Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարար Ժան-Նոել Պարրօ Ազրպէյճանը մեղադրած է Հայաստանի նկատմամբ միջազգային օրէնքը խախտելու յանցանքով:
Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախարարը Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նիստի ընթացքին իր արտասանած խօսքին մէջ նշած է, որ Ֆրանսան միշտ պիտի գտնուի միջազգային օրէնքի ու արդարութեան կողքին եւ պիտի դատապարտէ տարբեր շրջաններու մէջ միջազգային օրէնքի խախտումները:
Ան մասնաւորաբար նշած է Ազրպէյճանի կողմէ Հայաստանի մէջ միջազգային օրէնքի խախտումը: