Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանին Պարտադրուած Պատերազմի Առօրեայէն (1) Անօդաչու Սարքերը Պէյրութէն Շուշի…

October 10, 2024
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ՐԱՖՖԻ ՏԷՄԻՐՃԵԱՆ

Ուշ գիշեր է: Նստած եմ դուրսը եւ կը դիտեմ սեւ երկինք, ուրկէ կը լսուին իսրայէլեան անօդաչու թռչող սարքերուն ֆռֆռացող ձայները: Վերն են, կը դիտեն, կը հսկեն, կը նային, թիրախ կը ճշդեն, տեղեկութիւն կը փոխանցեն եւ մասնակից կը դառնան Լիբանանի աւերուածութիւններուն:

Հոգիները կ՛ապականեն, գիշերային անդորրութիւնը կը խախտեն, անապահով կացութիւնը կը բարդացնեն, եւ` այնքան ատեն որ վերն են, վարը վտանգուած է, հաստատ նոր հարուած կայ, հրթիռակոծում պիտի կատարուի:

Յանկարծ միտքս սարքերուն հետ կը սաւառնի, ժամանակի սլաքները ետդարձ կը կատարեն եւ կը հասնին Արցախ: Այս ձայներուն մէջ արդէն մասամբ ըմբռնած եմ, թէ ի՛նչ դժուարին հոգեվիճակներու մէջ եղած են մեր քաջարի տղաքը, որոնք արցախեան 44-օրեայ պատերազմին ոչ միայն գործիքին ձայնը կը լսէին, այլ նաեւ ուղղակի թիրախ էին: Պէտք չէ մոռնանք, որ Արցախի մէջ հարիւրաւոր երիտասարդներ նահատակուեցան իսրայէլեան «Հարոփ»-ներու հրթիռներով:

Գիշերուան մութին իսրայէլեան անօդաչու սարքերու ժխորին մէջ Շուշին եւ Պէյրութը յանկարծ միախառնուեցան, որովհետեւ ե՛ւ հոս, ե՛ւ հոն ազգային դիմադրութիւնն է, որ հարուածներ կը ստանայ, ստացաւ: Հոս եւ հոն միեւնոյն արտադրիչն էր, քանդիչն էր… Միախառնուեցան, որովհետեւ երկու վայրերուն մէջ ալ իսրայէլեան արտադրութեան անօդաչու սարքերը կը գործածուէին:

Այս ահաւոր սարքերու աղմուկին տակ, գիշերուան խաւարին ու անորոշութեան մէջ, յստակ էր, որ իրաւազրկուած ազգերու իրաւունքները կը քողարկուէին, եւ պիտի քողարկուին այնքան ատեն որ ազգերն ու ժողովուրդները անուղեղ ու շինծու այսպէս կոչուած ղեկավարներու կը հետեւին, զրկուած են մարտունակութենէ, ազգովի չեն միաւորուած եւ չեն վերադարձած իրենց արմատներուն…

9 Հոկտեմբեր 2024

 

Նախորդը

Արցախ. Մէկ Տարի Առանց Հայերի

Յաջորդը

Մայրենի…

RelatedPosts

Հայաստանի Քաղաքական Փակուղին Եւ Անոր Յաղթահարման Նախադրեալները
Անդրադարձ

Ամերիկեան Միջանկեալ Ընտրութիւններու Հետեւանքները

November 10, 2026
Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս
Անդրադարձ

Հայ Գիրքի Համահայակական Փառատօն-Ցուցահանդէսի Ծիրին Մէջ Չորս Գիրքերու Շնորհահանդէս

November 10, 2026
Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ
Անդրադարձ

Իսկական Ընկերութիւնը Չի Սահմանափակուիր Ժամանակով Ու Տարածութեամբ, Ան Կը Շարունակէ Ապրիլ Յիշողութեան Մէջ

November 10, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.