Արեւմուտքը կը ձգտի ՕԹԱՆ-ի երկիրներէն իր «խաղաղապահ» զօրակազմը մտցնել Անդրկովկաս` իբրեւ թէ օգնելու Երեւանի եւ Պաքուի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին գաղտնի սպասարկութիւններու ղեկավարներու խորհուրդի նիստի ընթացքին յայտարարած է Ռուսիոյ Անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան տնօրէն Ալեքսանտր Պորթնիքով:
«Ամերիկացիներն ու եւրոպացիները ակնյայտօրէն շահագրգռուած չեն Անդրկովկասի մէջ կայունութեան հաստատումով` համոզելով Երեւանին յետաձգել Պաքուի հետ բանակցութիւնները: Արեւմուտքը կը փորձէ ղեկավարել հայ-ազրպէյճանական կարգաւորման հոլովոյթը եւ հասնիլ սեփական «խաղաղապահ» զօրակազմի շրջանին մէջ տեղակայման` տէ ժիւրէ ՄԱԿ-ի, իսկ տէ ֆաքթօ ՕԹԱՆ-ի հովանիին տակ», զգուշացուցած է ան:
Պորթնիքովի համոզումով` Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի սահմանին վրայ տեղակայուած Եւրոպական Միութեան անկախ քաղաքացիական դիտորդական առաքելութիւնը «կը ծաւալէ յօգուտ ՕԹԱՆ-ի հետախուզական գործունէութիւն` ուղղուած Ռուսիոյ եւ Մոսկուայի գործընկերներուն դէմ»:
Եւրոպական Միութեան Արձագանգը
Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքական ծառայութեան բանբեր Փեթեր Սթանօ արձագանգեց Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավար Ալեքսանտր Պորթնիքովի յայտարարութեան:
Պատասխանելով Պորթնիքովի յայտարարութեան մասին «Արմէնփրես»-ի թղթակիցի հարցումին` Սթանօ նշեց, որ Ռուսիոյ անվտանգութեան դաշնակցային ծառայութեան ղեկավարի մեկնաբանութիւնները անհեթեթութիւն են: «Այս մեկնաբանութիւնները ամբողջութեամբ անհեթեթութիւն են, ռուսական վարչակարգին բնորոշ սուտ ու շահագործում, որ կը փորձէ քողարկել Հայաստանին տրուած խոստումներու եւ անոր նկատմամբ պարտաւորութիւններու կատարման կրկնուող ձախողութիւնները», յայտարարեց Սթանօ: