Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Էն. Պի. Էյ.» 2023-2024 Եղանակէն Ետք 20 Կէտեր, Զորս Պէտք Է Գիտնանք

October 16, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

1.- Անցեալ տարի ֆրանսացի Վիքթոր Ուեմպանեամա եղած էր առաջին թիւ 1 ընտրուած ֆրանսացի տրաֆթը (նորեկ խաղցողներու ցանկ), այս տարեշրջանին երկու ֆրանսացի նորեկներ միացան «Էն. Պի. Էյ.»-ին` Զաքարի Ռիսաշէ (թիւ 1 Աթլանթա) եւ Ալեքս Սարր (թիւ 2 Ուաշինկթըն):

2.- Լէյքըրզ ընտրեց Պըռնի Ճէյմսը, Լըպրոնի անդրանիկ զաւակը` միանալու խումբին, «Էն. Պի. Էյ.»-ի պատմութիւն կերտելով իբրեւ նոյն խումբին հետ միասնաբար խաղալու հայր-զաւակ առաջին փորձառութիւն:

3.- Փոլ Ճորճ միացաւ Ֆիլատելֆիայի: Սեւընթի Սիքսըրզ ուզեց խումբին մէջ աւելի ներդրում կատարել եւ 9 անգամ «Օլ Սթար» մրցումի մասնակցած Ճորճ միացաւ Ժոել Էմպիիտի, Թայրիս Մեքսիի (երկարաձգեց իր պայմանագրութիւնը) եւ Քէյլըպ Մարթինի: Ամառնային այս «յաղթանակը» արդեօք պիտի օգնէ՞ Ֆիլատելֆիային, որ Արեւելեան շրջանի կիսաւարտականէն աւելի չէ հասած 2001-էն ի վեր:

4.- Կոլտըն Սթէյթ Ուորիըրզի ասպարէզէն Քլէյ Թոմփսըն 4 տիտղոսներ շահելէ ետք լքեց խումբը եւ միացաւ Տալասին: Վեթերան 3 կէտնոց կողովներու վարպետը դաշտ պիտի ներկայանայ` միանալու Լուքա Տոնչիչի եւ Քայրի Ըրվինկի, աւելի արդիւնաւէտ ըլլալու միտումով:

5.- Միքալ Պրիճզ պիտի վերամիանայ իր նախկին խմբակիցներ Ճոշ Հարթի եւ Ճէյլըն Պրանսընի (Վիլանովայի մէջ)` Նիւ Եորք Նիքսի հետ 2024-2025 տարեշրջանին հզօրացնելու Նիւ Եորքի խումբը:

6.- Վիլանովայի քառեակը բնաւ դաշտ չներկայացաւ միասին, մանաւանդ որ Տիվինսենզօ մաս կը կազմէր փոխանցումներու համաձայնութեան` Նիքսի, Թեմպըրվուլվզի եւ Հորնեթցի միջեւ:

Այդ փոխանցումներուն հիմամբ Քարլ-Անթոնի Թաունզ միացաւ Նիւ Եորքի, Ճուլիըս Ռենտըլ եւ Տի Վինսենզօ միացան Մինեսոթայի:

7.- Սելթիքս նոր պայմանագրութիւն կնքեց Թէյթըմի հետ: Անցեալ տարի Ճէյլըն Պրաուն «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամէնէն շատ վարձատրուած մարզիկն էր, եւ Սելթիքս այս տարի նոյն բանը ըրաւ Ճէյսըն Թէյթըմի հետ, որ 5 տարուան պայմանագրութիւն մը ստորագրեց 314 միլիոն ամ. տոլարի փոխարէն: Պոսթըն երկարաձգեց նաեւ Տերիք Ուայթի պայմանագիրը` պահելու համար ախոյեանի իր թեկնածութիւնը:

8.- Ինտիանա Փէյսըրզ Արեւելեան շրջանի թեկնածութիւնը պահելու համար Փասքալ Սիաքամը, Էնտրու Նեմպհարտը, Թի. Ճէյ. Մաքոնըլը եւ Օպի Թոփինը վերստին ձեռք ձգեց: Մինչ այդ, Քլիվլենտ Քեվելիրզ Տոնսվան Միչելի, Էվըն Մոպլիի Ճարեթ Էլընի եւ Իզաաք Օքորոյի պայմանագրութիւնները երկարաձգեց:

9.- Կոլտըն Սթէյթէն «բաժնուելէ» ետք, 2006-ի լաւագոյն նորեկ մարզիկ Քրիս Փոլ միացաւ Սան Անթոնիօ Սփըրզին` միանալով Վիքթոր Ուեմպանեամայի: Փոլի ժամանումով, ինչպէս Հարիսըն Պարնզի ներկայութեամբ երիտասարդ Սփըրզ խումբը աւելի լուրջ ընթացք կրնայ առնել այս տարեշրջանին:

10.- Անցեալ եղանակին Օքլահոմա Սիթի ամէնէն երիտասարդ խումբն էր, որ կը հասնէր Արեւմտեան շրջանի կիսաւարտականին: Թանտըր 2 մարզիկ ձեռք ձգեց` աւելի զօրացնելու խումբը, միացնելով Ալեքս Քարուսոն եւ Այզիա Հարթընսթինը:

11.- «Օլ Սթար»-ի մարզիկներ կը փոխեն իրենց խումբը: Տեճոնթէ Մարէյ Աթլանթայէն միացաւ Նիւ Օրլինզի` Զայըն Ուիլիամսընին խմբակից դառնալու համար, անշուշտ Սի. Ճէյ. Մաքոլումի եւ Պրենտըն Ինկրամի հետ: 3 տարիներ Շիքակոյի հետ բոլորելէ ետք, Տըմար Տըրոզըն միացաւ Սաքրամենթոյին, մինչ նախկին «Էմ. Վի. Փի.» Ռասըլ Ուեսթպրուք միացաւ այժմու «Էմ. Վի. Փի.» Նիքոլա Եոքիչին` Տենվըր Նակեթցի հետ:

12.- 6 խումբեր նոր մարզիչներ պիտի ունենան այս եղանակին: Լէյքըրզի ընդհանուր տնօրէն Ռոպ Փելինքա ներկայացուց Ճէյ Ճէյ Ռետիքը` իբրեւ Լոս Անճելըս Լէյքըրզի պատմութեան 29-րդ մարզիչը: 3 փորձառու մարզիչներ` Մայք Պատընհոլզըր (Ֆէօնիքս Սանզ), Քենի Էթքինզ (Քլիվլենտ Քեվելիրզ) եւ Ճէյ. Պի. Պիքըրսթաֆ (Տիթրոյիթ Փիսթընզ) արդէն իսկ մարզած են այլ խումբեր եւ բաւական փորձառութիւն ունին: Երկու մարզիչներ, որոնք օգնական մարզիչ էին այլ խումբերու հետ, ինչպէս` Ճորտի Ֆեռնանտես (Պրուքլին) եւ Չարլզ Լի (Չարլոթ): Միակ նորեկ մարզիչն է Ռետիք, որ միայն երիտասարդ խումբեր մարզած է նախապէս:

13.- Անցեալ տարուան Ին-սիզըն մրցաշարքի յաջողութենէն ետք, մրցաշարքը պիտի կոչուի «Էմիրէյթս Էն. Պի. Էյ. Քափ», նոյն խմբակներու դրութեամբ, որմէ ետք կիսաւարտականն ու աւարտականը տեղի պիտի ունենան Վեկասի մէջ:

14.- 20-րդ «Էն. Պի. Էյ.»-ի ամառնային լիկան Վեկասի մէջ վերջ գտաւ Մայեմի Հիթի յաղթանակով, որ աւարտականին Մեմֆիս Կրիզլիզին յաղթեց` յետ երկարաձգման: 11 օրերու վրայ երկարող այս մրցաշարքին 76 մրցումներ տեղի ունեցան անապատին մէջ:

