ԱՐՄԷՆ ԱԲՂ.
«Քննեցէ՛ք դուք ձեզ` տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք: Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ՞ պարզապէս իր անունը կը կրէք»
(Բ. Կր 13.5):
Իւրաքանչիւր նամակ, որ գրուած է Պօղոս առաքեալին կողմէ տուեալ եկեղեցւոյ մը համար, իր մէջ պատգամ մը, յորդոր մը, խրատ մը եւ կամ յանդիմանական բնոյթի խօսք մը կը բովանդակէ: Այսօրուան բնաբանը ուղղուած է կորնթացիներուն, այն եկեղեցւոյ, որ հիմնուած է Պօղոս առաքեալի ձեռամբ: Սակայն ժամանակի ընթացքին նոյն եկեղեցւոյ կեանքին մէջ կը սկսին մուտք գործել անձնաւորութիւններ, որոնք տատամսումի, դժգոհանքի, երկուութեան եւ զարմանքի պատճառով Պօղոսի դէմ կը դիրքաւորուին: Այդ իսկ պատճառով առաքեալը իմաստուն եւ համբերատար գտնուելով, նամակ մը կը յղէ անոնց` հարց տալով, թէ արդեօք նոյն հաւատքին մէջ հաստա՞տ են, արդեօք կը զգա՞ն Քրիստոսի ներկայութիւնը իրենց էութեանը մէջ:
Եկէ՛ք եւ այս հարցումներուն պատասխանը որոնենք ու տեսնենք, թէ ի՞նչ կապ ունին անոնք մեր այսօրուան կեանքին հետ:
«Քննեցէ՛ք դուք ձեզ` տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէջ կը մնա՞ք»: Ահաւասիկ առաջին նախադասութեան առաջին հարցումը` ուղղուած իւրաքանչիւր հաւատացեալի: Այսօրուան մարդը թոհուփոհի մէջ է, տնտեսական տագնապը, պատերազմները, բնութեան եւ մարդուն պատճառած աղէտները մարդը դարձուցած են անհաւատ: Այս բոլորը մարդուն հոգեկան, ֆիզիքական եւ բարոյական վիճակներուն վրայ կ՛ազդեն եւ այնպիսի կացութեան մը կը մատնեն, որ անոր հաւատքի եւ յոյսի քանդման պատճառ կը դառնան:
Քննութենէ անցնելու իրողութիւնը հասարակաց է կեանքի այլազան մարզերէն ներս: Այսպէս, բժշկութեան մէջ որեւէ գործողութենէ առաջ բժիշկը իր օգնականներով կը քննէ հիւանդը եւ անոր առնչուող տեղեկութիւնները, որպէսզի նուազագոյնի իջեցնէ վտանգը եւ առաւելագոյնս ապահովէ յաջող արդիւնք մը: Օդաչուն կը քննէ օդանաւի բոլոր գործիքները` նախքան թռիչք առնելը: Զինուորական մարզէն ներս, նախքան որեւէ զգայացունց որոշում տալը եւ կամ յարձակում կատարելը, թեր ու դէմ բոլոր տուեալները կը քննուին` ըստ կարելւոյն ռազմական պատուաւոր գործողութիւն մը ունենալու համար: Մարզական կեանքէն ներս, յաճախ խաղերու իսկ ընթացքին, մարզիչը վերաքննութեան կ՛ենթարկէ խաղի ռազմավարութիւնը: Հասարակական որեւէ ներկայացումէ կամ ելոյթէ առաջ կը փորձարկուին ձայնային թէ պատկերային բոլոր գործիքները: Ընթացիկ կեանքի կանոնաւորութեան համար եթէ այսքան հրամայական է քննելն ու փորձելը, որքա՛ն աւելի կենսական է մեր հոգեւոր կեանքի պարագային: Որքան աւելի քննենք մենք զմեզ, նոյնքան աւելի մեր ողջ էութիւնը առողջ աճ կ՛ունենայ, եւ դիւրաւ կը զատորոշենք բարին չարէն
Բայց, եկէ՛ք, պահ մը Հին եւ Նոր կտակարանները սերտենք, մեր մարդկային տկար միտքով վերլուծենք, արդեօ՞ք նոյնը չէր վիճակը մարգարէներու ժամանակ, նոյնը չէ՞ր վիճակը Քրիստոսի ժամանակ: Բնականաբար նոյնն էր: Մարդիկ կորսնցուցած էին իրենց հաւատքը, բոլորս ալ գիտենք Սոդոմ Գոմորի դրուագը, Իսրայէլի ժողովուրդին գերութենէն ազատուիլը եւ իրենց հաւատքի կործանումը առ Աստուած ու անտարբերութեան մէջ մնալը, փարիսեցիներուն եւ օրէնքի ուսուցիչներուն ու մանաւանդ հռոմէացիներուն կեցուածքը, այս բոլոր անձնաւորութիւնները իրենց հաւատքը կորսնցուցած էին, Քրիստոսի տուած, պատգամած հաւատքէն հեռու էին: Այդ իսկ պատճառով առաքեալը կոչ կ՛ուղղէ բոլոր եկեղեցիներուն, որ քննեն իրենց անձերը` տեսնելու համար, թէ նոյն հաւատքին մէ՞ջն են:
Այսօր ալ նոյնը կը պատահի, ինչ որ պատահեցաւ 2000 տարի առաջ: Այսօր մենք բոլորս փոքր ճնշումի մը տակ եթէ ըլլանք, անմիջապէս մեր հաւատքը կը կորսնցնենք եւ կը մոռնանք, որ Քրիստոս անունով մէկը կայ, որ Իր անձը զոհեց մեզի համար: Կը մոռնանք այն աւետարանական ճշմարտութիւնները, զորս փոխանցուեցան մեզի: Փոթորիկի հանդարտեցման պատմութիւնը, իւղաբեր կիներուն հանդիպած հրաշալի ու աննկարագրելի ճշմարտութիւնը եւ առաքեալներուն հետ պատահած բոլոր իրականութիւնները: Այս բոլորով հանդերձ, տակաւին մենք չենք կրնար քննել եւ կը մնանք մեր այդ հաւատքին, որ ոչ թէ աւանդուեցաւ Քրիստոսի կողմէ, այլ` փարիսեցիներուն եւ չար ուսուցում կատարողներուն: Հիմա է ժամանակը սիրելի՛ հաւատացեալներ, քննելու մեր անձերը, հիմա է ժամանակը, գօտեպնդելու եւ զօրացնելու մեր հաւատքը, հիմա է ժամանակը վերադառնալու Քրիստոսի անխախտ հաւատքին, որ մարդը կը կերպարանափոխէ, ուժ կու տայ, զօրութեամբ կը լեցնէ, միտքը կը պայծառացնէ եւ զայն որդեգիր կը դարձնէ Աստուծոյ:
Քննենք մեր անձերը, սիրելինե՛ր, գտնենք ու տեսնենք մեր թերութիւնները, փորձենք մեր կարելին ընել` զանոնք ճշդելու, որպէսզի մնանք մեր հաւատքին մէջ հաստատ: Նեղութիւնները, թող խթան չհանդիսանան մեր հաւատքի կործանման եւ քանդումին: Անոնք ազդակներ են մեր հաւատքը զօրացնելու:
Երկրորդ` «Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին, թէ՞ պարզապէս իր անունը կը կրէք»: Ահաւասիկ երկրորդ հարցումը` առաքեալին կողմէ: Այս խօսքը համեմատութիւնն է Պօղոս առաքեալի այն հաստատումին, թէ մենք Աստուծոյ տաճարներն ենք: Հետեւաբար որքանո՞վ կը զգանք Աստուծոյ ներկայութիւնը մեր մէջ: Երբ փորձութեան մատնուինք կը զգա՞նք անոր ներգործութիւնը մեր մէջ:
Աստուած բոլորիս ալ էութեան մէջ Իր դրոշմը դրած է`ըստ Ծննդոց գիրքին: Ինքնաքննութեան ամէնէն պարզ ու գործնական չափանիշը առաքեալը ի՛նք կը հայթայթէ մեզի` ըսելով. «Փորձեցէ՛ք դուք ձեզ. Քրիստոս Յիսուսի ներկայութիւնը կը զգա՞ք ձեր ներսիդին»: Չարը ջանք ու ճիգ չի՛ խնայեր ինքնարդարացման միջոցով մեզ անկման առաջնորդելու, մինչդեռ մենք պէտք է արթուն եւ զգաստ ըլլանք` տեսնելու, թէ մեր կամքը Աստուծոյ կամքին զուգահե՞ռ է: Մեր Տէրը Իր երկրաւոր կեանքի ամբողջ ընթացքին սորվեցուց մեզի Հայր Աստուծոյ նայիլ: Աստուծոյ կամքը կատարելը լաւագոյն երաշխիքն է, որ մօտ ենք Աստուծոյ եւ Անոր նմանելու ուղիղ ընթացքին մէջ ենք:
Հաւատքի ախոյեան եւ հոգատար դաստիարակ առաքեալին այս անկեղծ հրաւէրը մեր ամէնօրեայ կեանքի սնունդը դարձնելով` Ներսէս Շնորհալի հայրապետին հետ աղօթենք ու ըսենք. «Իմաստութիւն Հօր` Յիսուս, տուր ինծի իմաստութիւնդ, որպէսզի բարի բաներ խորհիմ, խօսիմ ու գործեմ: Չար մտածումներէ, խօսքերէ ու գործերէ փրկէ՛ զիս», որպէսզի գոհաբանեմ Ամենասուրբ Երրորդութիւնը: Ամէն:
Հալէպ, Սուրիա
6/10/2024


