Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Թուրքիոյ Երկու Դէմքերը` Դաժանութիւնը Քողարկող Խաբուսիկ Ազնուութիւն

April 23, 2012
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Երբ անցեալ ամիս Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարարը գաղտնի հանդիպում ունեցաւ խումբ մը հայերու հետ, Ուաշինկթընի մէջ, ան իր նենգ ժպիտով եւ անուշ լեզուով սիրաշահեցաւ անոնց սիրտը: Ասիկա թրքական աւանդական դիւանագիտութեան կեղծ դիմագիծն էր:

Անցեալ շաբաթ ՄԱԿ-ի մօտ Թուրքիոյ դեսպանը Նիւ Եորքի մէջ բացայայտեց իր կառավարութեան վայրագ եւ յարձակողական դիմագիծը: Իմանալով ապրիլ 12-ին ՄԱԿ-ի մէջ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կայանալիք սիմփոզիոմին մասին` Թուրքիոյ մնայուն ներկայացուցիչը բողոք ներկայացուց ընդհանուր քարտուղարութեան գրասենեակ` փորձելով խափանել կայանալիք ձեռնարկը:

Միջոցառումը, որ կազմակերպուած էր «Trauma Outreach and Prevention» (ATOP) կազմակերպութեան կողմէ, կը կրէր «Ցեղասպանութեան կանխարգիլման ճամբուն` իրենց պատմութեան մութ էջերը ընդունող ազգերը. անոնց հոգեբանական, տնտեսական եւ մշակութային հեռանկարները» խորագիրը: Տոքթ. Ճ. Մայքըլ Յակոբեանի «Գետը կարմրեցաւ» վաւերագրական ժապաւէնի ցուցադրութենէն ետք մեկնաբանութիւններով հանդէս եկան բեմադրիչ Քարլա Կարապետեան, տոքթ. Տենիս Փափազեան, փրոֆ. Էրվին Սթոպ եւ ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի դեսպան Կարէն Նազարեան:

Ոգեւորուած 2007 թուականի Թուրքիոյ յաջողութենէն, երբ անիկա կրցաւ խոչընդոտել Ռուանտայի վերաբերեալ ՄԱԿ-ի ցուցահանդէսին ընթացքին «Հայոց ցեղասպանութիւն» եզրին օգտագործումը, Թուրքիոյ դեսպանը փորձեց ճնշում գործադրել ՄԱԿ-ին վրայ, որպէսզի վերջինս արգիլէ անցեալ շաբաթ Հայոց ցեղասպանութեան վերաբերեալ կայացած սիմփոզիոմը: Բարեբախտաբար ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի ներկայացուցչութիւնը, որ ձեռնարկին  պաշտօնական հովանաւորն էր, ընդդիմացաւ եւ սիմփոզիոմը տեղի ունեցաւ այնպէս, ինչպէս նախատեսուած էր, թէեւ` որոշ խանգարումներով: Ձեռնարկին սկիզբը թուրք երկու անկոչ դիւանագէտներ մտան դահլիճ` փորձելով խանգարել ձեռնարկը: Անոնք անդադար կը պոռային` մեղադրելով խօսնակները Թուրքիան վարկաբեկելու մէջ, ինչպէս նաեւ մերժեցին կատարել կազմակերպիչ կողմին պահանջները, որոնցմէ էր` գրաւոր ներկայացնել բոլոր դիտողութիւններն ու հարցերը: Իրարանցումը շարունակուելով` հարկ եղաւ կանչել ՄԱԿ-ի անվտանգութեան աշխատակիցները, որոնք դահլիճէն դուրս հրաւիրեցին այդ երկու ոչ դիւանագէտ թուրք դիւանագէտները, որոնք հեռացան անմտօրէն գոչելով` «Մենք ենք անվտանգութիւնը, մեզի կը պատկանի անվտանգութիւնը եւ մենք կը վճարենք անվտանգութեան համար»:

Իր ներածական խօսքին մէջ դեսպան Նազարեան նկատել տուաւ, որ` «97 տարի առաջ, պետականօրէն մշակուած ծրագիրով մը իրականացուեցաւ ոճրագործութիւն մը, որուն ծաւալն ու հետեւանքները իրենց հաւասարը չունին ոչ միայն հայ ժողովուրդին, այլեւ ամբողջ աշխարհի պատմութեան մէջ: Հայերու ոչնչացման ծրագիրը իրականացաւ Օսմանեան կայսրութեան պետական մեքենային կողմէ` իր բոլոր կառոյցներուն միջոցով, եւ գործադրուեցաւ յստակ հրահանգներով»:

Տոքթ. Փափազեանի խօսքերուն խորագիրն էր` «Ինքնիշխանութիւնը, ազգայնականութիւնը, ցեղասպանութիւնը` ընդդէմ մարդասիրութեան եւ մտաւոր ազատութեան. Ցեղասպանութեան պատճառներն ու անոնց վերացումը»: Ան իր դժգոհութիւնը յայտնեց անոր համար, որ` «Հայոց ցեղասպանութիւնը չի ճանչցուիր ներկայիս թրքական կառավարութեան կողմէ որպէս յանցագործութիւն, որ կատարուած է իր նախորդ կառավարութեան կողմէ` Միութիւն եւ յառաջդիմութիւն կոմիտէի բռնատիրութեան ներքոյ», որ` «թուրք ժողովուրդը զրկուած է ճշգրիտ աղբիւրներէ` Թուրքիոյ քրէական օրէնսգիրքի 301-րդ յօդուածին պատճառով, որուն համաձայն, այդ մեղադրանքը կը համարուի թրքական վիրաւորանք», եւ որ այսպիսի (օսմանեան) հաւաքածոներ, ինչպիսիք են բռնագրաւուած կալուածներուն արխիւներն ու ռազմական արխիւները, բաց չեն ուսումնասիրողներու համար»:

Փրոֆ. Սթոպ խօսեցաւ «Յաղթել չարին. Ցեղասպանութեան կանխարգիլումը եւ խաղաղարար հասարակութիւններու ստեղծումը» նիւթին մասին: Ան նշեց, թէ` «յանցագործներուն, անոնց սատարողներուն եւ ընդհանուր առմամբ ամբողջ աշխարհին կողմէ խումբի մը տառապանքներուն ճանաչումը մեծ արժէք ունի ե՛ւ հետեւանքներու վերացման, ե՛ւ հաշտութիւն գոյացնելու համար»: Այնուամանայնիւ, «իրագործողները հազուադէպօրէն եւ միայն մեծ դժուարութեամբ կ՛ընդունին իրենց արարքները եւ զղջում կը ցուցաբերեն իրենց կողմէ զոհերու արժեզրկման, իրենց գաղափարախօսութեան եւ իրենց չընդունած ամօթին համար»:

Քարլա Կարապետեան ներկայացուց «Ցեղասպանութեան ընդունման տնտեսական հետեւանքները»: Ան նշեց, որ Ճ. Մայքըլ Յակոբեանը նկարահանած է Ցեղասպանութիւնը վերապրածներուն վկայութիւնները, որպէսզի անոնց ձայնը օր մը լսելի ըլլայ միջազգային այն դատարաններուն մէջ, որոնք պիտի վճռեն, թէ Թուրքիան ինչպէ՛ս պէտք է հատուցէ զոհերուն ժառանգորդներուն:

Առանց հաշուելու Թուրքիոյ կառավարութեան կողմէ իրականացուած Ցեղասպանութեան զոհերէն բռնագրաւուած կալուածներուն, հողերուն եւ այլ գոյքերու արժէքները, Կարապետեան զոհուած 1.5 միլիոն հայերուն դիմաց փոխհատուցման արժէքը գնահատեց 15 միլիառ տոլարով: Անոր գնահատումը հիմնուած էր 1952-էն ի վեր Ողջակիզման վեց միլիոն հրեայ զոհերուն համար Գերմանիոյ կողմէ վճարուած 60 միլիառ տոլարի փոխհատուցման վրայ: Կարապետեան իր խօսքը աւարտեց` առաջարկելով, որ որեւէ պետութիւն պէտք չէ օգուտ քաղէ օրէնքի խախտումէ եւ անարդարօրէն հարստանայ, հաւաստիացնելով, որ քրէական անցեալ ունեցող պետութեան մը պէտք չէ արտօնել, որ պահէ իր յանցագործութեան պտուղները:

Այս շաբաթ ATOP-ի նախագահ Անի Գալայճեան նամակ մը գրեց ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունին` բողոքելով թուրք երկու դիւանագէտներուն «սանձարձակ, ոչ մասնագիտական եւ ամբարտաւան վարքագիծին դէմ»: Ան իր տարակուսանքը յայտնեց, թէ ինչպէ՞ս կրնայ ՄԱԿ-ը խաղաղութիւն հաստատել ամբողջ աշխարհին մէջ, երբ չի կրնար կարգ ու կանոն հաստատել իր գրասենեակներուն մէջ տեղի ունեցող ձեռնարկի մը ընթացքին:

ՅԱՐՈՒԹ ՍԱՍՈՒՆԵԱՆ
«Քալիֆորնիա Քուրիըր» թերթի
հրատարակիչ եւ խմբագիր

Թարգմանեց`
ԿԱՐԻՆԷ ԳԷՈՐԳԵԱՆ

Նախորդը

Քայլարշաւ-Բողոքի Ցոյցին Մասնակցելով` Թուրքիոյ Ցոյց Պիտի Տանք Լիբանանահայութեան Ներուժն Ու Ներկայութիւնը Այս Երկրին Մէջ (Հարցազրոյց` Հայոց Ցեղասպանութեան 100 Ամեակի Ոգեկոչման Լիբանանի Կեդրոնական Մարմինի Անդամներուն Հետ)

Յաջորդը

Ապրիլ 24-ի Դասերը, Մայիս 6-ի Ընտրապայքարը Եւ «Հայեւթուրք Արձանագրութեանց» Յամեցող Ուրուականը

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅ Դաշնակցութիւնը` Պատնէշին Վրայ, Աւելի Քան Երբեք

November 25, 2026
Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի Արխիւէն. Դաշնակցական Ընկերոջ Օրինակը Ընկեր Մ. Պարոնեան

November 25, 2026
Խմբագրական «Մարզիկ»-ի- Թիւ 442-ի.  Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը
Անդրադարձ

Նշաձողը Բարձր Պահելու Հրամայականը` Հաստատութենական Հեռանկարով

November 25, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։