Չորեքշաբթի օր «Եու. Է. Էֆ. Ա.»-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի մրցումները շարունակուեցան. Եւրոպայի լաւագոյն խումբերէն Մանչեսթըր Սիթի իր «Էթթիհատ» դաշտին վրայ չկրցաւ կոլ նշանակել Ինթեր Միլանի դէմ մրցումին:
2023-ի «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական մրցումի կրկնութիւնը եղաւ հետաքրքրական, ուր Ինթեր աւելի վտանգաւոր էր մանաւանդ հակայարձակումներու ընթացքին: Ինթերի մարզիչ Սիմոնէ Ինցակի պահեստի աթոռներուն վրայ ձգած էր խմբապետ Լաութարօ Մարթինեսը, Հենրիխ Մխիթարեանը, Տենզել Տումֆրիզը եւ Պենճամեն Փաւարտը, որոնք 66-րդ վայրկեանէն ետք դաշտ ներկայանալով աւելի վտանգեցին Սիթիի բերդը: Մխիթարեան առիթ ունէր նշանակելու յաղթանակի կոլը 76-րդ վայրկեանին, սակայն անոր ուժգին հարուածը բարձր էր եւ անցաւ Էտերսոնի բերդէն վեր:
Սիթի այժմ միայն 5 անգամ կրցած է յաղթել իտալական մրցակիցին հետ վերջին 14 ճակատումներուն, մինչ Ինթեր 5 մրցումներէ ի վեր անյաղթ կը մնայ, հակառակ անոր որ տակաւին բարձր մակարդակի ֆութպոլ չի կիրարկեր:
Մխիթարեան իր 100-րդ մրցումը կատարեց Ինթեր Միլանի շապիկով: Ան «Չեմփիընզ լիկ»-ի իր 63-րդ ելւոյթը ունեցաւ:
Ֆրանսայի ախոյեան Փարիզ Սեն Ժերմեն գրեթէ ամբողջ մրցումը ճնշելէ ետք Սպանիոյ Ժիրոնա խումբին վրայ, 90-րդ վայրկեանին կրցաւ նշանակել կոլ մը` Ժիրոնայի արժանթինցի բերդապահ Փաուլօ Կասինկայի «օգնութեամբ»:
Արդարեւ, Փարիզ Սեն Ժերմեն յարձակում մը կը կազմակերպէր փորթուգալցի ձախ ծայրի պաշտպան Նունօ Մենտեշի միջոցով, որ դէպի առաջ փոխանցում կատարեց, անցաւ բերդապահ Կասինկայի մարմնին տակէն, որ կը փորձէր միջամտել փոխանցումին, բայց… գնդակը ձեւով մը իր բերդին մէջ նշանակուեցաւ` օգնելով Լուիս Էնրիքէի կազմին, որ այս տարեշրջանին միջին հաշուով 4 կոլ կը նշանակէր ամէն մրցումի` արձանագրելու կարեւոր 3 կէտեր:
Գերմանիոյ Պորուսիա Տորթմունտ ակումբը, որ անցեալ տարի հասած էր «Չեմփիընզ լիկ»-ի աւարտական, 3-0 արդիւնքով յաղթական վերադարձաւ Պրիւժի դաշտէն (Պելճիքա):
Անգլիացի երիտասարդ յառաջապահ Ճէյմի Կիթընզ (2) եւ Սերհու Կիրասի նշանակեցին «դեղիններուն» կոլերը:
Ստորեւ` չորեքշաբթի օրուան մրցումներուն արդիւնքները.
Պոլոնիա – Շախթիոր Տոնեցք 0-0
Սփարթա Փրակա – Զալցպուրկ 3-0
Սելթիք – Սլովան Պրաթիսլաւա 5-1
Պրիւժ – Տորթմունտ 0-3
Մանչեսթըր Սիթի – Ինթեր Միլան 0-0
Փարիզ Սեն Ժերմեն – Ժիրոնա 1-0


