Պատրաստեց՝ ՄԱՐԻՆԱ ՀԱՄԱՄՃԵԱՆ
Պետրոս Արք. Միրիաթեան Այցելեց Հայաստանի Մէջ Սուրիոյ Դեսպանատուն
Բերիոյ թեմի կաթողիկէ համայնքի առաջնորդ Պետրոս արք. Միրիաթեան այցելեց Հայաստանի մէջ Սուրիոյ դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեանին:
Հանդիպման ընթացքին արծարծուեցան Հայաստանն ու Սուրիան յուզող հարցեր:
Միրիաթեան աւարտին դեսպան դոկտոր Նորա Արիսեանը պարգեւատրեց «Ներսէս Շնորհալի» յուշամետալով` Հայաստան-Սուրիա յարաբերութիւններու մերձեցման ի նպաստ անոր մատուցած ծառայութիւններուն համար:
Տեղի Ունեցաւ «Յովհաննէս Քաջազնունին Ճարտարապետ» Խորագիրով Համահայկական Գիտաժողովը
Համազգային հայ կրթական եւ մշակութային միութեան Երեւանի գրասենեակին նախաձեռնութեամբ եւ Հայաստանի Ճարտարապետներու պալատին համագործակցութեամբ, 15 հոկտեմբերին տեղի ունեցաւ համահայկական գիտաժողով մը`«Յովհաննէս Քաջազնունին ճարտարապետ» խորագիրով:
Գիտաժողովին բացման եւ ողջոյնի խօսքով հանդէս եկաւ Հայաստանի Հանրապետութեան վաստակաւոր ճարտարապետ Մկրտիչ Մինասեան, որ կարեւոր նկատեց հայկական ճարտարապետութեան բնագաւառին մէջ Յովհաննէս Քաջազնունիի դերը եւ այդ ոլորտին մէջ անոր ձգած ժառանգութիւնը: Ան շնորհակալութիւն յայտնեց Համազգայինի Երեւանի գրասենեակին` համագործակցութեան համար եւ մաղթեց, որ այս նախաձեռնութիւնը շարունակական ըլլայ:
Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան ողջոյնի խօսքը ներկաներուն յղեց Կեդրոնական վարչութեան անդամ Արտաշէս Շահբազեան` շեշտելով Քաջազնունիի դերը ոչ միայն հանրային-քաղաքական կեանքին մէջ, այլ նաեւ` իբրեւ իւրայատուկ ձիրքով օժտուած ճարտարապետ եւ մտաւորական:
Խօսք արտասանեց նաեւ Համազգայինի Երեւանի գրասենեակի տնօրէն Ռուզան Առաքելեան:
Ալ. Թամանեանի անուան ճարտարապետութեան ազգային թանգարանին կողմէ ներկաները ողջունեց տնօրէն Զարուհի Հայրապետեան:
Առաջին նիստին նախագահեց ճարտարապետութեան թեկնածու, փրոֆ. Էմմա Յարութիւնեան:
Զեկուցումներով հանդէս եկան` Համազգայինի Մելանքթոն եւ Հայկ Արսլանեան ճեմարանի նախկին տնօրէն, հրապարակախօս Տիգրան Ճինպաշեան, ճարտարապետութեան դոկտոր Լոլա Դոլուխանեան, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆ. Աշոտ Գրիգորեան, փրոֆ. Գէորգ Ստեփանեան եւ ճարտարապետութեան թեկնածու Սարհատ Պետրոսեան:
Սարհատ Պետրոսեանի նախագահութեամբ երկրորդ նիստը սկսաւ Համազգայինի Կեդրոնական վարչութեան անդամ, ճարտարապետ Արա Գէորգեանի խօսքով: Ան ներկայացուց Յովհաննէս Քաջազնունին` իբրեւ ճարտարապետական տեսլականով քաղաքական գործիչ` առանձնացնելով այն, որ թէ՛ քաղաքական դաշտին մէջ եւ թէ` ճարտարապետութեան ասպարէզին, Քաջազնունի կառուցող, յառաջադէմ եւ բծախնդիր էր:
Զեկուցումներով հանդէս եկան նաեւ` ճարտարապետութեան թեկնածու փրոֆ. Էմմա Յարութիւնեան, ճարտարապետ-հետազօտող Ռուզան Կուրտանջեան, ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆ. Մարիետտա Գասպարեան եւ ճարտարապետութեան դոկտոր, փրոֆ. Լիւբա Կիրակոսեան:
Բռնագրաւուած Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Եկեղեցին` Այլափոխուած Եւ Պղծուած
Monument Watch-ը յայտարարութիւն մը հրապարակելով` ահազանգեց, որ բռնագրաւուած Շուշիի Ս. Ամենափրկիչ եկեղեցին այլափոխուած եւ պղծուած է:
Յայտարարութեան մէջ կը նշուի. «2024 թուականի հոկտեմբերի 7-էն ազրպէյճանական լրատուամիջոցներով եւ ընկերային ցանցերով տարածուեցան տեսանիւթեր` Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցւոյ «վերականգնուած» նոր տեսքով, որոնք ցոյց կու տան, որ 19-րդ դարու եկեղեցիին գմբէթը այլափոխուած է. հայկական եկեղեցին շինարարական անթոյլատրելի միջամտութեամբ եւ աւերումներով դարձած է այլ կառոյց, իրենց մատնանշմամբ` ռուսական եկեղեցի:
«Նշենք, որ եկեղեցւոյ հարաւային շքամուտքի վերնամասը տեղադրուած վիմագիրին մէջ նշուած էր, որ տաճարը կառուցուած է Շուշի քաղաքի ծխականներու հանգանակութիւններով. շինարարութիւնը սկսած է 1868-ին եւ աւարտած` 1887 թուականին:
«Ուղիղ 4 տարի առաջ` 44-օրեայ պատերազմին ընթացքին, հոկտեմբերի 8-ին Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ Ղազանչեցոց եկեղեցին 2 անգամ դիտաւորեալ թիրախաւորուեցաւ` խախտելով զինուած բախումներու պարագային մշակութային արժէքները չթիրախաւորելու Լա Հէյի եւ Ժընեւի սկզբունքները: Բնականաբար այս հարուածը ապագային եւս ունէր եկեղեցին կեղծ վերականգնումներու քողի տակ այլափոխելու նպատակ:
«Եւ փաստօրէն հարուածէն ուղիղ 4 տարի ետք Ազրպէյճան ներկայացուց եկեղեցւոյ պղծման, այլափոխման հերթական գործողութեան արդիւնքները:
«Պատերազմէն ետք Ազրպէյճան յայտարարած էր, որ եկեղեցին պիտի վերադարձուի իր «պատմական տեսքին», որմէ ետք ալ ազրպէյճանական կողմը քանդեց երկթեք ճակատներէն մէկուն վրայի խաչաձեւ լուսամուտը եւ անկէ վեր գտնուող պատկերաքանդակը: Արեւմտեան ճակատի քանդակը կը ներկայացնէր «Խաչակիր Քրիստոսը» թեման` համապատասխան արձանագրութեամբ, որ նոյնպէս մաքրուած էր: Շինարարական աշխատանքներուն սկիզբէն արդէն պարզ էր, որ անիկա նպատակ ունի աւերել տաճարի մշակութային կարեւորութիւնը ներկայացնող մանրամասնութիւնները, արձանագրութիւններն ու այլ տարրեր:
«Մեր արձագանգը. Շուշիի Սուրբ Ամենափրկիչ եկեղեցւոյ անօրինական վերականգնումներով Ազրպէյճան կը խախտէ ԵՈՒՆԵՍՔՕ-ի կողմէ 1994 թուականին ընդունուած Նարայի փաստաթուղթի իսկութեան սկզբունքը, որ կը վերաբերի մշակութային ժառանգութեան ընկալման, անոր պատմութեան եւ նշանակութեան գիտակցութեան, ժառանգութեան հանրահռչակման, անոր վերականգնման ու ամրապնդման ուղղուած գործընթացներու ամբողջութիւն: Այս պարագային, ժառանգութիւնը հասկնալու մարդոց կարողութիւնը, ի շարս այլ հանգամանքներու, կախեալ է նաեւ ժառանգութեան վերաբերեալ արժանահաւատ եւ ճշմարիտ գիտելիքէ, որուն տեղեկատուական աղբիւրներու իմացութիւնն ու ճիշդ ըմբռնումը անհրաժեշտ նախապայման են իսկութեան եւ հաւաստիութեան բոլոր կողմերը գնահատելու համար: Ուստի մշակութային ժառանգութեան տեսակը, առանձնայատկութիւնները, նշանակութիւնը եւ պատմութիւնը հասկնալու համար անհրաժեշտ են անոր մասին տեղեկատուական վստահելի փաստեր: Ըստ այսմ, իսկութեան ընկալումը հիմնարար դերակատարութիւն ձեռք կը բերէ մշակութային ժառանգութեան պահպանութեան վերաբերող բոլոր գործընթացներուն մէջ: Իսկ ինչ կը վերաբերի ժառանգութեան` հակամարտութիւններուն մէջ յայտնուելուն, ապա Նարայի փաստաթուղթը կարեւոր կը նկատէ մշակութային արժէքներու օրինականութեան ճանաչման խնդիրը:
«Բացի ատկէ, 2015-ի մայիս 22-ին Եւրոպայի խորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովի մնայուն յանձնաժողովին ընդունած 2057-րդ բանաձեւին մէջ վեհաժողովը իր խորին մտահոգութիւնը կը յայտնէ, որ մշակոյթի, ինքնութեան եւ «ուրիշինը» կանխամտածուած ոչնչացումը դարձած է արդի հակամարտութիւններու առանցքային բաղադրիչը: Եւրոպական խորհրդարանը կը յորդորէր պետութիւնները` քաղաքաշինական աշխատանքներուն մէջ պահպանել ժառանգութեան իսկութիւնը եւ վերականգնման ու վերակառուցման գործընթացին մէջ յարգել պատմութեան բոլոր շերտերը` պահպանելով ժառանգութեան բնականութիւնն ու իրական բնոյթը (կէտ 4.4.6):
«2022-ի մարտ 10-ին Եւրոպական խորհրդարանի լիագումար նստաշրջանին ձայներու ճնշող մեծամասնութեամբ ընդունուած «Լեռնային Ղարաբաղի մէջ մշակութային ժառանգութեան ոչնչացման մասին» (N 2582) բանաձեւը կոչ կ՛ուղղէ Ազրպէյճանին` բացառել հայկական ժառանգութեան կառոյցներուն մէջ որեւէ միջամտութիւն` պահպանելու ժառանգութեան իսկութեան սկզբունքները, իսկ վերականգնումները կատարել այդ սկզբունքին համաձայն (European Parliament Resolution on the destruction of cultural heritage in Nagorno-Karabakh, 2022/2582(RSP), 2022)»:
Արցախեան 44-Օրեայ Պատերազմը Փաստավաւերագրող Եւ Գիտապատմական Հետազօտութիւններու Գիրքին Շնորհահանդէսը
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Արեւելագիտութեան հիմնարկի նիստերու դահլիճին մէջ տեղի ունեցաւ «Հարաւկովկասեան ուժային յարաբերակցութեան փոխակերպումը եւ արցախեան 2020 թ. պատերազմը» գիրքին շնորհահանդէսը, որ նուիրուած է 2020 թուականի արցախեան պատերազմի ժամանակ նահատակուած հերոսներու յիշատակին:
Գիրքի խմբագիր, Արեւելագիտութեան հիմնարկի տնօրէնի ժամանակաւոր պաշտօնակատար Գոհար Իսկանտարեան նշեց, որ այս աշխատանքը իրականացուեցաւ Հայաստանի կրթութեան, գիտութեան, մշակոյթի եւ մարմնակրթութեան նախարարութեան Գիտութեան կոմիտէի նիւթական աջակցութեամբ, հետազօտութիւնները տեւեցին երեք տարի` 2021-2024: Գիրքը ուղղուած է բոլոր անոնց, որոնք ի վերջոյ կ՛ուզեն հասկնալ, թէ ի՛նչ տեղի ունեցաւ մեր երկրին մէջ այս քանի մը տարիներու ընթացքին:
Գիրքին հեղինակներն են` Լիանա Պետրոսեանը, Քրիստինէ Մելքոնեանը, Արտեոմ Տոնոյեանը, Սերգէյ Մինասեանը եւ Բենիամին Պօղոսեանը:
«Հիմնական նպատակը ներկայացնելն էր այսպիսի աշխատութիւն մը, որուն մէջ բազմակողմանի ցոյց տրուած են այն իրադարձութիւնները, որոնք տեղի ունեցան Հայաստանի շուրջ, եւ որոնց փաստացի ականատեսը եղանք բոլորս: Փորձառու հեղինակները ոչ միայն գրած են յօդուածներ, այլ նաեւ կատարած են համապատասխան հետազօտութիւններ եւ մշտադիտարկումներ` կատարելով արժէքաւոր նիւթերու ձեռքբերման աշխատանքներ: Հեղինակներէն իւրաքանչիւրը` իբրեւ ոլորտի գիտնական, տարածաշրջանին մէջ տեղի ունեցած իրադարձութիւնները ներկայացուցած է մասնագիտական տեսանկիւնէ», ըսաւ Իսկանտարեան:
Գիրքը պիտի զետեղուի Արեւելագիտութեան հիմնարկի կայքին վրայ, եւ ամէն ոք կրնայ անվճար ներբեռնել եւ կարդալ: Կարելիութեան պարագային, աշխատութիւնը պիտի թարգմանուի նաեւ օտար լեզուներու:
Հայաստանի Գիտութիւններու ազգային ակադեմիայի Պատմութեան հիմնարկի տնօրէն Աշոտ Մելքոնեան նշեց, որ կը սպասուին լուրջ տարածաշրջանային նոր զարգացումներ, որոնք պայմանաւորուած չեն միայն շրջանային ուժերու առկայութեամբ, այլեւ կան արտաքին ուժեր, որոնք մեծապէս շահագրգռուած են շրջանի փոփոխութիւններով, ուստի այսօր արցախեան հարցը աւելի շատ քաղաքագէտներու ուսումնասիրութեան դաշտին մաս կը կազմէ:
«Անոնք պէտք է կատարեն կանխատեսումներ, որոնց իբրեւ արդիւնք` կը կարողանանք զուգահեռաբար իրականացնել նաեւ պատմագիտական հետազօտութիւններ: Արցախեան հարցը պէտք է քննարկուի նաեւ այն տեսանկիւնէն, որ Ազրպէյճանը երանութեան մէջ կը շարունակէ ինքզինք պահել շատ աւելի շնական ու լկտի` յայտարարելով, որ արցախեան հարցը լուծուած է: Փորձելով, այսպէս կոչուած, նախկին բնակիչներուն վերադարձնել Հայաստան` հարիւր հազարներէ աւելի, քան իրականութեան մէջ անոնք եղած են այստեղ, կը ձգտի գործընթացը շարունակել` զուգահեռաբար մէջտեղ բերելով, այսպէս կոչուած, «Զանգեզուրի միջանցք»-ի թեման: Ազրպէյճանը անով իսկ չի դադրեցներ հայ-ազրպէյճանական յարաբերութիւններուն մէջ լարուածութեան ընթացքը», նշեց Մելքոնեան:
Անոր հաստատումով, արցախեան հիմնահարցը պէտք է շարունակաբար դառնայ հետազօտութիւններու առարկայ, եւ այսպիսի արժէքաւոր աշխատութիւններ պէտք է շատ գրուին:
«Երբ կը յաղթես, բոլորը կը փորձեն յաղթանակի դափնիները քաշել իրենց վրայ, բայց երբ պարտութիւն կ՛ըլլայ, նոյնիսկ հերոսապատում էջերը, որոնք գրուեցան նաեւ 44-օրեայ պատերազմէն մինչեւ 2023 թուականի դէպքերը, մնացին ստուերի մէջ, եւ հերոսապատումը մոռացութեան տրուեցաւ: Եթէ կ՛ուզենք, որ հարցը վերջնականապէս չփակուի, ապա պէտք է անդրադառնանք բոլոր ինքնապաշտպանական կռիւներուն, որոնց շարքին` 19 սեպտեմբեր 2023-ի դէպքերուն, որոնց մասնակցած հերոսները մնացին ստուերի մէջ: Մենք` պատմաբաններս, պէտք է զբաղինք այդ հարցով», ընդգծեց Մելքոնեան:
Գիրքը բաղկացած է քանի մը բաժիններէ: Գոհար Իսկանտարեան անդրադարձած է Հայաստանի եւ Իրանի մօտեցումներուն, որոնք կ՛առնչուին տարածաշրջանային նոր մարտահրաւէրներուն: Ան ներկայացուց Հայաստանի անկախութենէն ետք ձեւաւորուած հայ-իրանական յարաբերութիւնները, Իրանի մօտեցումները արցախեան հարցին եւ իրենց երկրի դիրքորոշումը արցախեան վերջին պատերազմին վերաբերեալ: Հեղինակաւոր անձերու հետ հարցազրոյցներու զուգահեռ, օգտագործուած են արտաքին գործոց նախարարութեան պատմական դիւանագիտական արխիւը, Իրանի Իսլամական Հանրապետութեան նախագահ Ալի Աքպար Ռաֆսանճանիի յուշերը, որուն մէջ մեծ հատուած կայ արցախեան հարցին վերաբերեալ, ինչպէս նաեւ Իրանի արտաքին գործոց նախկին նախարար Մոհամետ Ճաւատ Զարիֆիի յուշերը, որուն մէջ հետաքրքրական փաստեր կան արցախեան վերջին պատերազմին եւ Իրանի միջնորդական առաքելութեան փորձերուն մասին:
Լիանա Պետրոսեան անդրադարձած է 1991-2023 թուականներուն հայ-իրանական տնտեսական յարաբերութիւններուն` օգտագործելով Հայաստանի Ազգային վիճակագրական ծառայութեան տուեալներն ու իրանեան մամուլը:
Քրիստինէ Մելքոնեանի ուսումնասիրութեան առարկան դարձած է Թուրքիոյ արտաքին քաղաքականութիւնը Հարաւային Կովկասին մէջ (1991-2023): Ան ներկայացուցած է վերջին երեսուն տարիներու ընթացքին հարաւկովկասեան հանրապետութիւններու հետ Թուրքիոյ ձեւաւորած յարաբերութիւնները եւ 44-օրեայ պատերազմէն ետք տարածաշրջանին մէջ իր դիրքերուն ամրապնդման նոր փուլի թեւակոխումը:
Ալեն Ղեւոնդեան դիտարկած է Հայաստանի եւ Ռուսիոյ, Հայաստանի եւ Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագրի կազմակերպութեան փոխյարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ` Հարաւային Կովկասի մէջ ուժային հաւասարակշռութեան փոխակերպման ներկայ փուլը: Ան մատնանշած է այն բոլոր հարցերը, որոնք առկայ են թէ՛ Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն, թէ՛ Հայաստան-ՀԱՊԿ համագործակցութեան ծիրին մէջ:
Արտեոմ Տոնոյեան ուսումնասիրած է Ազրպէյճանի արտաքին քաղաքականութեան հիմնական ուղղութիւնները եւ առանձնայատկութիւնները (1991-2023): Հեղինակը ուշադրութիւնը սեւեռած է այն հանգամանքին վրայ, թէ ինչպէ՛ս արցախեան առաջին պատերազմին պարտուած Ազրպէյճանը կրցաւ վերականգնիլ եւ ինչպիսի աշխատանքի շնորհիւ է, որ ի վիճակի եղաւ արցախեան հարցը լուծել իր նախընտրած օրակարգով` ռազմական ճանապարհով: Տոնոյեան վերլուծած է նաեւ Ազրպէյճանի նախագահին արտասանած խօսքերը:
Սերգէյ Մինասեան հետազօտած է Վրաստանի արտաքին քաղաքականութեան տարածաշրջանային մօտեցումները: Ան ուշադրութեան կեդրոնին մէջ պահած է այն հարցը, թէ Վրաստան ինչպիսի՛ քաղաքական փոփոխութիւններու ենթարկուած է անկախութենէն ի վեր եւ ինչպէ՛ս դիրքաւորուած է արցախեան պատերազմի ժամանակ: Ան վերլուծած է նաեւ հայ-վրացական ներկայ յարաբերութիւնները:
Բենիամին Պօղոսեան անդրադարձած է Միացեալ Նահանգներու եւ Եւրոմիութեան քաղաքականութեան Հարաւային Կովկասին մէջ (1991-2023): Հետազօտողը ցոյց տուած է հաւաքական Արեւմուտքի շահերը եւ անոնց որդեգրած քաղաքականութիւնը մեր տարածաշրջանին հանդէպ, մասնաւորապէս` արցախեան 44-օրեայ պատերազմի ժամանակ:
Ռուբէն Վարդանեանին Նուիրուած «Ռուբէն» Գիրքին Շնորհահանդէսը
Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ աշխարհահռչակ բարերար, Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան նախկին պետական նախարար Ռուբէն Վարդանեանին նուիրուած «Ռուբէն» գիրքին շնորհահանդէսը: Ներկայիս Վարդանեան Արցախի նախկին միւս ղեկավարներուն հետ ազրպէյճանական գերութեան մէջ է:
Գիրքին հեղինակներն են հայր եւ դուստր` Վլադիսլաւ եւ Ալինա Գասումեանովները: Գիրքը հայերէն թարգմանած եւ հրատարակած է Newmag հրատարակչութիւնը:
Վլադիսլաւ եւ Ալինա Գասումեանովները Ռուբէն Վարդանեանին մասին հարցազրոյցներ կատարած են ռուս եւ հայազգի ականաւոր գործիչներու, գիտութեան, մշակոյթի, ինչպէս նաեւ աշխարհահռչակ մարդոց հետ: Գիրքին մէջ ներկայացուած են մարդկութեան համար կարեւոր ձեռքբերումներ:
Գիրքը Ռուբէն Վարդանեանը ազատ արձակելու կոչ է, որպէսզի ան շարունակէ մարդոց օգնել` յանուն մարդասիրական արժէքներու պաշտպանութեան միտուած հարիւրաւոր ծրագիրներու իրագործման: Խօսքը 700 միլիոն տոլար արժողութեամբ աւելի քան եօթը հարիւր ծրագիրներու մասին է: Բարերարը յատկացուցած է 202 միլիոն տոլար կրթութեան զարգացման, 68 միլիոն տոլար` մարդասիրական նախաձեռնութիւններուն, 20 միլիոն տոլար` մշակոյթի եւ մշակութային ու պատմական ժառանգութեան պաշտպանութեան, 13 միլիոն տոլար` գիտութեան ոլորտներուն, ինչպէս նաեւ` առողջապահութեան ու բնապահպանական գիւղատնտեսութեան:
«Ռուբէն» գիրքի հրատարակման գլխաւոր գործընկերն է Արդշին դրամատունը:
ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային Վարչութեան Նոր Գրասենեակի Պաշտօնական Բացման Հանդիսութիւնը
6 հոկտեմբեր 2024-ին Չարենցի 20 հասցէին տեղի ունեցաւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Շրջանային վարչութեան նոր գրասենեակի պաշտօնական բացման արարողութիւնը:
Վերանորոգուած սրահը անուանուեցաւ բարերարներ Կարօ եւ Ալիս Կիւրեղեաններու պատիւին:
Ատենապետ Մարօ Քէշիշեան իր ողջոյնի խօսքը ուղղեց ներկաներուն, այնուհետեւ ներկայացուց Ալիս Կիւրեղեանի կենսագրութիւնն ու ամուսիններուՆ կատարած ազգանուէր աշխատանքները:
Յուզիչ, բայց միեւնոյն ժամանակ ոգեւորող էր Ալիս Կիւրեղեանի խօսքը:
Շնորհաւորական խօսքով հանդէս եկաւ նաեւ ՀՕՄ-ի Հայաստանի Կեդրոնական վարչութեան ներկայացուցիչ Զոյա Քոչարեանը:
ՀՕՄ-ի հայրենանուէր աշխատանքը բարձր գնահատեց Իգոր Սարգսեանը` ընդգծելով հայ կնոջ կարեւորութիւնը հայակերտման մեծ գործին մէջ:
Նշենք, որ գրասենեակին պաշտօնական բացման հանդիսութեան օրհնութեան կարգը կատարեց Արցախի թեմի առաջնորդ Վրթանէս եպս. Աբրահամեանը: