Լիբանանի մէջ Եգիպտոսի դեսպան Ալա Մուսա յայտնեց. «Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակին մէջ շարժում ունինք, եւ այդ շարժումը նորութիւն չէ, սակայն անցեալ շրջանին բոլորս ստիպուած էինք անդրադառնալ հարաւի եւ կացութեան հանդարտեցման հարցին»:
Մուսա «Էլ.Պի.Սի.»-ին յայտնեց. «Մենք սկիզբէն պիտի չսկսինք, այլ պիտի աշխատինք նախապէս գոյացած ձեռքբերումին վրայ եւ անոր վրայ աւելցնենք այն, ինչ որ ապագային կարելի է ձեռք բերել»:
«Իբրեւ հնգեակ մեր աշխատանքային կարգը Կազայի թղթածրարն ու անոր հետեւանքները Լիբանանի նախագահի ընտրութեան թղթածրարէն անջատելն է», ըսաւ Եգիպտոսի դեսպանը` աւելցնելով. «Պէտք է երկրորդին վրայ առաջինին ազդեցութիւնները նուազեցնենք, որովհետեւ Լիբանանը անկարող պիտի ըլլայ մարտահրաւէրները դիմակայել առանց նախագահ ընտրելու եւ հաստատութիւններու աշխատանքները կանոնաւորելու»:
«Անցեալ երկու ամիսներուն ընթացքին աշխատեցանք հարաւի մէջ լարուածութեան մեղմացման վրայ, եւ կը կարծեմ, որ այժմ հանդարտութեան ժամանակի մէջ ենք, սակայն ճակատումի կանոնները նախապէս փաստեցին, որ կրնայ գործուիլ սխալ մը, որ կրնայ կացութեան վատթարացման յանգեցնել», աւելցուց եգիպտացի դիւանագէտը:
Ան յիշեցուց, որ կողմերը «պատերազմի ընդլայնման չեն ձգտիր, սակայն այդ հարցը երաշխաւորուած չէ»:
«Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահի հետ հանդիպումը կարեւոր էր, եւ անոր խօսքի ընթացքին անոր մօտ նշմարեցի ճկունութիւն մը, որուն վրայ կարելի է հիմնուիլ: Իսկ վարչապետի պաշտօնակատար Նեժիպ Միքաթիի հետ հանդիպումը, ապա զինք Կազայի մէջ բանակցութիւններու ընթացքէն տեղեակ պահել էր, եւ քննարկեցինք նախագահական թղթածրարն ու իբրեւ հնգեակ մեր աշխատանքը», ըսաւ Մուսա:
Եգիպտոսի դեսպանը նաեւ շեշտեց. «Լիբանանի մէջ նախագահի ընտրութիւնը կարելի է միայն երկխօսութեան կամ խորհրդակցութեան ճամբով»:


