Ամիսներէ ի վեր լիբանանցին կ՛ապրի ճգնաժամային պայմաններու մէջ: Կէս դարէ աւելի Լիբանանի մէջ տիրող տագնապալի իրավիճակը մեր բոլորին վրայ ժխտական ազդեցութիւն ունեցած է, նաեւ պատճառ դարձած է, որ տանք մեր կեանքին վերաբերող զանազան որոշումներ` ըլլան անոնք ճիշդ կամ սխալ: Բայց եւ այնպէս, պէտք չէ մեր վճռական որոշումները տանք սարսափի, նեղութեան կամ բարկացած ժամանակ: Նոյնպէս սխալ է վճռականօրէն որոշել մեր ուրախութեան ժամանակ: Կեանքի որոշումները պէտք չէ տանք զգացական քայլերով, այլ միմիայն վստահինք մեր մտքին եւ տրամաբանութեան, որպէսզի նոյնիսկ եթէ սխալած ըլլանք, մեծ ու անդառնալի սխալներու դէմ յանդիման չգտնենք մենք մեզ:
Յոյսը մեծ դեր ունի թարմացնելու տուեալ պայմաններու բերումով լարուած մեր ջիղերը եւ շփոթահար միտքերը: Պայքարինք, որպէսզի չկորսնցնենք մեր յոյսը` քաջ գիտնալով, որ ներկայ ճգնաժամային պայմանները ժամանակաւոր են, եւ շուտով խաղաղ օրեր պիտի ունենանք մօտիկ ապագային: Օրուան ընթացքին հեռու մնանք լրատուական ցանցերէն, որոնք անդադար ահազանգային մթնոլորտ կը ստեղծեն եւ ժխտական ազդեցութիւն կ՛ունենան մեր հոգեկանին վրայ: Մեր ազատ ժամանակը մեր նախասիրած երգերով լեցնենք, կամ շինիչ գործեր կատարենք: Երբ ընկերային կամ ընտանեկան հաւաքի մը ըլլանք, փորձենք քաղաքականութեան կամ պատերազմական նիւթերէ հեռու մնալ: Կեդրոնանանք զանազան տեսակի գիրքեր կարդալու վրայ` ըլլան անոնք պատմական, սիրային, գիտական, ընկերային կամ կրօնական, նաեւ նոյնանման նիւթերով լեցուն յօդուածներ կարդալով` մեր միտքերը հարստացնենք գիտութեամբ եւ սնունդ տանք մեր հոգեկանին: Մարզանքը նաեւ դրական ազդեցութիւն կ՛ունենայ մեր հոգեկանին վրայ, ինչպէս նաեւ` մեր առողջութեան: Հեռու մնանք ժխտական անձերէ եւ մեր շուրջ դրական մթնոլորտ ստեղծենք, դրական շրջապատ ունենանք, որպէսզի կարողանանք այս դժուար փուլը անվնաս կամ ամենափոքր վնասով բոլորել: Ապահով մնացէք:



