Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Գրիգորեան. «Ոչ Մէկ Ուժ Կրնայ Իրանի Եւ Հայաստանի Տարածքային Կապը Խզել»

Սեպտեմբեր 10, 2024
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Հայաստանի մէջ Իրանի դեսպան Մեհտի Սոպհանի Հայաստանի Հանրապետութեան Անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղար Արմէն Գրիգորեանի հետ հանդիպումի ընթացքին ընդգծած է Թեհրանի դիրքորոշումը` միջազգային սահմաններու անփոփոխելիութեան, որեւէ աշխարհաքաղաքական փոփոխութեան դէմ ըլլալու եւ դրացիներու տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու վերաբերեալ: Այս մասին կը հաղորդէ Հայաստանի Հանրապետութեան մէջ Իրանի դեսպանատունը:

Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը շնորհակալութիւն յայտնած է Հայաստանի տարածքային ամբողջականութեան աջակցելու եւ միջազգային սահմաններու անփոփոխելիութեան մասին Իրանի դիրքորոշման նկատմամբ եւ ընդգծած, որ Հայաստանի եւ Իրանի սահմանը խաղաղութեան, բարեկամութեան ու խաղաղ համակեցութեան սահման է:

«Հայաստանը յատուկ կարեւորութիւն կու տայ Իրանի հետ յարաբերութիւններուն, եւ որեւէ ուժ չի կրնար խզել Իրանի եւ Հայաստանի տարածքային կապը», ըստ հաղորդագրութեան ըսած է Գրիգորեան:

Ընդգծելով, որ Հայաստանի տարածքին մէջ որեւէ ապաշրջափակում պիտի ըլլայ Հայաստանի ներքին հիմնարկներու վերահսկողութեան եւ երկրի ազգային ու տարածքային գերիշխանութեան տակ, Հայաստանի անվտանգութեան խորհուրդի քարտուղարը ըսած է, որ Հայաստանը դէմ է միջանցքի տրամաբանութեամբ որեւէ ապաշրջափակման:

 

 

Նախորդը

Թոքայեւ. «Ղազախստանը Պատրաստ Է Հետագային Եւս Հարթակ Տրամադրելու Հայաստանին Եւ Ազրպէյճանին»

Յաջորդը

Քենաանի. «Իրանը Կ՛աջակցի Երեւանի Եւ Պաքուի Միջեւ Խաղաղութեան Օրակարգի Յառաջխաղացման, Սակայն Դէմ Է Միջազգային Սահմաններու Փոփոխութեան»

RelatedPosts

«Ռուսիան Նպատակ Ունի Հայաստանի Հետ Կապերը Զարգացնել Եւ Տնտեսական Խնդիրները Լուծել, Ասոնք Միայն Գեղեցիկ Խօսքեր Չեն»   Կ՛ըսէ Օվերչուք
Հայկական

Խօսելով Ռուսիայէն Հայաստան Ցորեն Ուղարկելու Մասին` Օվերչուք. «Այս Իրադարձութիւնը Իրական, Շօշափելի Ներդրում Է Հարաւային Կովկասի Մէջ Խաղաղութեան Հաստատման Գործին Մէջ»

Նոյեմբեր 7, 2025
Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղեւորուած Է  Ղազախական Հացահատիկ Տեղափոխող Գնացքը
Հայկական

Ազրպէյճանէն Հայաստան Ուղեւորուած Է Ղազախական Հացահատիկ Տեղափոխող Գնացքը

Նոյեմբեր 7, 2025
«Թուրքիան Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի  Եւ Հայաստանի Խաղաղութեան  Հաստատման Միտուած Քայլերը»  Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը
Հայկական

«Թուրքիան Կ՛ողջունէ Ազրպէյճանի Եւ Հայաստանի Խաղաղութեան Հաստատման Միտուած Քայլերը» Կ՛ըսէ Թուրքիոյ Պաշտպանութեան Նախարարը

Նոյեմբեր 7, 2025
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Welcome Back!

Login to your account below

Forgotten Password?

Retrieve your password

Please enter your username or email address to reset your password.

Log In
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

Are you sure want to unlock this post?
Unlock left : 0
Are you sure want to cancel subscription?