Քառասուն օրեր առաջ, երկարատեւ ու տանջալից հիւանդութենէ մը ետք կեանքին հրաժեշտ տուաւ Պուրճ Համուտի թաղապետներէն մէկը` Յովսէփ Պապէթեանը:
Լիբանանի քաղաքացիական պատերազմի սկզբնական շրջանին Յովսէփ Պապէթեան, հազիւ թեւակոխած երիտասարդական տարիքը, միացած էր Խաչիկ Պասմաճեանի ղեկավարած պահակներու խումբին: ՀՅ Դաշնակցութեան համակիր թաղեցին բծախնդրօրէն կատարեց թաղամասի ապահովութեան հսկողութիւնը եւ թաղեցիներու կարիքներու գոհացման պարտականութիւնը: Միաժամանակ ան թրծուեցաւ ՀՅ Դաշնակցութեան գաղափարաբանութեամբ եւ շուտով, իր ծառայութիւնը մնայուն դարձնելու մտադրութեամբ, ուխտեց հաւատարիմ մնալ Դաշնակցութեան ծրագրին ու կանոնագրին եւ միացաւ անոր շարքերուն:
Յովսէփ Պապէթեան մաս կը կազմէր ՀՅԴ «Սարդարապատ» կոմիտէութեան: Ան իր կուսակցական գործունէութեան ընթացքին ցուցաբերեց հաւատաւոր ու կարգապահ դաշնակցականի վարքագիծ: Ունեցաւ բազմատեսակ պարտականութիւններ: Դարձաւ անդամ յանձնախումբերու, ստանձնեց պատասխանատու պաշտօններ, եղաւ «Սարդարապատ» կոմիտէի երկարատեւ անդամ ու շրջան մը` հերթապահ: Միշտ գործի պատնէշին վրայ` Յովսէփ Պապէթեան բծախնդրութեամբ կատարեց ակնկալուած աշխատանքը, անձնուրաց կերպով, յաճախ մոռնալով սեփական գործ ու ընտանիք:
Ունէր համոզելու ու տարակարծութիւնները հարթելու կարողութիւն, հետեւողական կերպով կը պաշտպանէր իր տեսակէտները` միշտ մնալով ընկերականութեան ջերմ հաւատացող:
Յովսէփ Պապէթեան մաս կը կազմէր այն սերունդին, որ թրծուեցաւ լիբանանեան քաղաքացիական պատերազմի դաժան պարտադրանքներով: Պարզ զինուորէն մինչեւ կոմիտէի ներկայացուցիչ` ան քալեց Դաշնակցութեան համեստ, կարգապահ ու պարտաճանաչ զինուորի ճանապարհէն: Թող իր օրինակը ցուցանիշ դառնայ մնացողներուս ու յիշատակը մնայ անթառամ:
ՀՅԴ «ՍԱՐԴԱՐԱՊԱՏ» ԿՈՄԻՏԷ


