ՄԱՀԱԶԴ
ՀՄԸՄ-ի Անթիլիասի մասնաճիւղի վարչութիւնը կը գուժէ իր շրջանի անդամներէն
ՏՈՔԹ. ԼԵՒՈՆ ՖՈՒՌՆՈՒԶԼԵԱՆԻ
մահը, որ պատահեցաւ հինգշաբթի, 10 հոկտեմբեր 2024-ին:
————————————–
Ս. ՊԱՏԱՐԱԳ ԹԱՐԳՄԱՆՉԱՑ ՎԱՐԴԱՊԵՏԱՑ ՏՕՆԻՆ ԵՒ
ԴՊՐԵՎԱՆՔԻ 94-ՐԴ ԿՐԹԱԿԱՆ-ՈՒՍՈՒՄՆԱԿԱՆ ՎԵՐԱՄՈՒՏԻՆ ԱՌԻԹՈՎ
Մեր ժողովուրդի զաւակներուն կը յայտնենք, որ կիրակի, 13 հոկտեմբեր 2024-ին, Անթիլիասի մայրավանքի Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ մայր տաճարին մէջ պիտի մատուցուի Ս. եւ անմահ պատարագ` Թարգմանչաց վարդապետաց տօնին եւ Անթիլիասի դպրեվանքի 94-րդ ուսումնակրթական տարեշրջանի բացման առիթներով:
Օրհնութեամբ`
ՆՍՕՏՏ ԱՐԱՄ Ա. ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԻՆ
Պիտի պատարագէ ու քարոզէ`
ՀՈԳՇ. Տ. ՊԱՐՈՅՐ ՎՐԴ. ՇԷՐՆԷԶԵԱՆ
(Տեսուչ դպրեվանուց)
Իսկ երկուշաբթի, 14 հոկտեմբեր 2024-ին, առաւօտեան ժամը 9:00-ին, դպրեվանքի «Բրաբիոն Տումանեան» հանդիսասրահին մէջ տեղի պիտի ունենայ վերամուտի բացման հանդիսութիւնը:
Կոչ կ՛ուղղենք մեր հաւատացեալ ժողովուրդին մասնակցելու Թարգմանչաց սերունդին ոգեկոչման արարողութեան եւ ներկայ գտնուելու դպրեվանքի վերամուտին հանդիսութեան:
ԴԻՒԱՆ ԿԱԹՈՂԻԿՈՍԱՐԱՆԻ
————————————–
ՍՏԱՑԱՆՔ
A BRIDGE BETWEEN EAST AND WEST
Interviews with various actors of the Action Chretienne en Orient on the occasion of its centenary
Edited by THOMAS WILD and WILBERT VAN SAANE
Internal publication of the ACO Fellowship
2023


