Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի Հաւաքական անվտանգութեան պայմանագիրի կազմակերպութեան (ՀԱՊԿ) կողմէ հանրապետութեան գերիշխանութեան սպառնացող վտանգի մասին յայտարարութիւնները կը հակասեն ողջախոհութեան: ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ այս մասին յայտնած է Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան բանբեր Մարիա Զախարովա:
«Ինծի կը թուի, թէ յայտարարութիւնները կը հակասեն ողջախոհութեան եւ իրականութեան: Որովհետեւ եթէ ձեզի բան մը «կը սպառնայ», յատկապէս ազգային անվտանգութեան, ապա ի՞նչ իմաստ ունի ըսել, որ Հայաստանը տակաւին ՀԱՊԿ-ի մէջ կը մնայ», ըսած է Զախարովա:
«Եթէ մնան, կը նշանակէ, որ ասոր մէջ նպատակայարմարութիւն կը տեսնեն: Նոյն ատեն կ՛ըսէին, որ ՀԱՊԿ-ն «դուրս եկաւ Հայաստանէն»: Այս ամէնը կը հակասէ ողջամտութեան եւ տրամաբանութեան», յայտարարեց ան:
Յիշեցնենք, որ Փաշինեան 18 սեպտեմբերին յայտարարած էր, որ ՀԱՊԿ-ն չ՛ապահովեր Հայաստանի նկատմամբ իր ունեցած անվտանգային պարտաւորութիւնները, այլ հարց, որ ՀԱՊԿ-ն Հայաստանի Հանրապետութեան անվտանգութեան, հետագայ գոյութեան համար սպառնալիքներ կը ստեղծէ: