Երկուշաբթի գիշեր, «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի կազմակերպած Ազգերու լիկայի մրցաշարքի 4-րդ շաբթուան մրցումներուն գծով, Ա. կարգի Բ. խմբակին մէջ Ֆրանսա Պրիւքսելի մէջ կրցաւ 2-1 արդիւնքով յաղթանակ արձանագրել Պելճիքայի դէմ: Պելճիքա ընդհանուր առմամբ աւելի լաւ էր Ֆրանսայէն, բայց չկրցաւ առիթներէն օգտուիլ: 20-րդ վայրկեանին Եուրի Թիլըմանս փենալթիով կրնար նշանակել կոլ մը ի նպաստ Պելճիքայի, սակայն փենալթիի անոր հարուածը բարձր էր: 34-րդ վայրկեանին Ռանտալ Քոլօ Մուանի փենալթիով նշանակեց Ֆրանսայի առաջին կոլը: Քոլօ Մուանի, որ Ֆրանսայի մէջ ալ կրցած էր կոլ նշանակել Պելճիքայի դէմ, միշտ ալ վերջինիս դէմ կոլ կը նշանակէ: 2024-ի Եուրոյին ալ ան կրցած էր գրաւել Պելճիքայի բերդը: Քոլօ Մուանի, որ միայն 2 մրցում կատարած էր իբրեւ հիմնական մարզիկ Փարիզ Սեն Ժերմենի հետ, կրցաւ երկրորդ կոլ մըն ալ նշանակել 62-րդ վայրկեանին: Մինչ այդ, Լոյս Օփենտա առաջին կիսախաղի վերջին վայրկեանին կոլ մը նշանակած էր ի նպաստ Պելճիքայի, որ չկրցաւ նոյնիսկ օգտուիլ Ֆրանսայի խմբապետ Օրելիէն Չուամենիի կարմիր քարտէն (76-րդ վայրկեան):
Միւնիխի մէջ, Գերմանիոյ ազգային խումբը կարեւոր մրցումի մը ընթացքին կրցաւ 1-0 արդիւնքով յաղթել Նետերլանտներուն:
Մրցումէն առաջ, բերդապահ Մանուէլ Նոյըր, Թոմաս Միւլըր, Իլքայ Կիւնտողան եւ Թոնի Քրուս (բացակայ էր) մեծարուեցան Գերմանիոյ ֆութպոլի ֆետերասիոնին կողմէ` միասնաբար աւելի քան 450 անգամ ազգային խումբի շապիկը կրելէ ետք:
Նոր սերունդ մը ներկայացած էր դաշտ, ուր իրենց առաջին մրցումը կատարեցին բերդապահ Օլիվըր Պաուման, Անճելօ Սթիլըր, Ալեքսանտր Փաւլովիչ եւ Ճէյմի Լեւելինկ:
Սթիլըր եւ Փաւլովիչ իրենց առաջին մրցումը չկատարեցին ազգային խումբի շապիկով, բայց առաջին անգամ ըլլալով հիմնական կազմին հետ դաշտ ներկայացան: Միւս կողմէ, Թիմ Քլայնտինսթ իր յաջորդական երկրորդ մրցումը կատարեց ազգային խումբին շապիկով: Մարզիչ Եուլիան Նակըլզման, որ իր 17-րդ մրցումը ամբողջացուց` արձանագրելով 10-րդ յաղթանակը, միշտ առիթ կու տայ նոր մարզիկներու, ինչ որ պատահեցաւ բերդապահ Պաումանի հետ, որ 26 անգամ նստելէ ետք պահեստի աթոռին վրայ, վերջապէս առիթ ունեցաւ ազգային խումբին շապիկը կրելու 34 տարեկանին: Ան շատ լաւ ձեւով զսպեց Տոնիէլ Մալենի ռմբային հարուածը` անառիկ պահելով իր բերդը 90-րդ վայրկեանին: Մրցումին 2-րդ վայրկեանին Գերմանիա կոլ նշանակած էր շնորհիւ Լեւելինկի, սակայն վայրկեաններ ետք այդ կոլը չեղեալ նկատուեցաւ, երբ յարձակումի սկիզբը Կնապրի օֆսայտի իր դիրքէն օգտուած էր… ըստ իրաւարարին:
Գերմանիա մանաւանդ առաջին կիսախաղին շատ գեղեցիկ մրցում ունեցաւ, բայց մեծ թիւով առիթներ կոլի չկրցաւ վերածել: Բ. կիսախաղին «նարնջագոյններ»-ը, որոնք կապոյտ տարազով դաշտ ներկայացած էին, աւելի լաւ էին, եւ յարձակումներ ու առիթներ ստեղծուեցան երկուստեք:
64-րդ վայրկեանին, քոռնըրէ մը ետք գնդակը հասաւ Լեւելինկի, որ ռմբային անզսպելի հարուածով նշանակեց կոլ մը իր առաջին մրցումին` ազգային խումբին շապիկով:
77-րդ վայրկեանին, Չաւի Սիմոնզի հարուածը զսպուեցաւ Գերմանիոյ բերդի սիւնին կողմէ:
Այս ձեւով, Նետերլանտներ կրեցին իրենց առաջին պարտութիւնը, 13 մրցումներ անյաղթ մնալէ ետք Ազգերու լիկայի խմբակներու հանգրուանին մէջ:
Նոյն խմբակին մէջ (Գ. խմբակ), Հունգարիա 2-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պոսնիայէն: Լիվըրփուլի միջնապահ Տոմինիք Սոպոսլայ նշանակեց 2 կոլերը:
Բ. խմբակին մէջ, Իտալիա 4-1 արդիւնքով ծանր պարտութեան մատնեց Իսրայէլը: Ռեթեկի, Տի Լորենցօ (2) եւ Ֆրաթեզի նշանակեցին Իտալիոյ կոլերը:
Ստորեւ` երկուշաբթի օրուան արդիւնքները.
Պելճիքա – Ֆրանսա 1-2
Պոսնիա – Հունգարիա 0-2
Գերմանիա – Նետերլանտներ 1-0
Իտալիա – Իսրայէլ 4-1
Վրաստան – Ալպանիա 0-1
Իսլանտա – Թուրքիա 2-4
Ուքրանիա – Չեխիա 1-1
Կալես – Մոնթենեկրօ 1-0
Ազրպէյճան – Սլովաքիա 1-3
Էսթոնիա – Շուէտ 0-3


