Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ան-ՄԱԿ-արդակ

October 24, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՅԱԿՈԲ ԼԱՏՈՅԵԱՆ

Անհասկնալի եւ ընդվզեցուցիչ երեւոյթի մը դէմ յանդիման կը գտնուինք: Ամբողջ Միացեալ ազգերու կազմակերպութեան հեղինակութիւնը խնդրոյ առարկայ է: Երեւակայեցէք, որ աշխարհի վրայ գտնուող երկրի մը բարձրագոյն պատասխանատու մը` նախագահ, վարչապետ, զինուորական, համարձակի ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին հրաժարականը պահանջել կամ զայն անբաղձալի անձ նկատէ, ՄԱԿ-ի ապահովութեան եւ խաղաղապահ ուժերը թիրախ դարձնէ: Ապահովական խորհուրդը արտակարգ նիստ կը գումարէ, պատժամիջոցներ կ՛որդեգրէ, աջ ու ձախ զինուորական սպառնալիքներ կը տրուին, նոյնիսկ գահընկէց կ՛ըլլայ տուեալ երկրի ղեկավարը:

Սակայն այդ մէկը կ՛ըլլայ, եթէ Իսրայէլի պետութիւնը չ՛ըլլար: Իսրայէլի պետութեան արտօնուած է ամէն բան: Ուզածը կ՛ընէ, կը յայտարարէ, կը սպառնայ եւ կը գործադրէ, անձեռնմխելի է:

Գիտէ՛, որ ՄԱԿ-ը անզօր է:

Գիտէ՛, որ Միացեալ Նահանգները իր հովանաւորն են:

Գիտէ՛, որ արաբական աշխարհը պատանդ է Արեւմուտքի ճնշումներուն:

Գիտէ՛, որ անպատիժ պիտի մնայ:

Միացեալ ազգերու կազմակերպութիւնը այս ձեւով անմակարդակ, արժեզրկուած, անկարող եւ տարբեր միակողմանի նպաստներու համար ստեղծուած կառոյցի մը վերածուած է եւ այդպէս ալ պիտի շարունակէ, եթէ Իսրայէլի պետութեան յայտարարութիւնները, աշխատելաոճը եւ ընթացքը չկարենայ կասեցնել:

Իմաստ չունի շարունակելը, նպատակ ալ չկայ շարունակելու մէջ:

Անարդար, միակողմանի եւ ժողովուրդներու իրաւունքները պաշտպանելու անկարող կառոյցի մը վերածուած է:

Մեծ ամօթ մըն է, որ Իսրայէլի պետութեան կողմէ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր քարտուղարին հասցէին արտասանուած խօսքերը մնացին անարձագանգ նոյնինքն կազմակերպութեան անդամ երկիրներուն  կողմէ:

Դատապարտելու, ներողութիւն պահանջելու, կազմակերպութեան վարկը բարձր պահելու մտահոգութիւնը փաստօրէն ոչ ոքի հոգն է: Իւրաքանչիւրը իր հաշիւներով եւ թափանցումներով ձեւով մը հաշուետու եղած է Իսրայէլի պետութեան` զայն գոհ պահելով իր լռութեամբ, ուրիշ մը` օժանդակութեամբ, ուրիշ մը` զօրակցութեամբ:

Դժբախտաբար ա՛յս է իրական պատկերը: ՄԱԿ-ը դարձած է անմակարդակ, եւ այս կացութեան պատասխանատուներն ու անկէ տուժողները ապագային պիտի ըլլան նոյնինքն այն պետութիւնները, որոնք մեղսակից են Իսրայէլի պետութեան զօրավիգ կանգնելու մնայուն ու յարատեւ քաղաքականութեան:

 

Նախորդը

Խմբագրական «Ալիք»-ի. Մերձաւոր Արեւելք. Առկայ Իրողութեան Եւ Պատմութեան Անխզելի Կապը

Յաջորդը

Էվրա. «Թերեւս Կանուխ Լքեցինք»

RelatedPosts

Հայաստան Ուխտագնացութեան Ժամանակ Հռոմի Պապը Ցեղասպանութեան Հարցով Հետեւեցաւ Իր Սրտի Կանչին, Ոչ Թէ Խորհրդատուներուն
Անդրադարձ

Թրքական Հետազօտական Կեդրոնը Բազմիցս Գովաբանած Է Փաշինեանը Եւ Քննադատած` Սփիւռքը

October 27, 2026
Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը
Անդրադարձ

Չորրորդ Դասարանի Գծագրութենէն Մինչեւ Արարատի Գագաթը

October 26, 2026
Ուրուագիծ Դիմանկարի Համար Պարոյր Աղպաշեան /Պէյրութ, 1945/ Ծննդեան 80-Ամեակի Առթիւ
Անդրադարձ

Դէպի Ո՞ւր Ընթանալու Ճամբուն Վրայ. Լիբանանը` Իր Արտաքին Թէ Ներքին Օրինակարգերով

October 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.