15.- 2024-ի «տրաֆթ»-ի մարզիկներէն մէկ քանին կը մասնակցին ամառնային մրցաշարքերուն: Հիուսթընէն Ռիտ Շեփըրտ, Մայեմիէն Քելըլ Ուեր, Փորթլենտէն Տոնավըն Քլինկըն եւ Ուաշինկթըն Պապ Քերինկթըն:

16.- Միացեալ Նահանգներ շահեցաւ յաջորդական իր 5-րդ ոսկի մետալը` Փարիզի Ողիմպիական խաղերուն, աւարտականին յաղթելով Ֆրանսայի:

17.- Քըրրի կ՛ըսէ «գիշեր բարի» Փարիզի մէջ, եւ կ՛երկարաձգէ Կոլտըն Սթէյթի հետ իր պայմանագրութիւնը:

2022-ի ախոյեանութիւնը յաղթելու ճամբուն վրայ, Սթեֆ Քըրրի սկսած էր տօնել յաղթանակները իր «գիշեր բարի» նշանով, ուր ան կը միացնէր ափերը եւ մէկ կողմի վրայ դնելով գլուխը քնանալու պէս կ՛ընէր: Այդ «ձեւը» եղած էր իր գործած ոճը, մրցումի աւարտը մօտենալու ժամանակ, երբ 3 կէտնոց կողով մը կը նշանակէր: Ողիմպիականի աւարտականի վերջին պահերուն, ան կատարեց այդ ձեւը` «նուի, նուի», որ ապագային վերածուեցաւ նշանաբանի մը, որ մինչեւ թի-շըրթներու վրայ ալ տպուեցաւ` վաճառականութեան նոր տեսակ մը ստեղծելով:

18.- Վինս Քարթըր, որ կը կոչուէր «կէս-մարդ, կէս-հոյակապ» մարզիկ մը, միացաւ «Էն. Պի. Էյ.»-ի «հոլ աֆ ֆէյմ»-ին, Նէյսմիթի պասքեթպոլի 2024-ի տիտղոսակիրներու կողքին: Ան Շոնսի Պիլափսի, Մայքըլ Քուփըրի, Սէյմոնէ Օկըսթըսի եւ Ճերի Ուեսթի (որ մահացաւ 12 յունիսին) հետ եղաւ այս տարուան ընտրուած պատմական մարզիկներէն:

19.- Աղջկանց «Էն. Պի. Էյ.»-ի 28-րդ տարեշրջանը 2000 թուականէն ի վեր ամէնէն շատ համակիրներ ներգրաւած ախոյեանութիւնն էր: Նորեկ Քէյթլին Քլարք եւ Էնճըլ Ռիս մրցանիշներով հարուստ տարեշրջան մը բոլորեցին, մինչ «Էմ. Վի. Փի.» Էյ. Ճա Ուիլսըն անմոռանալի տարեշրջան մը ունեցաւ:

20.- Շատ փոփոխութիւններ կրած խումբեր լաւ ձեւով սկսան (անցեալ շաբաթ) պատրաստուիլ 2024-2025 տարեշրջանին: Այժմ տեղի կ՛ունենայ փրի-սիզըն, եղանակէն առաջ (նախապատրաստական) մրցաշարքը, ապա աւելի ուշ` 22 հոկտեմբերին կը սկսի բնական ախոյեանութիւնը, որ կը տեւէ մինչեւ 13 ապրիլ 2025, որուն կը յաջորդեն փլէյ-օֆի մրցումները:

 

Նախորդը

Փոտոլսքիի Հրաժեշտի Մրցումը

Յաջորդը

Ազգային Խումբը` 32 Տարեկան

RelatedPosts

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք`  Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը
Մարզական

Աշխարհի Ախոյեան Դառնալէ Ետք` Համլեթ Մանուկեանի Կարճ Հարցազրոյցը

October 27, 2026
Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց
Մարզական

Արշակ Կորեան Կոլ Նշանակեց

October 27, 2026
Ծառուկեան Կը Ցանկայ  Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ
Մարզական

Ծառուկեան Կը Ցանկայ Ժորժ Սեն – Փիեռին Դէմ Մրցիլ

October 27, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.