Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ամիրպեքով. «Ազրպէյճանի Սուր Պարտքն Է Ապահովել, Որ Խաղաղութեան Համաձայնագիրը Նոյնիսկ Տեսականօրէն Անկարելի Դարձնէ Ապագային Մեր Դէմ Տարածքային Պահանջներ Ներկայացնելը»

Հոկտեմբեր 7, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանը պէտք է շտապ լուծէ իր գործող Սահմանադրութեամբ ամրագրուած ակնյայտ տարածքային պահանջի հարցը, որ կ՛առնչուի «Ազրպէյճանի գերիշխան տարածքի մէկ մասին»: Այս մասին «Ֆարօ տի Ռոմա»-ի եւ «Եուրէյժաթիքնիուզ»-ի հետ հարցազրոյցի ընթացքին յայտնած է Ազրպէյճանի նախագահի յատուկ յանձնարարութիւններու գծով ներկայացուցիչ Էլչին Ամիրպեքով:

Անոր համաձայն, «Հայաստանը, ժխտելով խաղաղութեան համար այս կարեւոր խոչընդոտի արդիականութիւնը եւ ամէն գնով կիսատ-պռատ բնագիրի ստորագրման ուղիներ ընտրելով, կ՛անտեսէ երկու երկիրներուն միջեւ տասնամեակներու ճակատման հիմնարար պատճառը»:

«Երկու երկիրներուն միջեւ ուղիղ երկկողմանի բանակցութիւնները` խաղաղութեան համաձայնագիրին վերաբերեալ, մտած են վճռական վերջնական փուլ, եւ ես այստեղ պիտի վերահաստատեմ Ազրպէյճանի ամուր յանձնառութիւնը Հայաստանի հետ կայուն, անվտանգ եւ անշրջելի խաղաղութեան հասնելու համար: Այս նպատակին հասնելու համար մեր սուրբ պարտքն է ապահովել, որ ապագայ խաղաղութեան համաձայնագիրը բացարձակապէս, նոյնիսկ տեսականօրէն, անկարելի պիտի դարձնէ որեւէ վերադարձ տարածքային պահանջներուն, յարձակումին կամ զինուորական տագնապներուն: Ազրպէյճանը բաւականաչափ տուժած է այս աղէտէն եւ պիտի ուզէ կանխարգիլել այս բեմագրութեան կրկնութիւնը ապագային», ըսած է Ամիրպեքով:

Նախորդը

Մաքրոն. «Ֆրանսան Կանգնած Է Հայ Եղբայրներու Կողքին` Յարգելու Անոնց Գերիշխանութիւնն Ու Տարածքային Ամբողջականութիւնը»

Յաջորդը

Պաքու. «Հայաստան Պէտք Է Ձեռնպահ Մնայ Հակասական Յայտարարութիւններէն, Յարգանք Ցոյց Տայ Միջազգային Օրէնքի Արժեչափերուն Եւ Սկզբունքներուն Նկատմամբ»

RelatedPosts

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները  Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու  Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»
Գլխաւոր լուրեր

Փեզեշքիան. «Դրացի Երկիրները Առաջնահերթութիւն Են Յարաբերութիւններու Կառուցման Եւ Զարգացման Համար»

Օգոստոս 19, 2025
Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան  Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի  Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի  Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»
Հայկական

Արաղչի. «Իրանի Նախագահի Հայաստան Այցելութեան Նպատակը Հարաւային Կովկասի Աշխարհաքաղաքական Քարտէսի Անփոփոխութեան Ապահովումն Է»

Օգոստոս 19, 2025
Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ,  Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»
Հայկական

Փաշինեան. «Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Տարածքներ Ունին Միմեանց Վերահսկողութեան Ներքեւ, Այս Հարցը Պէտք Է Լուծուի Սահմանազատումով»

Օգոստոս 19, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?