Ժողովրդավարական հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ուաէլ Ապու Ֆաուր «Էլ.Պի.Սի.» պատկերասփիւռի կայանին հետ զրոյցի ընթացքին դատապարտեց «քաղաքական անձնասիրութիւնը, որ գոյութիւն ունի լիբանանեան քաղաքական ուժերուն մօտ, որոնցմէ ոմանք նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ յամառութեան, նախապայմաններու եւ հականախապայմաններու վրայ կը պնդեն»:
«Կազայի մէջ խաղաղութեան ու պատերազմի որոշումը մեր ձեռքը չէ, սակայն ներքին լարուածութիւններուն մեղմացումը մեր ձեռքն է», ըսաւ Ապու Ֆաուր` նախագահի ընտրութեան թղթածրարին մէջ արտաքին դրական եւ աշխուժ մթնոլորտին նկատմամբ իր յոյսն ու լաւատեսութիւնը յայտնելով:
«Սէուտցի խորհրդական Նիզար Ալուլայի եւ ֆրանսացի պատուիրակ Ժան Իվ Լը Տրիանի միջեւ Ռիատի մէջ հանդիպումը դրական էր եւ կարելի է ատոր վրայ հիմնուիլ», նշեց ան` շեշտելով. «Գոյութիւն ունի ուղիի մը սկիզբի ուրուագծումը, որ կրնայ ուրախ աւարտի առաջնորդել»:
Ապու Ֆաուր նախատեսեց, որ Լը Տրիան յառաջիկայ երկու շաբթուան ընթացքին այցելէ Լիբանան` իրեն հետ բերելով «աշխատանքային յաւելեալ օրակարգեր»:
«Այլեւս բոլորը համոզուած են, որ պէտք է քննարկման սկսիլ», ըսաւ երեսփոխանը` նախատեսելով անուններու եւ համաձայնական ընտրանքի քննարկման սկիզբը:
«Քաղաքական կողմերուն մեծամասնութիւնը, եւ մենք անոնցմէ մէկը չենք, չ՛ուզեր Հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան նիստի մասնակցիլ, նախքան վստահ ըլլալը, թէ ո՛վ նախագահ պիտի ըլլայ», յայտնեց ան:
Անդրադառնալով Լիբանանի հարցով միջազգային հնգեակին Իրանը միացնելով զայն վեցեակի վերածելու կոչերուն` Ապու Ֆաուր ըսաւ. «Իրան հիմնական կողմ է եւ շրջանային բազմաթիւ բանալիներ ունի: Հնգեակին Իրանի հետ խորհրդակցութիւնը պահանջուած խնդիր է, եւ Իրան պէտք է ուղղակի կամ անուղղակի կերպով մաս կազմէ քննարկումին, սակայն չեմ կարծեր, որ այսօր Իրանի եւ հնգեակին միջեւ հանդիպումի առաջարկ գոյութիւն ունի»:
«Սէուտական Արաբիան հետաքրքրուած է Լիբանանով: Վերջին շրջանին լիբանանեան քաղաքական բարձր նշաձողերը թագաւորութեան եւ հնգեակին չէին օգներ», ըսաւ Ժողովրդավարական Հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամը:
Ապու Ֆաուր նաեւ յայտարարեց, որ «Սէուտական Արաբիան պատրաստ է Լիբանանի հետ իր նախկին յարաբերութիւններուն վերադառնալու»` նշելով, որ բարեկարգումն ու Լիբանանի մէջ բարեկամական, ելեւմտական կամ քաղաքական փտածութեան մեղսակից չեղող իշխանութեան գոյացումը հիմնական հարց է: Ուստի նախագահի ընտրութեան եւ արաբներուն նախագահը ընդունիլը բարոյական իմաստով հիմնական հարց է»:
Միւս կողմէ, ան նշեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան միջեւ տարբեր թղթածրարներու շուրջ տարակարծութիւն գոյութիւն ունի, ինչ որ շատ բնական է` հերքելով, որ երկու կուսակցութիւններուն միջեւ յարաբերութիւններու խզում գոյութիւն ունի:
«Իբրեւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութիւն մեր համոզումն է, որ կը ճշդէ, թէ ո՛ւր պէտք է ըլլանք, եւ ոչ թէ որեւէ այլ կողմի դիրքորոշումը», ըսաւ Պու Ֆաուր:


