Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Մեծ Հայ Մը Գնաց Յաւերժի Ուղիով` Կտակելով Ազգի Ոգեկան Հարստութիւնը

Հոկտեմբեր 26, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յ. ՊԱԼԵԱՆ

Արդէն շաբաթէ մը ի վեր Կարպիս Ափրիկեան հրաժեշտ տուած է աշխարհին: Ճակտի գիրը այնպէս է, որ անոր ալ զլացուած պիտի ըլլայ նախահայրերու կողքին, հայրենի հողի մէջ հանգչելու իրաւունքը:

Ան հանդիսացաւ, գրեթէ դար մը, հայ մշակոյթին քուրմը  եւ եղաւ անոր անխոնջ սպասարկուն: Իր տաղանդով կրնար այլապէս դիրքեր նուաճել, բայց մնաց Կոմիտասի եւ Կանաչեանի ժառանգութեան ուղիղ գիծին վրայ, օտար դռներ թակելով` յաջողութիւն եւ փառք չհետապնդեց: Ինչպէս եղած է իրաւ մեծերու պարագային, մնաց հաւատարիմ իր առհաւական կոչման: Իր կարողութիւնը եւ արուեստը, ներիմացական հզօր գիտակցութեամբ, ծառայեցուց հայ մշակոյթին` սերունդներ դրոշմելով հայ ազգային իրաւութիւն ունեցող երաժշտութեամբ եւ հայ երգով: Ինչ որ ստացած էր որպէս հոգեկան ժառանգութիւն, զայն բազմապատկելով` վերադարձուց իր ժողովուրդին: Իսկ այդ ժողովուրդը ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս տէր պիտի մնայ կտակուած հարստութեան:

Կարպիս Ափրիկեան ո՛չ թէ պետութեան մը ընձեռած հնարաւորութիւններով, այլ իր ուխտը կատարող  նուիրուածի ազնուական յամառութեամբ հնչեցուց հայ երաժշտութեան որակը, որ նաեւ որակն էր հայ ժողովուրդի ստեղծագործ ոգեկանութեան: Անմիջականի, աղմուկի  եւ ջահերու փորձութեան ընդառաջ չգնաց:

Պէտք է յիշել, թէ ինչպէ՛ս Կարպիս Ափրիկեան, իր օրուան աշխատանքէն ետք, կը սկսէր իր երկրորդ օրը, այս անգամ` ՍԻՓԱՆ-ԿՈՄԻՏԱՍ երգչախումբին հետ, որուն բեմական ելոյթներուն ներկաները հպարտութեամբ կը ծափահարէին, բայց քիչեր ըստ արժանւոյն կը գնահատէին, ինչ որ ազգային իրաւ եւ մեծ ծառայութիւն էր, եսի եւ անհատականի գերանցումով ներդրումը, որ կիրակնօրեայ աղմուկի յարդի բոց չէր: Եթէ բնական պայմաններու մէջ ապրող ժողովուրդ ըլլայինք, այսօր Կարպիս Ափրիկեանի անունը եւ հռչակը արձանագրուած կ՛ըլլային համայնագիտարաններու մէջ, ստեղծագործութիւնները կը հնչէին աշխարհի մեծ բեմերէն:

Կարպիս Ափրիկեանի արխիւը կը գտնուի Հայաստան: Կը մտածեմ, թէ ինչո՞ւ մեր դասական մեծերու շարքին, Հայաստան եւ սփիւռք, հերթականութեամբ, սրահներու մէջ չեն հնչեր Կարպիս  Ափրիկեանի ստեղծագործութիւնները, որոնք այլապէս կը վկայեն հայ ժողովուրդի ոգեկան ժառանգութեան մասին:

Հայկական սփիւռքը` որպէս ազգի հարազատութիւն, շարունակեց տեւել եւ կը տեւէ, որովհետեւ եղած են, կան եւ պիտի ըլլան ընդդէմ եւ ի գին ամէն բանի, նախայարձակումներու,  ազգի եւ արժէքներու անխառն ոգեկանութեամբ առաջնորդուողներ, անոնք միշտ եղած են ազգը պահողներ, ներսը եւ դուրսը,  հակառակ անտեսումներու, լքումներու, ուրացումներու, որոնք կը յատկանշեն ամբոխի մակերեսային կարճ յիշողութիւնը:

Կարպիս Ափրիկեան արուեստի սպասարկու էր, ճիշդ է: Բայց իր արուեստի նուիրուածութեամբ ան նաեւ իրողապէս յանձնառու հայ էր, ազգի եւ սփիւռքի կացութեան բարդ հարցերը հեռուէն եւ մատներու արանքէն չէր դիտեր: Այդպէս եղած են բոլոր ժողովուրդներու իրաւութիւն ունեցողները: Թերեւս ոմանք անտեղի պիտի համարեն յիշել եւ յիշեցնել, որ ան չէր վարանած ազգի ծառայութեան ինքզինք կոչած հայ քաղաքական կազմակերպութեան անդամ ըլլալ, անոր պայծառ դէմքերէն ստացած էր գաղափարական աւանդ, մնացած էր պատնէշի վրայ, հեռուէն չէր դիտած: Անտեղի չէ  յիշել Կարպիս Ափրիկեանի հաւատաւոր դաշնակցականի կոչումը, որ չէր գոհացած հանդիսատեսի դերով, եղած էր կազմակերպութեան իրաւ ներկայ անդամ, վարած էր պատասխանատու պաշտօններ, ինչպէս` Ֆրանսայի կազմակերպութեան Կեդրոնական կոմիտէի, ինչ որ կը վկայէ այն մասին, որ ան չէ եղած սպիտակ ձեռնոցներով բեմ բարձրացող արուեստագէտ:

Ինչպէ՞ս շարունակել ընթանալ հաւատաւոր հայու ուղիով, պահել եւ յարգել արուեստագէտին յիշատակը եւ ժառանգութիւնը, աւելի ճիշդ պիտի ըլլայ ըսել` շարունակել ընթանալ, միաժամանակ ծառայելով արուեստին եւ ազգին, այսինքն` նուաճել բեմերու եւ խօսափողի տուրք չտալու իրաւութիւն, եւ երաժշտութիւնը չստորնացնել` զայն համարելով նուագածութիւն:

Կարպիս Ափրիկեան, ամբողջական ըլլալու միտումով, գործեց եւ ապրեցաւ, իրաւ     հայու կեանքի վկայութիւն, ազգին տրուած բազմաբովանդակ եւ անխարդախ ծառայութիւն` իր արուեստով եւ  յանձնառութեամբ:

Ինքզինքիս թոյլ կու տամ կրկին յիշել վաւերական հայ գրող Վիգէն Խեչումեանը, որ ըսած էր, թէ` «Ուրիշի դրանը քեզ կը կոչեն հիւր, որպէսզի չասեն ծառայ»:

Կարպիս Ափրիկեան փառքի եւ յաջողութեան համար, ինչպէս հիմա սովորաբար կ՛ըսուի` «լաւ ապրելու իրաւունքի», հաւատարմութեամբ մնաց իր հայու տիեզերքին մէջ, կանգ չառաւ ուրիշի դռներուն առջեւ:

Ժամանակակից մեծ մը:

Ամբողջականութեան դրոշմով  ապրած եւ գործած օրինակելի Կարպիս Ափրիկեան:

Անհանգստացնող հարցում մը. ինչպէ՞ս պահել կտակ եւ արժէք: Ո՞վ, ո՞ւր եւ ինչպէ՞ս հայը հաղորդ պիտի պահէ Կարպիս Ափրիկեանի անանձնական ոգեկանութեան, որպէսզի մնանք մեր հարազատութեան մէջ:

Կարպիս Ափրիկեանի գործը պահել կենդանի` պարզին վսեմութեամբ, նպաստելու համար հայկական կենդանութեան: Հայաստան եւ բազմանուն սփիւռք(ներ), ողջմտութեամբ գիտնալով, որ եթէ մենք տէր չըլլանք եւ չմնանք մեր արժէքներուն եւ ոգեկան աննիւթական ժառանգութեան, որ դրամատնային հաշիւ չէ, շէնքի ճակատին գրուած  յատուկ անուն չէ , ո՛չ ոք այդ պիտի ընէ մեր փոխարէն:

Լսել Կարպիս Ափրիկեանի «Օրաթորիօ»-ն, եւ միւս ստեղծագործութիւնները… որպէսզի մենք մե՛նք մնանք, չայլանանք:

Յարգանք դարու տեւողութեամբ օրինակելի վաստակիդ եւ կեանքիդ դիմաց, անոնք աւելի հզօր յիշողութիւն են քան նոյնինքն մահը, որ տիեզերական ճակատագիր է:

Ինչ որ կը մտածեմ գրեցի, աւուր պատշաճի խօսք չէ, սրտի խօսք է, կը յիշեմ յանձնառու հայը եւ ստեղծագործող արուեստագէտը, մարդը, յօրինակ այլոց, փառքի եւ յաջողութիւններու մեծ ու պզտիկ աստ եւ անդ գերաճող վաշխառուներուն:

Եթէ մեր տարբերութիւնները յաղթած ժողովուրդ ըլլայինք, գիտնայինք մեր արժէքները ազգի տեսանկիւնէ ճիշդ տեսնել եւ գնահատել, Կարպիս Ափրիկեանի կ՛ընձեռուէր հայրենի հողին մէջ եւ նոյն սէրերուն ծառայած մեծերու կողքին հանգչելու իրաւունքը: Այս ալ ընդունիլ որպէս շիշի մէջ դրուած եւ ծովը նետուած սրտագին կոչի նամակ, որ մէկութեան բաղձանք է:

22 հոկտեմբեր 2024, Փարիզ

Նախորդը

Բացայայտուեցաւ Պաքուի Մէջ Գումարուելիք Կլիմայի Վեհաժողովին Վերաբերող ՄԱԿ-Ազրպէյճան Համաձայնագիրին Բովանդակութիւնը

Յաջորդը

Յովսէփ Պապէթեանի Յիշատակին

RelatedPosts

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի.  Յանձնառու ՀՕՄ-ականը
Անդրադարձ

Խմբագրական «Հայրենիք»-ի. Յանձնառու ՀՕՄ-ականը

Հոկտեմբեր 27, 2025
Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում
Անդրադարձ

Ցեղասպանութիւն Եւ Ողջակիզում

Հոկտեմբեր 27, 2025
Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին
Անդրադարձ

Հոսանքի Մէջ. Նպաստառուները Յայտարարուած Են Ստեղծագործութիւնը Լիբանանահայ Համայնքի Կիզակէտին

Հոկտեմբեր 27, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?