Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին յառաջապահ Լուքաս Փոտոլսքի անցեալ շաբաթավերջին հրաժեշտի մրցում ունեցաւ Քէօլնի մէջ:
50 հազար համակիրներ եկած էին դիտելու Փոտոլսքին թիւ 10 շապիկով:
«Մեր թիւ 10-ն տուն վերադարձած է… Վերջին անգամ ըլլալով կարմիր-ճերմակ տարազով», ըսին 39 տարեկան Փոտոլսքիի համակիրները:
«Փոլտի» առաջին կիսախաղին գլխաւորեց խումբ մը` կազմուած իր նախկին խմբակիցներէն, ընդդէմ ֆութպոլի աստղերու: Աստղերու կարգին էին 2014-ի մոնտիալի ախոյեան Մանուէլ Նոյըր, Փեր Մերթեսաքըր, Պենետիք Հովետես եւ Ռոման Վայտընֆելլըր:
Բ. կիսախաղին ան միացաւ միւս խումբին, որուն մաս կը կազմէին Մաթիաս Շերց, Լուքաս Շինքիվիչ, Տոմինիք Մարոհ, Քրիսթիան Քլեմընս, Մարսել Ռիսէ, եւ Փաթրիք Հելմզ: Խումբը ամբողջացուց այժմու Քէօլնի աստղեր Մաքսի Շմիթ եւ Նիքոլա Սոլտօ:
Ծագումով լեհ Փոտոլսքի, որ իրեն հետ ունէր մարզիչներ Եոաքիմ Լով եւ Հանզի Ֆլիք, ըսաւ. «Ես միշտ կ՛ուզէի անկեղծ ըլլալ, փողոցի տղայ մը… Առանց համակիրներու ֆութպոլը ոչինչ է»:
Հակառակ 39 տարեկան ըլլալուն, Փոտոլսքի շատ լաւ մարզական վիճակ ունէր, ըստ գերմանական «Տէ. Փէ. Ա.» կայքին, ինչպէս նաեւ Գերմանիոյ ազգային խումբի նախկին մարզիչ Եոաքիմ Լովի:
«Միշտ լուսաւորելու աղբիւր էր: Դրական կեցուածք ունեցող մէկը` կեանքի հանդէպ: Ան ամէնէն լաւ յառաջապահներէն մէկն էր, որ ունէի Գերմանիոյ մէջ: Ես պատմութեան ամէնէն նշանաւորը:
21 տարիներ առաջ, 18 տարեկան Փոտոլսքի իր առաջին մրցումը կատարած էր Քէօլնի հետ: Ան 240 մրցում կատարեց Քէօլնի եւ Պայերնի հետ` նշանակելով 94 կոլ, ապա մեկնեցաւ Անգլիա (Արսենալ), Իտալիա (Ինթեր Միլան), Թուրքիա (Վիսել Քոպի) եւ 2021-էն ի վեր միացած էր Լեհաստանի Կորնիք Զապժէ ակումբին, ուր կատարած էր 89 մրցում` նշանակելով 20 կոլ:
Ան 2004-էն 2017 մաս կը կազմէր Գերմանիոյ ազգային խումբին, ուր կատարած է 130 մրցում` նշանակելով 49 կոլ, վերջինը` 2017-ին, Անգլիոյ դէմ: