ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի ֆութպոլի խումբը կը շարունակէ իր պատրաստութիւնները 2024-2025 տարեշրջանին համար, եւ չորեքշաբթի գիշեր բարեկամական փորձ-մրցումի մը ընթացքին 4-0 արդիւնքով պարտութեան մատնեց Ուաֆաա Ղպէյրին, Սին Էլ Ֆիլի դաշտին վրայ:
Արամ Ճեմեզեան, որ քանի մը օր առաջ միացաւ երիտասարդներու խումբէն, նշանակեց առաջին կոլը: Սերժ Օսքեան, Եուսեֆ Համատէ եւ Ֆատել Ռիտա նշանակեցին մնացեալ 3 կոլերը:
Նշենք, որ ֆութպոլի ֆետերասիոնի Լեռնալիբանանի ենթայանձնախումբը իր այս շաբթուան ժողովին որոշեց ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի, ինչպէս նաեւ Լեռնալիբանանի ախոյեանութեան ազդանշանները:
17 հոկտեմբերին տեղի պիտի ունենան զոյգ մրցաշարքերուն վիճակաձգութիւնները:
Որոշուեցաւ նաեւ 4-րդ դասակարգի Լեռնալիբանանի 36 խումբերը բաժնել 6 կարգերու, ուր ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ դասուեցաւ առաջին կարգի խումբերուն հետ` նկատի ունենալով, որ ան Լեռնալիբանանի անցեալ տարուան ախոյեանն էր: ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի կողքին դասուած են նաեւ Ռայա, Շապապ Պըրժ, Տապըլ Քիք, Ռապիթաթ Ուարտանիէ եւ Ռիատի Արամուն:
Ֆետերասիոնի բաժակի մրցաշարքի ազդանշան որոշուեցաւ 2 նոյեմբերը, իսկ Լեռնալիբանանի ախոյեանութիւնը պիտի սկսի 4 յունուար 2025-ին:
ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտի վարչութեան ներկայացուցիչ Երջանիկ Մաքասճեանի կարծիքով, այս տարի ՀՄԸՄ Պուրճ Համուտ պիտի ըլլայ աւելի լաւ պատրաստուած, եւ վերջին 4 տարիներու փորձառութիւններէն մեկնած` պիտի փորձէ ոչ միայն Լեռնալիբանանի ախոյեան դառնալ, այլ բարձրանալ նաեւ Գ. դասակարգ, անշուշտ բոլորին քաջալերանքով եւ Հայ մարմնակրթական ընդհանուր միութեան անունը բարձր պահելով:


