շլեմի մրցաշարքի տիտղոս ձեռք ձգել: Եաննիք Սինըր (թիւ 1) եւ Քարլոս Ալքարաս (թիւ 2) երկուքական կրան շլեմի տիտղոսներ շահեցան այս տարի:
Այս զոյգէն անկախ, գերմանացի Ալեքսանտր Զվերեւն (թիւ 3) ալ առայժմ իրաւունք ունի մասնակցելու Մասթըրզի մրցաշարքին, որ տեղի կ՛ունենայ 10-էն 17 նոյեմբերին:
Թէյլըր Ֆրից, Ճոքովիչ, Քասփըր Ռուտ եւ Անտրէ Ռուպլեւ կը գրաւեն մնացեալ դիրքերը, սակայն Ալեքս Տը Մինաուր, Կրիկոր Տիմիթրով, Թոմի Փոլ եւ Սթեֆանոս Ցիցիփաս կրնան իրենց դիրքերը գրաւել, որովհետեւ կէտերով մօտ են:


