Ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատար մը զգուշացուց Լիբանանի մէջ Իսրայէլի եւ Հըզպալլայի միջեւ լայնածաւալ պատերազմէ մը` նշելով, որ այդպիսի մագլցում մը կրնայ «աղէտալի եւ անսպասելի հետեւանքներ» ունենալ:
Իսրայէլեան «Մաարիւ» օրաթերթը կը հաղորդէ, որ ամերիկացի պաշտօնատարը Ուաշինկթընի մէջ «Էմ.Ի.Էյ.Տի.» խորհրդաժողովի ընթացքին յայտնած է. «Իսրայէլեան բանակի կարողութիւններուն շուրջ կասկած չկայ, սակայն պէտք է մտածենք այն իրողութեան մասին, թէ երկու կողմերուն համար ալ ծանր հետեւանքներ պիտի ըլլան»:
Անոր համաձայն, Իսրայէլի մէջ հիւսիսի բնակիչները իրենց տուները վերադարձնելու համար Հըզպալլայի դէմ պատերազմ մղել ուզող պաշտօնատարները պէտք է նկատի ունենան, թէ այդպիսի բեմագրութեան մէջ շարք մը իսրայէլացիներ կրնան սպաննուիլ, եւ շատ ուրիշներու համար պատսպարուելիք տուն պիտի չմնայ:
«Կայ այն գաղափարը, թէ պատերազմի կը դիմենք, ետքը կ՛ոչնչացնենք Հըզպալլայի բոլոր հրթիռները, եւ ամէն ինչ լաւ կ՛ըլլայ: Խնդիրը այդքան պարզ չէ: Կախարդական լուծում չկայ: Կարելի չէ միւս կողմը ջախջախել, եւ Իսրայէլ կրնայ պատերազմի աւարտին սուղ գին վճարել եւ իր նպատակները չիրագործել», նշած է ամերիկացի բարձրաստիճան պաշտօնատարը: