Պաքու Երեւանին կոչ ուղղած է վերացնելու խաղաղութեան համաձայնագիրի ստորագրման խոչընդոտները: Այս մասին Նիւ Եորքի մէջ ՄԱԿ-ի Ընդհանուր ժողովի 79-րդ նստաշրջանի ծիրին մէջ Ապագայի վեհաժողովի ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
«Հիմնուելով երկկողմանի բանակցութիւններու ընթացքին ձեռք բերուած յառաջընթացին վրայ` կոչ կ՛ուղղենք արագ քայլեր ձեռնարկելու` վերացնելու մնացած խոչընդոտները եւ ընդգծելու անհրաժեշտ քաղաքական կամքի ու պատասխանատուութեան դրսեւորման կարեւորութիւնը», նշած է ան:
Պաքուն խաղաղութեան պայմանագիրի գլխաւոր խոչընդոտ կը նկատէ Հայաստանի Հանրապետութեան սահմանադրութեան մէջ «Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջներու» գոյութիւնը: