Սպանիոյ ազգային խումբին հետ աշխարհի եւ Եւրոպայի ախոյեան Խուման Մաթա միացաւ Աւստրալիոյ Ուեսթըրն Սիտնի խումբին:
36 տարեկան Խուան Մաթա 1 տարեշրջանի համար միացած է իր նոր խումբին: Ան ազատ մարզիկ էր անցեալ փետրուարէն, երբ իր պայմանագրութիւնը աւարտեցաւ Ճափոնի Վիսել Քոպէ խումբին հետ, ուր 6 ամիս ելոյթ ունեցած էր:
Նախապէս Մանչեսթըր Եունայթըտի եւ Չելսիի մարզիկ սպանացի միջնապահը սկսած էր Վալենսիայի հետ:
Ան 2011-2012 տարեշրջանին Չելսիի հետ շահած է «Չեմփիընզ լիկ»: