Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Փիւնիկի Նախագահ Արթուր Սողոմոնեան «Ծախու» Դրած Է Ակումբը

September 20, 2024
| Մարզական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի այժմու ախոյեան Փիւնիկի սեփականատէր եւ նախագահ Արթուր Սողոմոնեան յայտնած է ակումբը ծախելու մտադրութեան մասին:

«Դժուար որոշումի մասին բան մը կ՛ուզեմ պատմել, որ շատ ալ դիւրին չէ: Երկար մտածեցի ու որոշեցի վաճառել Փիւնիկ ֆութպոլի ակումբը եւ լքել հայկական արհեստավարժ ֆութպոլը: Գլխաւոր եւ միակ պատճառը Հայաստանի ֆութպոլի ֆետերասիոնի ղեկավարութեան հալածանքն է, որ տեղի կ՛ունենայ աւելի քան երկու տարիէ ի վեր: Դժբախտաբար իրավիճակը կանուխէն դուրս ելաւ պարզ մրցակցութենէ եւ վերածուեցաւ անձնական ճակատումի: Ասիկա շատ վնաս կը հասցնէ խումբին, համակիրներուն, մեր ակադեմիային, եւ ամէնէն կարեւորը` հայկական ֆութպոլի հեղինակութեան: 2 տարիէ աւելի է, որ ես եւ ակումբը կը պայքարինք ամէն տեսակի ճնշումներու, յարձակումի եւ իրաւարարներու անարդարութեան դէմ: Վերջին 4 տարիներուն բարձրագոյն դասակարգի 5 խումբ, ինչպէս նաեւ 6 մեծ ներդրողներ լքեցին հայկական ֆութպոլը` յայտարարելով անկարելիութեան մասին` աշխատիլ ֆետերասիոնի ոչ արդար իրաւարարներու հետ: Դժբախտաբար ես ալ այդ եզրակացութեան հասայ: Ինծի համար շատ ցաւալի, բայց լաւ ձեւով ուսումնասիրուած որոշում է, քանի որ իրապէս իմաստ չեմ տեսներ աշխատելու այս տեսակի անառողջ մթնոլորտի մէջ: Վստահ եմ, որ կը գտնուին մարդիկ, որոնք հետաքրքրուած կ՛ըլլան շարունակել փառաւոր պատմութիւնը Փիւնիկ ակումբի, որ վերջին տարիներուն ոչ միայն հասած է մեծ նուաճումներու, այլ նաեւ յայտնի դարձած է Հայաստանի մէջ եւ Հայաստանի սահմաններէն դուրս:

«Կ՛ուզեմ հանգստացնել ընտանիքները եւ Փիւնիկի ակադեմիայի սաները. ես կը շարունակեմ ներդրումները մանկապատանեկան ակադեմիային գծով, եւ բոլոր մեր սաները պիտի շարունակեն կրթուիլ իրենց տարիքային խումբերուն մէջ: Ես չեմ հեռանար հայկական մարզական աշխարհէն եւ կը շարունակեմ ներդրումներ ընել, քանի կը կարծեմ, որ մարզական զարգացումը շատ կարեւոր է մեր երկրին համար: Պատրաստ կ՛ըլլամ վերադառնալու հայկական ֆութպոլ, երբ կը փոխուի ֆետերասիոնի ղեկավարութիւնը, եւ կու գան մարդիկ, որոնք իսկապէս հետաքրքրուած կ՛ըլլան ֆութպոլի զարգացման մէջ: Կ՛ուզեմ շնորհակալութիւն յայտնել բոլոր անոնց, որոնք մեր կողքին էին վերջին 7 տարիներուն, աջակցած են մեզի հետ միասին, ուրախացած են մեր յաղթանակներով: Մենք իրապէս պատմական արդիւնքներու հասանք, եւ հպարտ եմ, որ եղած եմ մէկ մասնիկը այս մեծ ու համերաշխ ընտանիքին` Փիւնիկի ֆութպոլի ակումբ անունով»:

Նախորդը

Ճատրակ. Հայաստանի Տղաքը Յաղթեցին Անգլիոյ. Աղջիկները Հաւասարութիւն Արձանագրեցին

Յաջորդը

Փորձ Մրցումներու Ծիրին Մէջ. ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ – Ուաֆաա Ղպէյրի` 4-0

RelatedPosts

Պասքեթպոլ.  Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75
Մարզական

Պասքեթպոլ. Սանթրալ – ՀՄԸՄ` 90-75

November 2, 2026
Քարաթէ.  Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ
Մարզական

Քարաթէ. Հայաստան 4 Մետալ Կը Նուաճէ Գահիրէի Մէջ

November 2, 2026
«Էմ. Էմ. Էյ.»  Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին
Մարզական

«Էմ. Էմ. Էյ.» Ժան-Փոլ Պոսնոյեան Յաղթեց Ազրպէյճանցի Իր Մրցակիցին

November 2, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.