Պէտք է գտնել փոխադարձ ընդունելի լուծում մը, որուն կողմնակից կ՛ըլլան թէ՛ Երեւանը, թէ՛ Պաքուն: Այս մասին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին խօսելով Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային հաղորդակցային ուղիներու ապաշրջափակման մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
Ան ընդգծած է, որ ապաշրջափակումէն պիտի շահի ամբողջ շրջանը:
«Նաեւ կ՛ուզեմ յիշեցնել Ռուսիոյ փոխվարչապետ, Հարաւային Կովկասի մէջ փոխադրամիջոցային ուղիներու ապաշրջափակման հարցով եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահ Ալեքսէյ Օվերչուքի` տուեալ հարցին շուրջ մեկնաբանութիւնը, որ Հարաւային Կովկասի մէջ տնտեսական եւ փոխադրամիջոցային միջանցքներու ապաշրջափակումը կարելի է միայն Ռուսիոյ մասնակցութեամբ», ըսած է Զախարովա: