Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի, երէկ շարունակելով երեսփոխաններու եւ երեսփոխանական պլոքներու հետ իր հանդիպումները, անջատաբար ընդունեց Ազգային չափաւորականութիւն եւ Անկախ խորհրդակցական պլոքներու անդամները:
Ազգային չափաւորականութիւն երեսփոխանական պլոքի անդամ Սաժիհ Աթիէ Պըրրիի հետ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Խորհրդարանի նախագահ Պըրրի մեզի բազմաթիւ գաղափարներ փոխանցեց եւ մեզի աւելի մեծ ոգեւորութիւն ու թափ տուաւ բոլոր կողմերուն հետ հաղորդակցելու: Աստուած ուզէ, կը կարծեմ, որ անիկա ոսկի առիթ է ներկայ տագնապը մեծ կարելիութեան վերածելու` առնուազն հանրապետութեան նախագահի ընտրութիւնը կատարելու: Մենք` իբրեւ Չափաւորականութեան պլոք, նախաձեռնութեան տէր ենք, եւ մենք մեզ դրինք այս հարցի տրամադրութեան տակ, եւ մենք պատրաստ ենք բոլորին հետ կապ հաստատելու»:
Անկախ խորհրդակցական պլոքի անդամներ, խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ, երեսփոխաններ Իպրահիմ Քանաան, Ալեն Աուն, Սիմոն Ապի Ռամիա, Միշել Տահեր եւ Նեհմաթ Ֆրամ իրենց կարգին հանդիպում ունեցան Պըրրիի հետ:
Խորհրդարանի փոխնախագահ Էլիաս Պու Սաապ հանդիպումէն ետք յայտնեց. «Խորհրդարանի նախագահին հետ արծարծեցինք բոլոր պլոքներուն ու անկախ երեսփոխաններուն հետ հաղորդակցելու կարելիութիւնը` հանրապետութեան նախագահի շուտափոյթ ընտրութեան եւ սահմանադրական հաստատութիւններու վերակազմաւորման ու ներկայ արտակարգ վտանգաւոր կացութեան մէջ անոնց դերի գործարկման նպատակով հասարակաց գետին մը ստեղծելու համար:
«Խորհրդարանի նախագահին մօտ այդ ուղղութեամբ աւելի ճկունութիւն նկատեցինք, եւ ան մեզի փոխանցեց, որ այլեւս նախկինին նման կառչած չէ երկխօսութեան` իբրեւ հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նախապայման, եւ այդ քայլը դրական ու դիւրացնող նկատեցինք»:
Պու Սաապ աւելցուց. «Այժմ պլոքներու, կուսակցութիւններու եւ երեսփոխաններու պատասխանատուութիւնն է խորհրդարանի նախագահին կատարած քայլին դիմաց քայլ կատարելու, որպէսզի նախագահի շուրջ փոխհասկացողութիւն գոյացնենք: Չի կրնար նախագահ մը ըլլալ, որ խումբ մը այլ խումբի մը կը պարտադրէ: Պէտք է 86 կամ 95 երեսփոխան ապահովուի, որպէսզի զգանք, որ բոլորին կողմէ համաձայնական նախագահին շուրջ միաձայնութիւն կայ:
«Այս խօսքը յստակ էր, զայն լսեցինք, անոր կը զօրակցինք եւ խորհրդարանի նախագահին հետ համաձայնեցանք Լիբանանի շահը ամէն բանէ վեր դասելու: Ժամանակն է, որ չհետաքրքրուինք այլ պետութիւններուն շահերով: Հիմնականը Լիբանանի շահն է, եւ մենք Լիբանանի մէջ ներքին սադրանքէ չենք վախնար, եւ ոչ ոք այդ սադրանքը կամ պատերազմը կ՛ուզէ», ընդգծեց Պու Սաապ: