ՓՐՈՖ. ԱՐԱ ՍԱՅԵՂ
«Քրիստոնէական ժառանգութիւնը Ազրպէյճանի բազմամշակութային ինքնութեան մէջ» խորագիրով լուսանկարներու ցուցահանդէսին [1] բացումը կատարուեցաւ 24 մայիս 2024-ին, Լեհաստանի մայրաքաղաք Վարշաւայի կեդրոնը, զբօսաշրջիկներով լեցուն պատմական ամէնէն պանծալի Քրաքովսքիէ փժետմիեշչէ (krakowskie przedmieście) թաղամասին մէջ գտնուող Ս. Յովսէփ (St. Joseph of the Visitationists) եկեղեցւոյ մայր մուտքին դիմաց, որ աչքառու վայր մըն է` քարոզչական ծրագիրներ եւ ցուցադրական արշաւներ իրագործելու, հանրային տեսանելիութիւնը հրապուրելու ու հասարակութեան ուշադրութիւնը գրաւելու:
Պատկերակալներու վրայ ներկայացուած լուսանկարները, անոնց վրայ գտնուող լուսաբանական տեղեկութիւններն ու պատմական մանրամասնութիւնները յաջորդող երկու շաբաթներու ընթացքին, մինչեւ 7 յունիս, բացօթեայ երկինքի տակ հետաքրքրուող անցորդներուն, եկեղեցւոյ այցելուներուն եւ մանաւանդ զբօսաշրջիկներուն առիթ ընծայեցին ծանօթանալու այդ երկրի քրիստոնէական մշակոյթի ժառանգութեան:
Խաբուսիկ վերնագրով լուսանկարներու ցուցահանդէսը ներկայացուած էր պատմական անվաւերականութեամբ եւ ահռելի անպարկեշտութեամբ` անվստահութեան եւ կասկածի տրամադրութիւններ յառաջացնելով արցախեան պատմամշակոյթի եւ հայու կրօնամշակութային ինքնութեան նկատմամբ: Այս ցուցահանդէսը կանխամտածուած յարմարագոյն քարոզչական ծրագիրն է` մոլորեցնելու ու հաւատացնելու Լեհաստանի հասարակութիւնը, որ ընդհանրապէս անտեղեակ է վերոնշեալ ցուցահանդէսի վերնագիրի պատմական բովանդակութենէն:
Ակնառու էր լուսանկարներու տեղեկութիւններուն ընդմէջէն ներկայացուած քրիստոնէական այդ ժառանգութիւնը` եկեղեցիները եւ կրօնական վայրերը, իբր թէ կը պատկանին ալպանացիներու, աղուանական արմատներով, ուտիական քրիստոնէական մշակոյթին: Իսկ կազմակերպիչներու միտումով, ցուցահանդէսը կը ներկայացնէ այդ երկրի քրիստոնէական պատմական հնագոյն հոգեւոր կապերու հարազատ արտացոլացումը: Մէկ խօսքով, պատմական խեղաթիւրում է` յօրինուած կեղծիքի ու խաբէութեան, խեղկատակութեան նախերգանք մը:
Գիտական ապացոյցերէ եւ հիմքերէ հեռու այս ցուցահանդէսը, հիասթափեցնող պատմակեղծարարութիւնը լայնածիր անարգական բաց մը կը ձգէր: Ոտնահարուած էր իսկական իրաւատիրոջ եւ տեղացի հայ բնակչութեան անվիճելի դարաւոր ներկայութիւնը, անտեսուած էին հայ հոգեւոր ինքնութեան խորհրդանիշները, հոգեբարոյական արժէքները եւ մանաւանդ` հայ քրիստոնէական հոգեւոր եւ մշակութաբանութեան, ստեղծագործութիւններու դարախորհուրդ ժառանգը: Այս ծրագիրը Ազրպէյճանի կողմէ որդեգրուած օրէցօր ընդլայնուող «աղուանականացման» քաղաքականութեան փոքրածաւալ մէկ մանրանկարն է Լեհաստանի մէջ: Նպատակ ունէր հերքելու, ուրանալու եւ աղաւաղելու հայու հոգեւոր պատկանելիութեան պատմական իրողութիւնը, միջազգայնացնելու պատմական կեղծիքները, ուր արուեստագէտ ու մշակութակերտ հայ ժողովուրդը այդ հողին դարերու իրաւատէրն ու սեփականատէրն է:
Ցուցահանդէսի կազմակերպիչներն են Վարշաւայի մէջ Ազրպէյճանի հակահայ ծրագիրներու հմուտ դեսպանուհին` Նարկիզ Գուրպանովան, որ վարժութիւնը ունեցած էր նոյնպէս հակազդելու, խոչընդոտելու ու յատկապէս արգիլելու նախընթաց այլ հայանպաստ ծրագիրներ [2][3], եւ Պաքուի բազմամշակութային միջազգային կեդրոնի գործադիր տնօրէն` Ռաւան Հասանովը եւ «Հայտար Ալիեւ»-ի հիմնադրամը: Ցուցահանդէսի բացման, վերոյիշեալներու կողքին, ներկայ եղած են` ազերիական պատուիրակութիւնը, այսպէս կոչուած, ալպանա-ուտիական քրիստոնէական համայնքի նախագահ Ռոպերթ Մոպիլին, քրիստոնէական կրօնական համայնքի նախագահ Ռասիմ Խալիլովը եւ այլք:
Պատմական աղաւաղումի կողքին, հակահայ քարոզչական ժխոր մը ստեղծելու միտումը զգալի էր կրօնական (ան)հանդուրժողութիւններով ունակ այդ երկիրը. «Ազրպէյճանի մէջ մենք հպարտ ենք այն փաստով, որ ազգային բոլոր փոքրամասնութիւններու ներկայացուցիչները կ՛ապրին խաղաղութեան, բարեկամութեան եւ փոխըմբռնումի մթնոլորտի մէջ, ինչպէս` ստուար մէկ ընտանիք մը», ցուցահանդէսի պաշտօնական բացումին ընդգծած է Լեհաստանի մէջ Ազրպէյճանի դեսպանուհին [1]:
Բնականաբար լեհական եւ հայկական մամուլը անդրադարձաւ Վարշաւայի մէջ կազմակերպուած հակահայ այս ցուցահանդէսին: Լեհական լրասփիւռներէն մէկը` «Agencja Informacyjna» [4], հրապարակած էր մշակութաբան, «Բնօրրան» պատմամշակութային կազմակերպութեան փորձագէտ, Երեւանի պետական համալսարանի դասախօս, monumentwatch.org կայքի աշխատակից Արմինէ Տիգրանեանին յօդուածը, ուր Ա. Տիգրանեան խստօրէն դատապարտած էր այս ցուցահանդէսին նպատակը, որ հայկական մշակութային ժառանգութեան իւրացումն է, միջազգային բազմալեզու հարթակներու վրայ ապատեղեկատուութեան տարածումը եւ մանաւանդ Ազրպէյճանի կողմէ հայկական ժառանգութեան հակահայ քաղաքականութեան բացայայտումը: Ա. Տիգրանեան միջազգային հանրութեան ուշադրութիւնը հրաւիրած էր, որպէսզի գործնական քայլերու ձեռնարկէ այս ուղղութեամբ: Մամուլի գործակալութիւններու, լրատուական հարթակներու վրայ լոյս տեսան լեհերէնով զանազան վերնագիրներ, ինչպէս` «Ազրպէյճանը կը վերաշարադրէ պատմութիւնը, հայկական եկեղեցիները վտանգուած են» [5] եւ այլն:
Կաթողիկէ Եկեղեցւոյ Բարձրաստիճան
Ներկայացուցիչներու Առնչութիւնները
Ազրպէյճանի իշխանութիւններու հայկական պատմական փաստերը շահարկելու, հայ ժառանգութեան ինքնութեան կեղծումը, բռնաիւրացումը եւ սեփականացնելու քաղաքականութիւնը, ծրագրուած չարաշահումներու ուղեծիրը վաղեմի է, բոլորիս ծանօթ են նաեւ Լեհաստանը հակահայ քարոզչութեան հերթական արգաւանդ շուկայ մը դարձնելու նախագիծերն ու նուաստ միտումները: Կարելի է այդ մէկը կռահել ցուցահանդէսի բացման հրաւիրեալներէն, ի միջի այլոց` Կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան այրերու եւ Լեհաստանի խորհրդարանի ազերամէտ երեսփոխան Պաւել Քովալի ներկայութենէն:
Հրատապ կարիքը կը զգանք լուսարձակի տակ առնելու անհամատեղելի, անբացատրելի ու յատկապէս հանելուկային մրոտ օղակ մը` Լեհաստանի Կաթողիկէ հոգեւորականներու եւ կաթողիկէ եկեղեցւոյ բարձրաստիճան ներկայացուցիչներու ներգրաւումը այդ հակահայ շահարկման մէջ:
- Անմեկնելի են` Լեհաստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ վերնախաւի, իշխանաւորներու օժանդակութիւնը, համագործակցութիւնը եւ եկեղեցւոյ տարածքը տրամադրելու պատրաստակամութիւնը: Ինչպէ՞ս ընկալել Լեհաստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վարշաւայի առաջնորդին` ծիրանաւոր Քաժիմիեժ Նիչի օգնական Միխալ եպս. Եանոխայի ներկայութիւնը:
- Տեղին է յիշել, որ մօտ ութ տարի առաջ Միխալ եպս. Եանոխան խումբ մը լեհ հոգեւորականներու հետ այցելած է Արցախ եւ սրբավայրերու մէջ պատարագներու մասնակցած է [6]: Ցուցահանդէսի համագործակցութենէն կարելի է կռահել, թէ այդ հոգեւորականները զաւեշտային սեւ ցանկի վրայ չեն, ներում ստացած ըլլալու են այդ երկրի իշխանութենէն` հայկական Արցախ իրենց «ապօրինի այցելութեան յանցանք»-ին համար «անբաղձալի անձերու» ցուցակին մէջ ընդգրկուած չըլլալով:
- Անըմբռնելի է հոգեւորական փրոֆ. հայր Վալտեմար Չիսլոյի մասնակցութիւնը: Քանիցս Սուրիա, Իրաք, Լիբանան, Յորդանան եւ այլուր այցելած այս լեհ հոգեւորականը, որ «Կարիքաւոր եկեղեցւոյ օգնութիւն» ծրագիրի ղեկավարն է, քաջածանօթ է Միջին Արեւելքի երկիրներու մէջ քրիստոնեայ փոքրամասնութիւններու տագնապներուն, դիմագրաւած մարտահրաւէրներուն: Նոյն այս հոգեւորականը Վարշաւայի մէջ կարտինալ Ստեֆան Վիշինսքիի անուան Աստուածաբանական կաթողիկէ համալսարանի Կրօնական ազատութիւններու հետազօտութեան կեդրոնի տնօրէնն է: Ցուցահանդէսի բացման ընթացքին Չիսլօ իր խօսքին մէջ ըսած է. «Ազրպէյճանը կը փորձէ տարբեր կրօններու միջեւ երկխօսութեան օրինակ դառնալ: Մենք կը խօսէինք Լիբանանի մասին` այդ գեղեցիկ երկրի մասին, ուր քրիստոնեաներն ու մահմետականները իրարու հետ ներդաշնակ կ՛ապրին, այսօր Ազրպէյճանը մեզի ցոյց կու տայ այդ ներդաշնակութեան հանգամանալից օրինակը» [1]:
Վարշաւայի մէջ կարտինալ Ստեֆան Վիշինսքիի անուան Աստուածաբանական կաթողիկէ համալսարանին մէջ իրենց կրօնական ուսումը կը ստանան Հայաստանէն ժամանած չորս հիանալի հայ երիտասարդներ, որոնք ապագային հայրենիքի մէջ պիտի նուիրուին Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ ծառայութեան: Այդ նոյն Աստուածաբանական կաթողիկէ համալսարանի մէջ դասախօս է նաեւ փրոֆ. հայր Եուզեֆ Նաումովիչը, որ միեւնոյն ժամանակ լեհահայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հաւատացեալներուն հոգեւոր հայրն է: - Մասնաւորաբար աննախատեսելի եւ տխուր է տեսնել խաբուսիկ վերնագիրով այս ցուցահանդէսին մասնակիցներուն մէջ «Լեհահայոց մշակոյթի եւ ժառանգութեան հիմնադրամ»-ի խորհուրդի անդամ հայր Ալեքսանտր Սենիուքի անունը: Իսկ նշեալ հիմնադրամի խորհուրդի նախագահն է նոյնինքն Լեհաստանի Կաթողիկէ եկեղեցւոյ Վարշաւայի առաջնորդ կարտինալ Քաժիմիեժ Նիչը: Հայր Ալեքսանտր Սենիուքի կազմակերպչական օժանդակութեան համար Ազրպէյճանի դեսպանուհին իր շնորհակալական խօսքին մէջ վկայած ու դրուատած է այդ հոգեւորականը:
- Անհասկնալի է Հայ կաթողիկէ եկեղեցւոյ հոգատարութեան կոչուած բարձրաստիճան հոգեւորականներու վարմունքը, որ կարողացած են նման կեղծաւոր միտումով ցուցահանդէսի մը կազմակերպիչներուն հետ համագործակցելով պատմական կեղծիքի սատարողներն ու այդ կեղծիքներու տարածման մասնակիցները դառնալ:
Եթէ այդ հոգեւորականները անտեղեակ են պատմական ճշգրիտ իրողութիւններէն, արդէն այդ մէկը բարեկրթութեան բացակայութիւն է` անվայելչութեան սահման: Իսկ եթէ անոնք կը փափաքին նման կեղծ ու անհեթեթ կրօնական երկխօսութեան մը համագործակցողները դառնալ, կամ, ըստ իրենց, հաւասարակշռուած էքիւմենիզմի մէջ դերակատարներ ըլլալ, նախ այդ մէկը պէտք է իրատեսութեան, կշռադատող եւ իրաւացի հիմքերով ու խոհեմութեամբ հիմնաւորուած ըլլայ:
- Կաթողիկէ հոգեւորականներու այս անվայելուչ արարքը ոչ միայն խորապէս վիրաւորած է իրաւատէր արցախահայութիւնը, համայն հայութիւնը, այլ նաեւ արհամարհած է լեհահայ համայնքի բազմադարեայ ներկայութիւնը Լեհաստանի մէջ:
(Շար. 1)
[2] https://www.aztagdaily.com/archives/546067
[3] https://hairenikweekly.com/?p=20636
[4] https://agencja-informacyjna.com/dziedzictwo-zawlaszczone-azerbejdzan/
[5] https://portal-informacyjny.com/azerbejdzan-przepisuje-historie-ormianskie-koscioly-zagrozone/