Հինգշաբթի գիշեր, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Քոնֆերենս լիկ»-ի մրցումներուն, Հայաստանի ներկայացուցիչ Նոա ակումբը Վիեննայի մէջ դժուար մրցում մը ունէր Ռափիտ Վիեննայի դէմ:
Լաւ ձեւով սկսելէն ետք, Նոայի իսլանտացի միջնապահ Կուտմունտուր Թորարինսոն ծանր ֆաուլի ենթարկուեցաւ եւ չկրցաւ շարունակել մրցումը: Ֆրանսացի յառաջապահ Վիրժիլ Փինսոն ոսկի առիթ մը կորսնցնելէ ետք, Ռափիտ հետզհետէ տիրապետելու սկսաւ մրցումին վրայ, եւ 31-րդ վայրկեանին Ռափիտի խրուաթ յառաջապահ Տիոն Պելիօ նշանակեց կոլ մը:
Նոա Բ. կիսախաղին փոփոխութիւններ կատարեց, եւ դաշտ ներկայացան Գոռ Մանուէլեան, Կոնսալօ Կրեկորիօ, ինչպէս նաեւ Էրալտօ Չինարին, բայց դժբախտաբար անոնք չկրցան արդիւնքը փոխել: Այլ մրցումի մը, Չելսի 4-1 արդիւնքով մեծ յաղթանակով վերադարձաւ Յունաստանէն, Փանաթինայքոսի դէմ մրցումէն:
Ժոաօ Ֆելիքս (2), Միքայլօ Մուտրիք եւ Քրիսթոֆըր Էնքունքու նշանակեցին Լոնտոնի կազմին կոլերը, մինչ ուրուկուէյցի Ֆաքունտօ Փելլիսթրի նշանակեց Փանաթինայքոսի միակ կոլը:
Ստորեւ` արդիւնքները.
Ռեյքիաւիք – Սերքլը Պրիւժ 3-1
Ափոյէլ – Պորաչ Պանիա Լուքա 0-1
Զելիէ – Պաշաքշեհիր 5-1
Տիուրկարտեն – Վիթորիա Կիմարայեշ 1-2
Ղենթ – Մոլտէ 2-1
Հաթս – Օմոնիա 2-0
Փանաթինայքոս – Չելսի 1-4
Ռափիտ Վիեննա – Նոա 1-0
Սենթ Կալ – Ֆիորենթինա 2-4
Ռէալ Պեթիս – Քոփենհակեն 1-1
Փաֆոս – Հայտընհայմ 0-1


