Հայաստանի օրէնսդրական աքթերուն մէջ Ազրպէյճանի նկատմամբ տարածքային պահանջները եւ այդ երկրի աճող ռազմականացումը շրջանին մէջ կայուն խաղաղութեան հոլովոյթին սպառնացող հիմնական գործօններն են: «Ազատութիւն» ձայնասփիւռի կայանը կը հաղորդէ, որ այս մասին Լիւքսամպուրկի արտաքին գործոց նախարարին հետ հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին յայտարարած է Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարար Ճէյհուն Պայրամով:
Ըստ Ազրպէյճանի արտաքին գործոց նախարարութեան, ան Քսաֆիէ Պեթելին ներկայացուցած է Պաքուի եւ Երեւանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման հոլովոյթը եւ շրջանին մէջ տիրող կացութիւնը: