14 հոկտեմբեր 1992-ին Հայաստանի ֆութպոլի ազգային խումբը իր առաջին հանդիպումը կատարեց` բարեկամական մրցում մը ունենալով Մոլտովայի դէմ, Հրազդանի մարզադաշտին վրայ:
4500 համակիրներ ներկայ գտնուեցան դիտելու Հայաստանի ազգային խումբը, որուն մարզիչն էր Արարատ-73-ի պատմական յառաջապահ Էտուարտ Մարքարով:
Մրցումը սպիտակ հաւասարութեամբ վերջ գտաւ, եւ Հայաստան դաշտ ներկայացաւ հետեւեալ կազմով.
Յարութիւն Աբրահամեան (բերդապահ), Արամայիս Տօնոյեան, Սարգիս Կարապետեան, Սարգիս Յովսէփեան, Վարդան Խաչատրեան, Երուանդ Կրպաշեան, Սամուէլ Կոստանդեան, Արտաշէս Ադամեան, Մկրտիչ Յովհաննիսեան, Արսէն Աւետիսեան եւ Արմէն Շահգելդեան:
Արա Նիկոյեան փոխարինած էր Արտաշէս Ադամեանը, Արթուր Պետրոսեան` Արամայիս Տօնոյեանը, Արթուր Ապազեան` Արսէն Աւետիսեանը, իսկ Յովհաննէս Թահմազեան` Սամուէլ Կոստանդեանը:


