Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

Հոկտեմբեր 24, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

– ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ «Միտըլ Իսթ Էրլայնզ» օդանաւային ընկերութեան տնօրէնի խորհրդական Մոհամետ Ազիզ յայտնեց. «Մեր օդաչուները չեն ջանար հերոսներ ըլլալ, այլ կ՛ուզեն իրենց պարտականութիւնները կատարել անվտանգութեան ու ապահովութեան արժեչափերու ծիրին մէջ, եւ հաստատօրէն բարձր կարողականութիւն ունին եւ բաւարար քաջութիւն շրջանցելու համար դժուարութիւններն ու պարտականութիւնը, սակայն միեւնոյն ժամանակ հաւասարակշռուած միտք ունին, որ կը դատէ վտանգները»:

Ան քուէյթեան «Անպա» օրաթերթին յայտնեց. «Գոյութիւն ունին մեծ տէրութիւններէ հաւաստիացումներ, սակայն կարելի չէ երաշխիքներու մասին խօսիլ, եւ մինչեւ հիմա ոչ ոք օդակայանին «կողմը մօտեցաւ», մինչ յուլիս 2006-ի պատերազմին առաջին հարուածը Պէյրութի օդակայանին էր»:

– ԿԵՆՍՈԼՈՐՏԻ նախարարի պաշտօնակատար, արտակարգ իրավիճակներու ազգային յանձնախումբի նախագահ Նասեր Եասին հինգշաբթի օր Փարիզի մէջ Լիբանանի աջակցութեան միջազգային խորհրդաժողովի նախօրեակին «Ռոյթըրզ» լրատու գործակալութեան յայտնեց, որ Լիբանան իսրայէլեան յարձակումին պատճառով շուրջ մէկ միլիոն տեղահանուածներուն օգնելու համար ամսական 250 միլիոն տոլարի կարիք ունի:

. «ՍԻ. ԷՆ. ԷՆ.» հաղորդեց, որ Միացեալ Նահանգներու պաշտպանութեան նախարար Լոյտ Օսթին յայտնած է. «Մինչեւ հիմա Պէյրութի հարաւը «Սահել» հիւանդանոցին տակ Հըզպալլայի թաքստոցի գոյութեան փաստ չտեսանք»:

– ԵՐԷԿ առաւօտեան Ժըսր Պաշայի «Սիքա» շէնքին մէջ թուղթի գործարանի մը մէջ ծագած հրդեհին պատճառով 5 զոհեր արձանագրուեցան:

– ԳԵՐՄԱՆԱԿԱՆ «Լուֆթանզա» օդանաւային ընկերութիւնը «Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ զինեալ տագնապին պատճառով» դէպի Պէյրութ իր թռիչքներու առկախումը մինչեւ 28 փետրուար 2025 կ՛երկարաձգէ:

Ընկերութիւնը նաեւ նշեց, որ Իրանի վրայ իսրայէլեան յարձակումի նախատեսութիւններուն պատճառով դէպի Թեհրան իր թռիչքներու առկախումը մինչեւ 31 յունուար 2025 կ՛երկարաձգէ:

 

Նախորդը

Պարրօ. «Ազրպէյճանը Կը Խախտէ Հայաստանի Նկատմամբ Միջազգային Օրէնքը»

Յաջորդը

Քաթարի Իշխանն Ու Գերմանիոյ Վարչապետը Քննարկեցին Կազայի Եւ Լիբանանի Մէջ Տիրող Կացութիւնները

RelatedPosts

Ըստ «Ռոյթըրզ»-ի.  Ուաշինկթըն Լիբանանի Վրայ Ճնշում Կը Բանեցնէ, Որպէսզի Բանակցութիւններու Շարունակումէն Առաջ Հըզպալլան Զինաթափելու Կառավարական Որոշում Որդեգրէ
Գլխաւոր լուրեր

Պարրաք. «Լիբանանի Քայլեր Կատարելու Ձախողութիւն Հըլպալլայի Եւ Իսրայէլի Միջեւ Զիուորական Հաւանական Տագնապի Վտանգը Կը Ստեղծէ»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»
Լիբանանեան

Զօր. Նաքտի. «Հըզպալլան Զգուշացուցինք Փէյճըրները Օգտագործելու Վտանգներէն»

Հոկտեմբեր 21, 2025
Աուն-Պըրրի Հանդիպում
Լիբանանեան

Աուն-Պըրրի Հանդիպում

Հոկտեմբեր 21, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?