Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Շէյխ Քասեմ. «Պատրաստ Ենք Որեւէ Կարելիութեան Եւ Պատրաստ Ենք Ցամաքային Ճակատումին, Որմէ Յաղթական Դուրս Պիտի Գանք»

Հոկտեմբեր 1, 2024
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալ շէյխ Նայիմ Քասեմ երէկ պատկերասփռուած ուղերձի մը ընթացքին յայտնեց. «Կորսնցուցինք Նասրալլան, այն մեծ մարդը, որ պատերազմի դաշտը չլքեց»:

Ան խօսքը Հըզպալլայի մարտիկներուն ուղղելով ըսաւ. «Իմացէ՛ք, որ Նասրալլան միշտ եւ յաւիտեանս մեր մէջ է»:

«Իսրայէլացի թշնամիին նշածին հակառակ Նասրալլայի հետ քսան ղեկավարներու ժողով չկար», ըսաւ ան` նշելով. «Մեր ղեկավարը` ընդհանուր քարտուղար Նասրալլան կորսնցուցինք, ինչպէս նաեւ նահատակ Ալի Քարաքին եւ (Իրանի) Յեղափոխութեան պահակագունդէն Ապպաս Նելֆրոշանը»:

Շէյխ Քասեմ յայտարարեց. «Ամէնէն մօտ առիթին նոր ընդհանուր քարտուղար մը պիտի ընտրենք մեքանիզմներուն համաձայն, եւ ընտրանքները դիւրին ու յստակ են»:

«Կը շարունակենք ղեկավարել ու վերահսկել կուսակցութեան կառոյցին համաձայն, եւ իւրաքանչիւր ղեկավար փոխարինող ունի, եթէ ան վիրաւորուի», ըսաւ ան:

«Այս մեծ ժողովուրդը, որ դժուար առաքելութիւններու ընթացքին ոտքի կանգնեցաւ, այժմ ոտքի կանգնեցաւ, եւ պիտի յաղթենք, ինչպէս 2006 թուականին իսրայէլեան թշնամիին յաղթեցինք: Հակառակ քատրերու ահաբեկման, Իսրայէլ չկրցաւ վնասել մեր կարողութեան, եւ թշնամին կը խենթանայ մեզ զսպել չկարողանալուն համար», աւելցուց Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը:

«Կը գործադրենք փոխարինող անհատներուն եւ ղեկավարներուն համար Նասրալլայի ճշդած այլընտրանքային ծրագիրները, եւ բոլորը պատերազմի դաշտին մէջ պատրաստ են: Այն, ինչ որ կ՛ընենք, ճակատամարտը շարունակելու ծրագիրին մէկ փոքր բաժինն է` մեր գնահատականի, ճշդուած ծրագիրներուն եւ պատերազմի դաշտին կարիքներուն համաձայն», ըսաւ ան:

«Որեւէ կարելիութիւն պիտի դիմակայենք, եւ պատրաստ ենք, եթէ իսրայէլացիները որոշեն ցամաքէն մուտք գործել: Դիմադրութեան ուժերը պատրաստ են ցամաքային ճակատումին, պատրաստուեցան եւ Աստուծոյ վստահելով վստահ ենք, որ իսրայէլեան թշնամին պիտի չիրագործէ իր նպատակները, եւ յաղթական դուրս պիտի գանք», աւելցուց շէյխ Նայիմ Քասեմ:

Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի տեղակալը շեշտեց. «Ճակատամարտը երկար է եւ ընտրանքները բաց: Եթէ իսրայէլացին ցամաքէն մուտք գործէ, որեւէ կարելիութիւն պիտի դիմակայենք»:

Նախորդը

Քաց. «Համաձայնութեան Հասնելու Միակ Ուղին Հըզպալլան Լիթանի Գետէն Հիւսիս Տեղափոխելն Ու Զայն Ապազինելն Է»

Յաջորդը

Իսրայէլեան Օդուժը 7-րդ Օրն Ըլլալով Շարունակեց Լիբանանի Վրայ Իր Յարձակումը. Ցամաքային Յարձակումը Մօտալո՞ւտ

RelatedPosts

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն  Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման
Գլխաւոր լուրեր

Նախագահ Աուն Բանակի Հրամանատարէն Պահանջեց Դէմ Դնել Իսրայէլեան Որեւէ Ներթափանցման

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին
Գլխաւոր լուրեր

Պայրագտարեան Եւ Պօղոսեան Այցելեցին Նախագահ Աունին

Հոկտեմբեր 31, 2025
Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ  Իսրայէլեան Յարձակում
Լիբանանեան

Պլիտայի Քաղաքապետարանին Վրայ Իսրայէլեան Յարձակում

Հոկտեմբեր 31, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?