Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Օվերչուք. «Ռուսիան Պատրաստ Է Օգնելու Հոլովոյթին` Մեկնելով Հայաստանի Գերիշխանութեան Եւ Տարածքային Ամբողջականութեան Սկզբունքէն»

September 30, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստան այցելող Ռուսիոյ փոխվարչապետ Ալեքսէյ Օվերչուք, որ նաեւ Հարաւային Կովկասի մէջ երթեւեկի հաղորդակցութեան ուղիներու ապաշրջափակման գծով եռակողմ աշխատանքային խումբի համանախագահն է, յայտարարեց, որ շրջանային ապաշրջափակումը կարելի է 9 նոյեմբերի պայմանաւորուածութիւններու  ծիրին մէջ: Ան նաեւ այս տարուան Մայիսի ջրհեղեղէն ետք վերակառուցուած երկաթուղիով մեկնեցաւ տուժած Ալավերդի, ուր պատասխանեց լրագրողներու հարցումներուն:

«Ապաշրջափակումը կարելի է այն պայմանաւորուածութիւններու շրջանակներուն մէջ, որոնք ձեռք բերուած են երեք երկիրներու ղեկավարներուն կողմէ, եւ որոնք կ՛արտացոլան 9-10 նոյեմբեր 2020-ի միացեալ յայտարարութեան մէջ: Ինչպէս գիտէք, Ռուսիա միշտ պատրաստ է միանալու այդ գործընթացին եւ օգնելու` մեկնելով Հայաստանի գերիշխանութեան, տարածքային ամբողջականութեան եւ իրաւազօրութեան սկզբունքէն», յայտարարեց Օվերչուք:

Ան նաեւ մասնակցեցաւ միջկառավարական յանձնախումբի հանդիպումին, որ, ըստ Օվերչուքի, տեւեց շուրջ 5 ժամ, եւ քննարկուեցան բոլոր հիմնական հարցերը:  Անդրադառնալով Հայաստան-Ռուսիա յարաբերութիւններուն մէջ նկատուող լարուածութեան` Օվերչուք պնդեց, թէ իրականութիւնը եւ լրատուամիջոցներուն մէջ ներկայացուող պատկերը տարբեր են իրարմէ:

«Ինչի՞ պէտք է ուշադրութիւն դարձնէք. կայ լրատուական մթնոլորտ մը, որ յաճախ բացասական է: Եւ կայ  իրականութիւն մը: Այսօր մենք իրական երկաթուղիով եկանք եւ տեսանք իրական աշխատանք, որ կատարուած է: Մենք ունինք ապրանքներու շրջանառութեան իրական աճ, որ կը վկայէ մեր երկիրներուն միջեւ կապերու ամրապնդման մասին: Եւրասիական տնտեսական միութեան մէջ Հայաստանի ներկայացուցիչները իսկապէս աշխատանք կը տանին, եւ մենք պէտք է տարբերենք այն, ինչ որ տեղի կ՛ունենայ իրական աշխարհին մէջ, եւ այն, որ կը պարտադրուի լրատուական օրակարգին մէջ, որ յաճախ պարզապէս չի համապատասխաներ իրականութեան», հաստատեց Օվերչուք:

 

Նախորդը

Պաքու Օթթաուան Կը Մեղադրէ «Կողմնակալութեան Յանցանքով»

Յաջորդը

Ռուսիոյ Եւ Իրանի Արտաքին Գործոց Նախարարները Քննարկած Են Հարաւային Կովկասի Մէջ Տիրող Կացութիւնը

RelatedPosts

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ  Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով`  Ազրպէյճանի Տարածքով
Գլխաւոր լուրեր

Հայաստան Շուտով Ռուսական Հեղուկ Կազ Պիտի Ներածէ Երկաթուղիով` Ազրպէյճանի Տարածքով

January 20, 2026
Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են  Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու  Կարգաւորման Գործընթացը
Գլխաւոր լուրեր

Պայրամովն Ու Ռուպիոն Քննարկած Են Հայ-Ազրպէյճանական Յարաբերութիւններու Կարգաւորման Գործընթացը

January 20, 2026
«Հայաստան» Խմբակցութիւնը  Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է
Գլխաւոր լուրեր

«Հայաստան» Խմբակցութիւնը Հանդիպումներու Շարքի Մը Սկսած Է

January 19, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.